ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԸ ՊԱՀ­ՊԱ­ՆՈՂ ՍԵ­ՐՈՒՆԴ­ՆԵ­ՐՈՒ ՊԱՏ­ՐԱՍ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱ­ՆԱ­ՏՈՒ ԵՆՔ ԱԶ­ԳՈ­ՎԻՆ

0 0
Read Time:12 Minute, 28 Second

 Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

Ու­նիմ յար­գե­լի եւ սրտցաւ ըն­կեր-բա­րե­կամ մը, որ շա­տե­րուս պէս մտա­հոգ է նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն մօտ մայ­րենի­ին նա­հան­ջով, հա­յե­րէ­նով խօ­սակ­ցու­թեան, ըն­թեր­ցու­մի ու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան այլ մի­ջոց­նե­րու մա­շու­մով. մէկ խօս­քով, բաժ­նե­կից է այն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն, որոնց մա­սին կը խօ­սինք ամէն օր, ահա­զանգ կը հնչեց­նենք Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ ար­տերկ­րի մօ­տա­կայ թէ հե­ռա­ւոր ափե­րը, դար­մա­նու­մի մի­ջոց­ներ կը փնտռենք ու կը փոր­ձենք գտնել… եր­բեմն առանց հա­ւա­տա­լու մեր ըսած­նե­րուն, այլ կը նա­խընտ­րենք մենք մեզ հա­մո­զել, թէ առա­ջադր­ուա­ծը ի սկզբա­նէ կորս­ուած դատ մըն է, ան­կա­րե­լի թի­ա­վա­րու­թեան մը կը մատ­նենք մենք մեզ ու չկայ որե­ւէ մի­ջոց, որ կա­րե­նար ան­դառ­նա­լի գա­հա­վէ­ժէ փրկել մեր ժո­ղո­վուր­դը, ար­գե­լա­կէ ձու­լումն ու ինք­նալ­քու­մը:

Երէց ըն­կեր-բա­րե­կամս, որ մեծ վաս­տակ ու­նի մեր ազ­գա­յին-դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան կեան­քին մէջ, վեր­ջին ամիս­նե­րուն, յա­ճախ (ամէն ան­գամ որ հան­դի­պինք) օձիքս կը բռնէ եւ հարց կու տայ. Այդ առա­ջարկդ ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր հա­սաւՈ՞վ մտիկ ըրաւ եւ ի՞նչ գործ­նա­կան քայլ կ՛առն­ուի իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մարԱր­դէն երեք տարի­էդ կէս տա­րիդ գնաց…“:

Մատ­նան­շած “առա­ջարկ“ս հրա­պա­րակ եկած էր մեր մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած յօդ­ուա­ծով մը, 2012ի տա­րես­կիզ­բին: Առա­ջար­կած էի 2012էն 2015 եռամ­եա­կը յայ­տա­րա­րել-որ­դեգ­րել իբ­րեւ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԻ ՎԵ­ՐԱ­ԿԱՆԳ­ՆՈՒ­ՄԻ ԵՌԱՄ­ԵԱԿ: Կոչ ուղ­ղած էի մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր հո­սանք­նե­րուն եւ շրջա­նակ­նե­րուն, սկսե­լով հայ ըն­տա­նի­քէն, անց­նե­լով դպրոց-եկե­ղե­ցի (յա­րան­ուա­նու­թիւն­ներ)-կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ-միու­թիւն­ներ օղակ­նե­րէն, մին­չեւ հայ­րե­նի ու գա­ղու­թա­յին բազ­մա­պի­սի մի­ա­ւոր­ներն ու հե­ղի­նա­կա­ւոր շրջա­նակ­նե­րը, որ­պէս­զի նման առա­ջադ­րան­քով գործ­նա­կան քայ­լե­րու ձեռ­նար­կենք մեր ժո­ղո­վուր­դին մէջ, ի խնդիր երէց թէ կրտսեր սե­րունդ­նե­րուն մօտ Մայ­րենի­ին վե­րա­հաս­տատ­ման, վե­րա­որ­դեգր­ման:

Աւե­լորդ է այս­տեղ ան­գամ մը եւս ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դառ­նալ այն հիմ­նա­ւո­րում­նե­րուն եւ մտա­հո­գու­թեանց, որոնք տուն տուած էին նման առա­ջար­կի մը բա­նա­ձեւ­ման, ի մտի ու­նե­նա­լով, որ կը գտնուին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կի նա­խօր­եա­կին: Մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը միայն ին­ծի չեն պատ­կա­նիր, այլ` Հա­յե­րէ­նին եռամ­եակ մը նուի­րե­լու գա­ղա­փա­րը դէ­պի գործ­նա­կան ու­ղի ըն­թա­նա­լու մտա­ծում մըն էր միայն, որ­մէ չեմ հրա­ժա­րած, կը հա­ւա­տամ նման քայ­լե­րու գործ­նա­կա­նու­թեան: Կ՛ու­զեմ տա­րես­կիզ­բին ար­ձա­նագ­րած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէս մէկ քա­նին ար­ձա­նագ­րել այս­տեղ, յի­շեց­ման կար­գով, եւ ան­գամ մը եւս լու­սար­ձա­կի տակ բե­րել բո­լո­րիս ուղղ­ուած ան­խու­սա­փե­լի մար­տահ­րա­ւէ­րը:

Նշած էի, թէ ջար­դե­րու, սպանդ­նե­րու եւ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին մեր տուած մարդ­կա­յին զո­հե­րուն-կո­րուստ­նե­րուն թիւը մօ­տա­ւո­րա­պէս գի­տենք, սա­կայն չենք կրնար հաշիւը պա­հել գէթ վեր­ջին մէկ-եր­կու դա­րե­րու ըն­թաց­քին Սպի­տակ Ջարդին մեր տուած կո­րուստ­նե­րուն, որ վստա­հա­բար աւե­լի մեծ է, քան միւ­սը` գիտց­ուա­ծը: Ար­ձա­գանգ եղած էի այն մտա­հո­գու­թեանց ու մտա­վա­խու­թեանց, թէ հա­յու­թեան մա­շու­մը հա­մա­զօր է հայ­րե­նի­քի տկա­րաց­ման, մեր ար­դար Դա­տի հի­մունք­նե­րուն սա­սա­նու­մին եւ, մէկ խօս­քով, մեր դա­ւա­նած ու հա­ւա­տա­ցած սկզբունք­նե­րուն ներ­հակ ըն­թաց­քին թափ ստա­նա­լուն (պա­տաս­խա­նա­տուն մենք ենք, եւ ոչ թէ թուր­քը կամ ոե­ւէ օտա­րա­կան): Նշած էի, թէ հայ զանգ­ուած­նե­րուն մօտ հա­յե­րէ­նի դալ­կա­ցումն ու անոնց առօր­եա­յէն մեր սե­փա­կան լեզ­ուին դուրս մղու­մը հա­մա­զօր է ինք­նալ­քու­մի, մինչ­դեռ, այդ­քան ալ դժուար չէ միւ­սը` մայ­րենի­ին իւ­րա­ցու­մը նո­րա­հաս­նե­րուն կող­մէ, հա­յե­րէ­նին վե­րա­հաս­տա­տու­մը` երէց սե­րունդնե­րու առօր­եա­յին մէջ, եւ իբ­րեւ փաստ նշած էի, որ ոե­ւէ ան­հատ կրնայ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ օտար լեզ­ուի մը տի­րա­նալ` խօ­սե­լու-կար­դա­լու-հա­ղոր­դակ­ցե­լու բա­ւա­րար եղող չա­փով, ալ ի՜նչ խօսք, որ մարդս չկա­րե­նայ նոյ­նը ընել սե­փա­կան լեզ­ուին տի­րա­նա­լու հա­մար (մեր խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր լեզ­ուա­գէտ-մաս­նա­գէտ դառ­նա­լուն, այլ սե­փա­կան լե­զուով հա­ղոր­դակ­ցե­լուն, հա­յե­րէն կար­դա­լուն եւ ըն­դու­նելիի սահ­ման­նե­րու մէջ գրե­լուն, խօ­սակ­ցե­լուն):

Պէտք է դի­մագ­րա­ւենք, եւ մի­աս­նա­բար, սա հիմ­նա­կան հար­ցում­նե­րը.- Կը հա­ւա­տա՞նք մեր Դա­տին ար­դա­րու­թեան, կը հա­ւա­տա՞նք թէ հա­յու­թեան գո­յա­տե­ւումն ու բնա­կան աճը մեզ­մէ զատ պա­տաս­խա­նա­տու-կրող չու­նի, կը հա­ւա­տա՞նք թէ հա­յու­թիւնը պի­տի գո­յա­տե­ւէ ի Հա­յաս­տան եւ ար­տերկ­րի տար­բեր գա­ղութ­նե­րուն մէջ, ապա­հո­վե­լով թիւի բնա­կան աճ: Եթէ կը հա­ւա­տանք այս եւ նմա­նօ­րի­նակ սկզբունք­նե­րու, ու­րեմն պէտք է վերց­նենք ձեռ­նո­ցը եւ սե­փա­կան հնա­րամ­տու­թեամբ գործ­նա­կան լու­ծում­ներ որ­դեգ­րենք այս տագ­նա­պը լու­ծե­լու: Եթէ հար­ցին էու­թիւնը որ­դեգ­րենք, հա­մո­զու­մի վե­րա­ծենք, մի­ջոց­նե­րը աւե­լի դիւ­րու­թեամբ կը գտնուին:

Բո­լորս ալ գի­տենք, իմա­ցած ենք, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ սփիւռք­եան կեդ­րոն­նե­րու` այս մար­տահ­րա­ւէ­րը շարժ­ման մէջ դրած է գի­տա­ժո­ղով­ներ ու հա­մա­գու­մար­ներ. ու­րիշ­ներ ալ պի­տի կազ­մա­կերպ­ուին վստա­հա­բար: Այս բո­լո­րը պէտք է հասց­նել գործ­նա­կան մեկ­նա­կէ­տի մը, ՇԱՐ­ԺՈՒ­ՄԻ մը, որուն շար­ժա­կին վա­ռե­լա­նիւթ պէտք է հասց­նել վե­րո­յիշ­եալ բո­լոր մաս­նա­կից-աղեր­սա­կից­նե­րէն, դրա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով երէ­ցին ու կրտսե­րին մի­ջեւ: Երէ­ցը, որ առա­ւել կամ նուազ չա­փով հա­ղորդ է ու գի­տա­կից` մեր դա­րա­ւոր ժա­ռան­գու­թեանց ար­ժէ­քին, պարտա­ւոր է, իբ­րեւ հայր ու մայր, իբ­րեւ երէց ծնողք եւ դաստ­ի­ա­րակ-ու­սու­ցիչ, իբ­րեւ մի­ա­ւոր­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու-վա­րիչ, կրտսե­րին փո­խան­ցել սա հիմ­նա­կան պատ­գա­մը. նո­րա­հա­սը պէտք է հասկ­նայ ու իր էու­թեան մէջ ար­մա­տա­ւո­րէ, թէ ինքն է մեր ժողո­վուր­դին ապա­գա­յին երաշ­խի­քը, առանց իր հայ մնա­լուն, վա­ղը հա­յու­թիւնը աս­տի­ճան մը աւե­լի դալ­կա­ցած ու թա­րա­մած պի­տի ըլ­լայ. ինք` պա­տա­նին ու նո­րա­հաս երի­տա­սար­դը ազ­գի գո­յա­տեւ­ման ու մնաց­եալ առա­ջադ­րանք­նե­րուն իրա­կա­նաց­ման մէջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան բա­ժին ու­նին, ինչ­պէս որ իր հայ­րը, մայրն ու մեծ մայ­րը կրած են պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան իրե՛նց բա­ժին­նե­րը: Նման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կրե­լու հա­մար, կա­րե­լի չէ ան­ջատ­ուիլ Հայ Գի­րէն, Հայ Մշա­կոյ­թէն ու դա­րե­րու ըն­թաց­քին գո­յա­ռած գան­ձե­րէն, նախ` որով­հե­տեւ նոր սե­րունդն է անոր մի­ակ ժա­ռան­գոր­դը, ինք պի­տի ըլ­լայ նա­եւ զայն աւե­լի եւս հարս­տաց­նո­ղը: Այս իրա­գոր­ծու­մին հա­մար, չկայ եր­կու ճամ­բայ կամ բա­նա­լի. մի­ակ բա­նա­լին` մայ­րենի­ին իւ­րա­ցումն է գի­րով, խօս­քով ու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան այլ մի­ջոց­նե­րով:

Կրկնենք. բազ­մե­րես են մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, սա­կաւ` իրա­գործ­ման մի­ջոց­ներն ու ընտ­րանք­նե­րը: Մէկ բան յստակ է, այս­ուա­մե­նայ­նիւ. կիս­կա­տար մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը երաշ­խիք չեն յա­ջո­ղու­թեան, ար­դիւ­նա­ւոր­ման: Նոյն­քան կա­րե­ւոր է ՄԻ­ՋՈ­ՑԸ չշփո­թել ՆՊԱ­ՏԱ­Կին հետ, երբ յատ­կա­պէս կը սկսինք մտա­ծել ու դի­մել ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան ըն­ձե­ռած մի­ջոց­նե­րուն օգ­տա­գործ­ման մա­սին:

Եզ­րա­փա­կե­լու հա­մար, ար­ձա­նագ­րեմ նո­րա­գոյն փոր­ձա­ռու­թիւն մը, որուն ակա­նա­տես ու ական­ջա­լուր եղայ վեր­ջերս, եւ կը հա­ւա­տամ, որ այս դրուա­գը պեր­ճա­խօս պա­տաս­խան է շատ մը առար­կու­թիւն­նե­րու եւ հա­կա­ճա­ռու­թիւն­նե­րու, մա­նա­ւանդ ան­գամ մը եւս փաս­տե­լու այն ճշմար­տու­թիւնը (ճշմար­տու­թիւն­նե­րը եր­բեմն վերս­տին փաս­տե­լու կը կա­րօ­տին նման հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին), թէ ՀԱՅ ԸՆ­ՏԱ­ՆԻՔՆ է հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման, իւ­րաց­ման եւ նո­րա­հաս­նե­րուն մէջ ար­մա­տա­ւոր­ման գլխա­ւոր մի­ջա­վայ­րը: Դպրոցն ու շրջա­պա­տը կը բարձ­րա­նան ըն­տա­նիք-հիմ­նա­քա­րին վրայ:

Այ­ցե­լու­թեան գա­ցեր էի բա­րե­կա­մի մը (չեմ ու­զեր անու­նը յի­շա­տա­կել, յար­գե­լով տար­րա­կան իրա­ւունք­ներ ու ըն­տա­նի­քին հա­մես­տու­թիւնը, իսկ եթէ բա­ցա­յայ­տում ըլ­լայ, վստահ եմ բա­րե­կամս նե­րող կ՛ըլ­լայ): Քիչ ետք, ժա­մա­նե­ցին բա­րե­կա­միս երի­տա­սարդ զա­ւա­կը, տի­կինն ու անոնց զա­ւակ­նե­րը` բա­րե­կա­միս թոռ­նե­րը: Հար­սը ոչ-հայ մըն է, իսկ զա­ւակ­նե­րուն տա­րի­քը` տաս­նէն պա­կաս: Բո­լորն ալ կը խօ­սին ան­խառն հա­յե­րէն, առանց որե­ւէ հնչու­մի աղար­տու­մի: Որով­հե­տեւ` ըն­տա­նի­քին հայ­րը, իր ծնող­նե­րէն` բա­րե­կա­մէս ժա­ռան­գե­լով, ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ հաս­տա­տած է լեզ­ուի կար­գա­պա­հու­թիւն` տի­սիփ­լին, յայ­տա­րա­րե­լով, որ իր յար­կին տակ, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջո­ցը` լե­զուն, հա­յե­րէնն է: Այս կար­գա­պա­հու­թիւնը հաս­տատ­ուած է առանց հար­կադ­րան­քի, պատ­ժա­կան տնօ­րի­նում­նե­րու կամ աւե­լորդ վար­ձատ­րու­թիւն­նե­րու, այլ բնա­կան ըն­թաց­քով, պար­զա­պէս մա­նուկ­նե­րուն մօտ սե­փա­կա­նին գի­տակ­ցու­թեան սեր­մա­նու­մով, տա­րի­քին հետ այդ գի­տակ­ցու­թեան աճին հո­գա­ցու­մով: Աւե­լորդ է ըսել, որ բո­լորն ալ նոյն­քան սա­հուն անգ­լե­րէն կը խօ­սին, անգ­լե­րէ­նով կը հա­ղոր­դակ­ցին:

Ի դէպ, այս ըն­տա­նի­քը ո՛չ իւ­րա­յա­տուկ է, ոչ ալ զար­տու­ղի երե­ւոյթ: Վստահ եմ ըն­թեր­ցողս ալ ծա­նօթ է նմա­նօ­րի­նակ բազ­մա­թիւ պա­րա­գա­նե­րու, շա­տեր կ՛ընեն նոյ­նը, բայց դժբախ­տա­բար, այդ “շա­տեր“ը կը մնան փոք­րա­մաս­նու­թեան սիւ­նա­կին մէջ, կրա­ւո­րակ­նու­թիւնն ու պար­տուո­ղա­կա­նու­թիւնը տի­րա­պե­տող կը մնան մե­ծա­մաս­նու­թեան մօտ:

Ահա­ւա­սիկ այդ մե­ծա­մաս­նու­թիւնը ներգ­րա­ւե­լու հա­մար է որ հրա­մա­յա­կան է ՇԱՐ­ԺՈՒՄ մը, որ սկզբնա­պէս ընտ­րէ երեք տա­րի­նե­րու ժա­մա­նա­կա­մի­ջոց մը, անոր գլխա­ւոր մաս­նա­կից­նե­րը ըլ­լան մեր պա­տա­նի­ներն ու երի­տա­սարդ­նե­րը, իսկ այդ երեք տա­րի­նե­րէն ան­դին, անիւը կրնայ աւե­լի դիւ­րու­թեամբ թա­ւա­լիլ: Շար­ժու­մին սկզբնա­կէ­տը կրնայ ըլ­լալ փոքր շրջա­նակ մը, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պէտք է տա­րա­ծէ կար­կին, ներգ­րա­ւե­լով մա­նա­ւանդ այն ըն­տա­նիք­ներն ու սե­րունդ­նե­րը, որոնք այս կամ այն պատ­ճա­ռով հե­ռու ին­կած են հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րէ` դպրոց, եկե­ղե­ցի, միու­թիւն­ներ եւայլն:

Կազ­մա­ւո­րենք սե­րունդ մը, որուն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ վստա­հիլ այս վսեմ ու մի­ա­ժա­մա­նակ ան­խու­սա­փե­լի պար­տա­կա­նու­թիւնը: Պատ­րաս­տու­թեան հա­ւա­սա­րօ­րէն մաս­նա­կից ու պա­տաս­խա­նա­տու ենք երէց սե­րունդ­նե­րու բո­լոր ներ­կա­յա­ցիու­ցիչ­ներս, ան­դամ­ներս:

Յու­լիս  8, 2012

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles