ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ­ԵԱՅՑ ԱՌԱ­ՔԵ­ԼԱ­ԿԱՆ ԵԿԵ­ՂԵ­ՑԻՆ ԵՒ ՀԱ­ՄԱՅՆՔ­ՆԵ­ՐԸ ԲԵՄ ԵՆ ՓՍԻ­ՔՈՏ­ՌԱՄ­ՆԵ­ՐՈՒ

0 0
Read Time:34 Minute, 53 Second

OLYMPUS DIGITAL CAMERA     Յ. ՊԱԼԵԱՆ 

 

   Ծ.Խ.-   Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն Ֆրան­սա­հայ գա­ղու­թը ցնցուած է, Հայց. Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեցտյ Առաջ­նորդ  Նոր­վան Արք. Զա­քար­եա­նի հրա­ժար­ման պատ­ճա­ռովԱռաջ­նորդ Սրբա­զա­նին հրա­ժար­ման հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը Ամե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի խիստ ու կարծր յա­րա­բե­րու­թեանց ու կա­ռա­վար­ման ոճն ու եղա­նակն են Ֆրան­սա­հա­յոց Թե­մին հետ: Ան­տե­ղի ու մե­նա­տի­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­ներ, ան­յա­րիր` Ֆրան­սա­հա­յոց Թե­մի կա­նո­նագ­րու­թեան տա­ռին ու ոգի­ին, ինչ­պէս նա­եւ` Նոր­վան Արք. Զա­քար­եա­նի տի­պար վար­քագ­ծին:

Նոր­վան Արք. Զա­քար­եան 45 տար­ուան անա­ռար­կե­լի վաս­տակ ու­նի ֆրան­սա­հայ կեան­քէն ներս ու կը վա­յե­լէ անխ­տիր բո­լո­րին յար­գան­քը: Այս առ­թիւ լոյս կ՛ըն­ծա­յենք, սոյն յօդ­ուա­ծը իր ամ­բող­ջա­կան բա­ցատ­րու­թիւ­նով:

 

ՔԱ­ՆԻ ՄԸ ՀԱՍ­ՏԱ­ՏՈՒՄ­ՆԵՐ`

ԱՇԱ­ԿԵՐ­ՏԵ­ԼՈՎ ՍՈԿ­ՐԱ­ՏԻ

Մտա­ծում­ներս, օրին, խմբած էի հա­տո­րի մը մէջ` “ԵԿԵ­ՂԵ­ՑԻՆ, ՀՕ­ՏԸ ԵՒ ՀՈ­ԳԵ­ՒՈ­ՐԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆԸ“ խո­րագ­րով: Նոր տագ­նապ­ներ կը մղեն զիս կրկին ար­տա­յայտ­ուե­լու: Միշտ հա­ւա­տա­ցած եմ Հա­յաս­տան­եայց Եկե­ղեցիի պատ­մա­կան եւ ազ­գա­շէն առա­քե­լու­թեան, երէկ, նա­եւ` այ­սօր: Այդ առա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցած է եւ կը հա­ւա­տայ ժո­ղո­վուր­դը, որ ԷԿ­ԼԵԶ­Ի­Ան է, ան է ԵԿԵ­ՂԵ­ՑԻՆ, բա­ռին ստու­գա­բա­նա­կան իմաս­տով:

Մեր ժո­ղո­վուր­դի պա­րա­գա­յին, եկե­ղե­ցին ըն­դե­լուզ­ուած է մեր կեան­քին: Աշ­խար­հի մէջ խօս­ուած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ճա­ռե­րէն շատ առաջ, հայ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րը տէր եղած են իրենց եկե­ղեցի­ին, կա­ռու­ցած են զա­նոնք, բայց մաս­նակ­ցած են երբ հիմ­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ կանգ­նած է ան: Այլ խօս­քով, ԷԿ­ԼԵԶ­Ի­Ան, ժո­ղո­վուր­դը, աշ­խար­հա­կան­ներ ներ­կայ եղած են հա­ւատ­քի եւ հա­ւա­տամ­քի ընտ­րանք­նե­րու որոշ­ման կա­յաց­ման: Պատ­մու­թիւնը լաւ ու­սու­ցիչ է: Յա­ճախ կը մոռ­նանք, որ Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղե­ցին ԿՂԵ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԱ­ԿԱՆ չէ: Այս յի­շե­ցու­մը եւ ըմբռ­նու­մը կա­րե­ւոր է, ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հո­լո­վոյ­թին եւ ազա­տու­թիւն­նե­րու տի­ե­զե­րա­կան զար­գաց­ման ըն­թաց­քին մէջ: Եկե­ղե­ցա­կան­նե­րը, քա­հա­նա­յէն մին­չեւ կա­թո­ղի­կոս, պաշ­տօ­նի կը կոչ­ուին ժո­ղով­նե­րու կող­մէ, ուր աշ­խար­հա­կան­նե­րը մե­ծա­մաս­նու­թիւն կը կազ­մեն, կը նշա­նա­կէ որ անոնք իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թեան հա­մար հաշ­ուե­տու են ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ընտր­ուած պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու առ­ջեւ: Այ­սինքն, եկե­ղե­ցա­կա­նը տէ­րը չէ եկե­ղեցի­ին, ու­նե­նա­լով հան­դերձ ՀՈ­ԳԵ­ՒՈՐ ԱՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴՈՒ­ԹԻՒՆԸ: Այլ խօս­քով, եկե­ղեցիի աշ­խար­հիկ մար­զը կը ղե­կա­վար­ուի (կամ պէտք է ղե­կա­վար­ուի) աշ­խար­հա­կան­նե­րով, որոնք կը կազ­մեն ԵԿԵ­ՂԵ­ՑԻՆ, եւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը կը սպա­սար­կեն: Այս ձե­ւով կը կազմ­ուի հայ առա­քե­լա­կան եկե­ղեցիի հա­մայն­քը:

(Կա­թո­ղի­կէ եկե­ղե­ցին կղե­րա­պե­տա­կան է, այ­սինքն կղերն է տէ­րը հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ մար­զե­րուն մի­ա­ժա­մա­նակ:) Դժբախ­տա­բար, դա­րե­րու ըն­թաց­քին, նոյն այդ մեր ԷԿ­ԼԵԶ­Ի­Ան են­թարկ­ուած է ցնցում­նե­րու: Ան յա­ճախ զի­ջած է կրօ­նա­կան­նե­րու եւ աշ­խար­հա­կան ջո­ջե­րու փա­ռա­սի­րու­թեան առ­ջեւ, վե­րած­ուած է “ընտ­րա­նի“ի շրջա­նա­կի: Ամե­նէն յատ­կան­շա­կան օրի­նա­կը հե­տեւ­եալն է. Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին հա­մար հա­մայն­քը, օրի­նակ Ֆրան­սա­յի հա­մայն­քը, 25.000 հոգիի դի­մաց կ՛ընտ­րէ մէկ պատ­գա­մա­ւոր: Ոչ մէկ տեղ այդ 25.000-ը չէ հրա­ւիր­ուած ընտ­րե­լու զինք ներ­կա­յաց­նող պատ­գա­մա­ւո­րը: Ոչ ոք իրա­պէս ցան­կա­ցած է այս ան­հե­թեթ կա­ցու­թիւնը սրբագ­րել:

Ան­շուշտ պա­տաս­խա­նա­տու է նոյն այդ ԷԿ­ԼԵԶ­Ի­Ան, ժո­ղո­վուր­դը, որ աս­տի­ճա­նա­բար հե­ռա­ցած է իր եկե­ղեցի­էն, բախ­տա­ւոր պա­րա­գա­յին ան­կէ ակն­կա­լե­լով ծի­սա­կան բա­ժի­նը. մկրտու­թիւն, ամուս­նու­թիւն եւ թա­ղում: Պէտք է խօ­սիլ նա­եւ քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին, անոնք քան­դիչ բնոյթ ու­նե­ցած են եւ ու­նին, օրի­նակ, երբ ղե­կա­վա­րու­թիւն խաղ­ցող ան­ձը ամ­բար­տա­ւա­նու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րէ, թէ “ի՞նչ գործ ու­նինք եկե­ղեցի­ին հետ“, ֆրան­սե­րէ­նով աւե­լի ար­հա­մար­հա­կան է խօս­քը (qu՛est-ce qu՛on a foutre de l՛eglise), կամ երբ եկե­ղե­ցին գոր­ծած­ուած է որ­պէս քա­ղա­քա­կան-քա­րոզ­չա­կան մի­ջոց, մի­ա­ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րե­լով “անաստ­ուա­ծու­թիւն“ եւ այդ ու­սու­ցա­նե­լով սո­վետ­նե­րու երկ­րին մէջ: Հա­մա­կարգ` որ­մէ եօ­թան­սուն տար­ուան տի­րա­պե­տու­թե­նէ ետք դուրս եկաւ Հա­յաս­տան:

Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք, երկ­րին եւ սփիւռք­նե­րու մէջ, նոր կա­ցու­թիւն ստեղծ­ուած է:

Յո­ռե­գոյն խու­լե­րը անոնք են որոնք չեն ու­զեր լսել:

Յի­շե­ցում մը:

1989ին, Հա­յաս­տան դեռ խորհր­դա­յին էր, Գե­րա­գոյն Խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հի հան­գա­ման­քով Փա­րիզ կը գտնուէր Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եան, որ խիստ նշա­նա­կա­լից եւ ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ըրաւ բե­մէն, ըսե­լով` որ վա­ղը սփիւռ­քի մէջ մենք կը նշա­նա­կենք մեր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ անոնց մի­ջո­ցով կը կա­ռա­վա­րենք սփիւռ­քը… Եթէ տար­րա­կան առար­կա­յա­կան վե­րա­բե­րու­մը ու­նինք ներ­կայ կա­ցու­թեան նկատ­մամբ, պի­տի նկա­տենք, որ ազ­գա­յին-հա­մայն­քա­յին-միու­թե­նա­կան-կու­սակ­ցա­կան-եկե­ղե­ցա­կան բո­լոր մար­զե­րուն մէջ, Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եա­նի ու­ղե­գի­ծը կը գոր­ծադր­ուի, մեր ան­տար­բե­րու­թեամբ եւ կամ մեղ­սակ­ցու­թեամբ: Գո­վա­սան­քի եւ շքան­շան­նե­րու ծա­րաւ ու­նե­ցող մե­ծեր ու պզտիկ­ներ քայլ կը պա­հեն, եւ սփիւռ­քը աս­տի­ճա­նա­բար փուլ կու գայ, կը դառ­նայ անինք­նու­թիւն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, որուն հա­մար սահ­ման­ուած գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը միայն նիւ­թա­կան մա­տա­կա­րա­րումն է, եւ այդ ընե­լու հա­մար մար­դիկ եւ միու­թիւն­ներ կը մրցին եւ ըստ այնմ… կ՛ար­ժե­ւոր­ուին: Ծա­նօթ է իրո­ղու­թիւնը:

Այլ խօս­քով, հայ­րե­նա­հան­ուած­նե­րու հայ­կա­կան բռնագ­րաւ­ուած հայ­րե­նի­քի իրա­ւա­տէր սփիւռ­քի հայ­կա­կան նկա­րագ­րով պահ­պա­նու­մը աս­տի­ճա­նա­բար կը դադ­րի մտա­հո­գու­թիւն ըլ­լա­լէ: Այդ պահ­պա­նու­մը կրնա՞յ կա­տար­ուիլ հայ­րե­նալք­ման հե­տե­ւան­քով ան­հար­կի կեր­պով աճող սփիւռ­քով:

Միշտ կը յի­շեմ, եւ կը յի­շեց­նեմ, որ Պղա­տոն Սոկ­րա­տի ըսել կու տար որ “հար­ցում­նե­րը աւե­լի կա­րե­ւոր են քան անոնց տրուած պա­տաս­խան­նե­րը“:

 

ԷՋՄ­Ի­ԱԾ­ՆԱ­ԿԱՆ ԹԵ­ՄԵ­ՐՈՒ ԵԿԵ­ՂԵ­ՑԻ­ՆԵ­ՐԸ

ԽԱՌ­ՆԱՓՆ­ԹՈՐ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԻ ԲԵՄ ԴԱՐ­ՁԱԾ ԵՆ

Սփիւռ­քը, մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խա­ցու­մը, հա­կա­ռակ իր ներ­քին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, յա­ճախ հրահրուած ոչ-ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու եւ մրցակ­ցու­թիւն­նե­րու հե­տապն­դու­մով, ինք­զինք կա­ռա­վա­րած եւ մա­տա­կա­րա­րած էր, նիւ­թա­պէս, մշա­կու­թա­պէս, հո­գե­պէս, քա­ղա­քա­կա­նա­պէս:

Պաղ պա­տե­րազ­մի աւար­տը մեր ժո­ղո­վուր­դը, անոր հա­մայնք­նե­րը, ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը եւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը չհաս­ցուց յա­ւել­եալ ող­ջա­խո­հու­թեան: Բա­նիւ եւ գոր­ծով կ՛ընենք այն­պէս, որ կար­ծէք ժա­մա­նա­կը կանգ առած է եւ պաղ պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նակ­ուի, ստեղծ­ուած աւա­տա­պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րը յա­մա­ռօ­րէն կը տե­ւեն, ին­չու չը­սել, յա­ճախ կռթնե­լով քսա­կի մե­ծու­թեան եւ ամէն ոք գոհ է, առա­ջին կար­գի աթոռ­նե­րուն հա­մար միշտ մրցում կայ, այդ­պէս է սո­վո­րու­թեան ու­ժը, որուն հա­մար Արիս­տո­տէլ իմաս­տու­նը ըսած էր, որ “սո­վո­րու­թիւնը երկ­րորդ բնու­թիւն է“:

Կը հպա­տա­կինք Հռո­մի սրբա­զան պա­պե­րէն մէ­կուն սահ­մա­նած “դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան“, նա­եւ եկե­ղե­ցա­կան­նե­րու շուրջ յա­ճախ փե­թակ կազ­մած:

Հա­յաս­տա­նէն տե­ղի ու­նե­ցած հայ­րե­նալք­ման աղէտ-ար­տա­գաղ­թը, հա­կա­ռակ զգա­ցա­կան վե­րա­բե­րում­նե­րու, առա­ւել մը չե­ղաւ հայ­րե­նա­հան­ուած­նե­րու սփիւռ­քին հա­մար, հա­կա­ռակ կարգ մը ար­ժէ­քա­ւոր ան­ձե­րու ներ­կա­յու­թեան: Երե­ւոյ­թը մտա­ւո­րա­կան յանդգ­նու­թեամբ քննու­թեան առար­կայ չե­ղաւ: Ստեղծ­ուե­լու ըն­թաց­քի մէջ է լեզ­ուա­կան-մշա­կու­թա­յին խառ­նի­ճա­ղանճ մը, ամ­բո­խա­յին հէն­քի վրայ: Մտա­ւո­րա­կան­ներ չեն ար­տա­գաղ­թող­նե­րը եւ անոնք յա­ճախ իրենց հետ կը բե­րեն անո­րակ մշա­կոյթ մը եւ անո­րակ ամ­բո­խա­յին արե­ւե­լա­հա­յե­րէն մը, որ նոյ­նիսկ սո­վե­տա­հա­յե­րէն չէ: Դա­սա­կան կոչ­ուած սփիւռ­քին “մեր­ուե­լու“ ոչ մէկ ճիգ կը կա­տար­ուի եւ կը քա­ջա­լեր­ուի: Յատ­կան­շա­կան էր ար­տա­գաղ­թած հայ կնոջ մը դի­պուկ ար­տա­յայ­տու­թիւնը, երբ անոր հարց կը տրուէր, թէ ին­չո՞ւ իր զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան վար­ժա­րան չէր ղրկեր: Պա­տաս­խա­նը ցաւց­նող եւ լու­սա­ւո­րող էր մի­ա­ժա­մա­նակ: Ան կ՛ըսէր, որ “եթէ մեր լե­զուն սոր­վեց­նեն կը ղրկենք“… Ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը եթէ լսած ըլ­լա­յին այս խօս­քը, թե­րեւս մեր այ­սօ­րը աւե­լի լաւ կ՛ըլ­լար: Իսկ “քա­ղա­քա­կա­նա­ցած“ մը կ՛ըսէր, որ նման հար­ցեր ար­ծար­ծել “ազ­գի հատ­ուած­նե­րուն մի­ջեւ սեպ կը խրէ“:

Հայ­րե­նա­հան­ուած­նե­րու սփիւռ­քը տրոր­ուած Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի շա­րու­նա­կու­թիւնն էր, իր ու­րոյն լե­զուով, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, որ ինք­նու­թեան հա­սա­րակ յայ­տա­րար էր, թէ­եւ վտանգ­ուած, բայց ճի­գե­րը կը շա­րու­նակ­ուէ­ին առա­ւել կամ նուազ յա­ջո­ղու­թեամբ: Սփիւռ­քէն Հա­յաս­տան ու­սա­նած­ներ, երբ կը վե­րա­դառ­նա­յին, իրենց պատ­րաս­տու­թեան դրա­կան նպաս­տով, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով կ՛ու­սու­ցա­նէ­ին: Վայ­րագ ար­տա­գաղ­թը այդ դրա­կան նպաս­տը կը չէ­զո­քաց­նէ այ­սօր, ար­տա­գաղ­թած­նե­րու արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը եւ սփիւռ­քի զգա­ցա­կան հայ­րե­նա­սէր­նե­րու կապ­կած արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը կը խա­թա­րեն ար­դէն վտանգ­ուած արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը: Երե­ւոյ­թին ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան բա­ցա­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը “տես­նող­ներ“ հազ­ուա­գիւտ են, եւ անոնք որո­շում­ներ կա­յաց­նող­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ չեն: (Բա­ցա­ռու­թիւն է Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սի եւ գոր­ծա­կից­նե­րուն պա­րա­գան, որոնք արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար մի­ջոց­ներ ստեղ­ծե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կը դի­մեն): Սփիւռ­քի հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու մեծ մա­սը ան­լուրջ կապ­կում­նե­րու բեմ է, կար­ծէք լծուած են նե­րազ­գա­յին “էս­փե­րան­թօ“ ստեղ­ծե­լու աշ­խա­տան­քին, որ զոյգ աշ­խար­հա­բար­նե­րէն ոչ մէ­կուն օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լայ:

Նո­րու­թիւն չէ: Արեւմտ­եան սփիւռ­քի աւան­դու­թեան մաս չի կազ­մեր կրօ­նա­կան կո­չու­մը: Քա­հա­նայ, վար­դա­պետ, եպիս­կո­պոս միշտ “դրսե­ցի­ներ“ եղած են: Ներ­կա­յիս, Եւ­րո­պա, Ովկ­ի­ան­իա, նա­եւ Ամե­րի­կա­ներ, Էջմ­ի­ա­ծինն է որ թա­փով կը ղրկէ եկե­ղե­ցա­կան­ներ, քա­հա­նա­ներ, վար­դա­պետ­ներ, որոնք յա­ճախ ան­տեղ­եակ են իրենց հով­ւու­թեան յանձն­ուած հա­մայնք­նե­րուն եւ անոնց ապ­րած մի­ջա­վայ­րի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն, օրէնք­նե­րուն ըմբռ­նում­նե­րուն, հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն, ար­ժէք­նե­րուն (թիւ­րի­մա­ցու­թիւն թող չըլ­լայ. աւե­լի գէ­շի եւ աւե­լի լա­ւի գնա­հա­տում չենք ըներ): Ծա­ռա­յու­թեան կոչ­ուած եկե­ղե­ցա­կան­նե­րը կը խօ­սին եւ կ՛ար­տա­յայտ­ուին այն­պէս ինչ­պէս պի­տի ընէ­ին Սպի­տա­կի, Վար­դե­նի­սի, կամ Երե­ւա­նի եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ: Կը խօ­սին ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար գրե­թէ ան­հասկ­նա­լի աշ­խար­հա­բար մը: Ոչ ոք կար­ծէք մտա­ծած է անոնց արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վար­ժու­թիւն տալ, անոնք ալ այդ ճի­գը չեն ըներ, ինչ­պէս որ կ՛ընեն շուէ­տե­րէն, ֆրան­սե­րէն, անգ­լե­րէն կամ գեր­մա­նե­րէն խօ­սե­լու հա­մար: Ընդ­հան­րա­պէս նուա­զա­գոյն նկա­տո­ղու­թիւնն ան­գամ չեն ու­զեր լսել:

“Հա­կա­հայ­րե­նա­սէր“ չհա­մար­ուե­լու հա­մար լա­ւա­գոյն­ներն ան­գամ կը լռեն: Հա­յե­րէ­նի վրայ գիծ քա­շած­նե­րու հա­մար ար­դէն հարց չկայ: Անոնք եկե­ղե­ցին սահ­մա­նած են իր նուա­զա­գոյն դե­րին:

Զա­նա­զան մա­կար­դա­կի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը, կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հա­կան, ծխա­կան եւ թե­մա­կան, կը քննե՞ն այս խնդիր­նե­րը, թէ կրա­ւո­րա­կա­նու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն տնտե­սել նա­հանջ­նե­րը:

Ին­չո՞ւ հրա­պա­րա­կա­յին լու­սա­բա­նա­կան վի­ճար­կում տե­ղի չ՛ու­նե­նար այս հար­ցե­րով, որոնք հա­մայնք­նե­րու ապա­գայ հո­լո­վոյ­թին կը վե­րա­բե­րին:

 

ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱՑ­ՄԱՆ, ԱՊԱ­ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱՑ­ՄԱՆ ԵՒ

 ԻՆՔ­ՆԱ­ՎԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՓՍԻ­ՔՈՏ­ՌԱՄ­ՆԵՐ

Այս են­թա­հո­ղի վրայ կը ծա­գին նա­եւ այլ խնդիր­ներ, որոնք կը բար­դա­նան, երբ նկա­տի չեն առն­ուիր ժա­մա­նա­կը, ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, տար­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը, որոնց կը փոր­ձենք լու­ծում­ներ գտնել աւան­դու­թիւն­նե­րու եւ հան­գա­մա­նա­ւո­րա­կան իրա­ւունք­նե­րու կառ­չե­լով:

Հա­յաս­տան­եայց Եկե­ղեցիի “մէ­կու­թիւն“ը պէտք է պահ­պա­նել, թէ­եւ յո­ռե­գոյն տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու եւ վէ­ճե­րու ըն­թաց­քին ան կաս­կա­ծի առար­կայ չէ եղած: Այ­սինքն, դա­ւա­նա­կան (իմա՛ աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան) խնդիր­ներ չկա­յին եւ չկան, օրի­նակ, Էջմ­ի­ա­ծին-Ան­թիլ­ի­աս ան­հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ: Այս իրո­ղու­թիւնը բա­ւա­րար չա­փով չէ ըս­ուած, որ­պէս­զի էկ­լեզ­ի­ան, սեղմ շրջա­նա­կէ դուրս եղող ժո­ղո­վուր­դը գիտ­նայ: Բայց եղած են եւ կան կազ­մա­կեր­պա­կան-վար­չա­կան (իմա՛ իրա­ւա­սու­թեան) խնդիր­ներ, որոնք կրնան լուծ­ուիլ ոչ թէ յա­ւել­եալ իրա­ւուն­քի ձեռք­բեր­ման ձգտե­լով, այլ զար­գաց­նե­լով յա­ւել­եալ պար­տա­ւո­րու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն, առանց դի­մե­լու տա­պա­րի հար­ուած­նե­րով մաք­րա­գոր­ծում­նե­րու, ինչ­պէս այդ կ՛ըլ­լար պատ­մու­թիւն դար­ձած խորհր­դա­յին դրախ­տին մէջ, եթէ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը թար­մաց­նենք: Այ­սօր ալ տասն­եակ­նե­րով եկե­ղե­ցա­կան­ներ կար­գա­թող կամ կար­գա­լոյծ կ՛ըլ­լան: Ին­չո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս: Այժմ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ըմբռ­նում­նե­րու հետ քայլ պա­հե­լով, ընտ­րա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան, վար­չա­կան եւ նշա­նա­կում­նե­րու պա­րա­գա­յին, անհ­րա­ժեշտ է մի­ամ­տու­թիւն­նե­րէ հրա­ժա­րիլ եւ թոյլ տալ որ ապա­կեդ­րո­նաց­ման եւ ինք­նա­կա­ռա­վար­ման սկզբունք­նե­րը գոր­ծեն, Թե­մը, ընդ­հան­րա­պէս թե­մե­րը, նա­խա­ձեռ­նեն եւ գոր­ծեն, յար­գե­լով սկզբունք­ներ, օրէնք­ներ եւ ըն­կե­րա­յին-քա­ղա­քակր­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին տար­բե­րու­թիւն­ներ եւ ինք­նու­թիւն­ներ, ստեղ­ծե­լով միու­թիւն փո­խըմբռն­ման եւ փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան գետ­նի վրայ, առանց տա­պա­րի հար­ուած­նե­րու, diktat-նե­րու, որոնք, վեր­ջին հա­շուով, կա­ռու­ցո­ղա­կան չեն:

Ստեղծ­ուած ան­հա­ճոյ դրու­թիւնը դար­մա­նե­լու հա­մար տե­սան­կիւն եւ վար­ուե­լա­կերպ պէտք է փո­խել:

Յա­ւել­եալ պար­տա­ւո­րու­թիւն` ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան հա­մար, ոչ թէ յա­ւել­եալ իրա­ւունք` շա­հախնդ­րու­թիւն­նե­րով, փա­ռա­սի­րու­թեան եւ իշ­խա­նա­տեն­չու­թեան հա­մար: Այս իմաս­տու­թիւնը եթէ գե­րակ­շիռ ըլ­լայ, “խնդիր­ներ“ը կը լուծ­ուին: Բայց այդ ընե­լու հա­մար, օրէն­քի կող­քին անհ­րա­ժեշտ են իրաւ ղե­կա­վա­րու­մը, ոչ թէ պար­տադր­ուած, այլ եսե­րէն ան­դին ճա­ռա­գայ­թող իրաւ հե­ղի­նա­կու­թիւնը: Այս` ընդ­հան­րա­պէս, ոչ միայն եկե­ղեցիի պա­րա­գա­յին, որուն ապ­րած ցնցում­նե­րը այ­սօր կը մղեն մտա­ծե­լու:

Տա­րի­նե­րէ ի վեր “խնդիր­ներ“ կան Թե­մե­րու մէջ: Անոնք կան մեր պատ­մու­թե­նէն ան­կախ, մեր ժո­ղո­վուր­դի ապ­րած եր­կիր­նե­րու օրէնք­նե­րու, բար­քե­րու եւ ար­ժէք­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան հե­տե­ւան­քով: Իրո­ղու­թիւն է, եւ պէտք չէ զայն շրջան­ցել, Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղե­ցին, հա­կա­ռակ ուղ­ղա­կի եւ անուղ­ղա­կի խոր­շակ­նե­րու, պա­հած է իր հո­գե­ւոր միու­թիւնը եւ կա­ռոյց­նե­րը, բայց զար­գա­ցած են կազ­մա­կեր­պա­կան եւ մտայ­նու­թիւն­նե­րու տար­բե­րու­թիւն­ներ: Արեւ­մուտ­քի մէջ, նոյ­նա­տե­սակ օրէնք­ներ մշակ­ուած են բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մար, նա­եւ` կրօ­նա­կան: Օրի­նակ, Արեւ­մուտ­քի մէջ, նա­եւ խորհր­դա­յին աշ­խար­հի ու անոր փլուզ­ման հե­տե­ւան­քով ծնունդ առած հին-նոր եր­կիր­նե­րու մէջ, ամուս­նու­թիւն, ամուս­նա­լուծ­ման դատ եւ որո­շում աշ­խար­հիկ օրէնք­նե­րու են­թա­կայ են, մինչ անոնք կը տնօ­րին­ուին կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ‘ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ: Այս­պէս, Լի­բա­նան, Սուր­իա, անոնք կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու իրա­ւա­սու­թիւն­նե­րուն մաս կը կազ­մեն: Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղե­ցին եւ հա­մայն­քը իրենք չեն ստեղ­ծեր այդ եր­կիր­նե­րու օրէնք­նե­րը եւ ստիպ­ուած են պատ­շա­ճիլ:

Ֆրան­սան յատ­կան­շա­կան պա­րա­գայ է: Եկե­ղե­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն(ներ)ը ֆրան­սա­կան օրէն­քով սահ­ման­ուած եւ գոր­ծող ան­ջատ միու­թիւն­ներ են: Հայ­կա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րը կը պատ­կա­նին “միու­թիւն­ներ“ու, զորս կը կո­չեն “կրօ­նա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւն“ներ: Անոնց կա­պը ցարդ կա­ռու­ցա­յին չէր, այլ սոսկ բա­րո­յա­կան: Առաջ­նորդ սրբա­զա­նը իրա­ւա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն չու­նէր: Տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քէ ետք, Ֆրան­սան կրօ­նա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րը նե­րառ­նե­լով, վե­րած­ուե­ցաւ ԹԵ­Մի, եւ ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րը` ԾՈՒ­Խի, իրենց հա­մա­պա­տաս­խան խոր­հուրդ­նե­րով: Այս կա­ռոյ­ցով, կրօ­նա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րը ան­ջատ եւ ան­կախ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ չէ­ին: Եւ կա­րե­լի կը դառ­նա­յին վե­րահս­կո­ղու­թիւն­նե­րը, կը սահ­մա­նա­փակ­ուէ­ին հան­գա­մանք­նե­րու “ազա­տու­թիւն­ներ“ը:

Ցարդ, այդ բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ԹԵ­Մի ստեղ­ծու­մին նա­խոր­դած ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մար, իս­կա­կան գնա­հատ­ման եւ հաշ­ուեքն­նա­կան առար­կա­յա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն եւ գնա­հա­տում (audit) չե­ղաւ եւ չհրա­պա­րակ­ուե­ցաւ, ինչ որ պատ­ճառ էր, եւ է, քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու, որոնք եր­բեմն կը դառ­նան զրպար­տու­թիւն, կամ պար­զա­պէս բամ­բա­սանք, ան­կա­րե­լի դարձ­նե­լով ԹԵ­Մի կա­ռա­վա­րու­մը: Աւելց­նենք ԹԵՄ ըլ­լա­լու եւ ղե­կա­վա­րե­լու փոր­ձի պա­կա­սը տար­բեր խոր­հուրդ­նե­րու մէջ, նա­եւ եկե­ղեցիի եւ ընդ­հան­րա­պէս պատ­մու­թեան տե­ղե­կու­թիւնը, ինչ որ առիթ կու տայ ներ­սէն եւ դուր­սէն “տիք­թաթ“նե­րով գոր­ծե­լու ոճի, մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու, ուր­կէ որ ալ գան անոնք, որոնք կը յան­գեց­նեն, ժո­ղո­վուր­դի եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­կակշ­ռի բա­ցա­կա­յու­թեան` կղե­րա­պե­տա­կան ըն­թաց­քի, եւ անոր մեր­ժու­մի պա­րա­գա­յին` տագ­նա­պի:

Այս պղտո­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով, արեւմտ­եան սփիւռ­քը, մաս­նա­ւո­րա­բար եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սի վրայ, Հայց. եկե­ղեցիի բաղ­կա­ցու­ցիչ կա­ռոյց­նե­րը “խնդիր­ներ“ ու­նին, ոչ-կրօ­նա­կան բնոյ­թի պա­ռակ­տում­ներ: Ժո­ղով­ներ, ան­դադ­րում եր­թե­ւեկ, մեր­ժում­ներ: Երբ հա­յոց եկե­ղե­ցի կայ, պա­ռակ­տում­նե­րու ճնշման ներ­քեւ, կրօ­նա­կան նոր հա­մայնք կը ստեղծ­ուի եւ ոչ-հայ­կա­կան եկե­ղեցի­ին մէջ տե­ղի կ՛ու­նե­նան արա­րո­ղու­թիւն­նե­րը: “Փսի­քոտ­ռամ“ներ, սկսած, տե­ւող: Անոնց վրայ կը գու­մար­ուին իրաւ կամ սխալ գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ, երբ “ներ­քին“ հա­մար­ուած հար­ցե­րը լու­ծե­լու հա­մար (օրի­նակ` ընտ­րու­թիւն պե­տա­կան-դա­տա­կան հսկո­ղու­թեամբ) կը դիմ­ուի դա­տա­րան, կամ Էջմ­ի­ա­ծի­նէն ղրկուած եկե­ղե­ցա­կան մը կ՛ամ­բաս­տան­ուի, կը դա­տա­պարտ­ուի որ­պէս քրէ­ա­կան յան­ցա­ւոր եւ հսկո­ղու­թեան ապա­րան­ջա­նով ստիպ­ուած է ապ­րիլ: Ժո­ղովր­դա­կան իմաս­տու­թիւնը կ՛ըսէ` “առանց կրա­կի մուխ չ՛ըլ­լար“, բայց են­թա­կան կը պաշտ­պան­ուի եւ չի վե­րա­դառ­նար հոն ուր­կէ եկած էր, յա­ւել­եալ նիւթ մա­տա­կա­րա­րե­լով վէ­ճե­րու եւ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու:

Այս ան­փա­ռու­նակ կա­ցու­թիւնը պի­տի շա­րու­նակ­ուի, քիչ մը աւե­լի շեշ­տե­լով արեւմտ­եան աշ­խար­հի կրօն­քի հան­դէպ ան­տար­բե­րու­թիւնը, որ­մէ զերծ չեն մեր հա­մայնք­նե­րը, քիչ մը աւե­լի տկա­րաց­նե­լով սփիւռ­քի նե­րազ­գա­յին հիւս­կէ­նը:

Ո՞վ ի՞նչ պի­տի շա­հի եւ ո՞ւր հասց­նե­լու հա­մար հայ հա­մայնք­նե­րը:

Միշտ պէտք է կրկնել սոկ­րատ­եան իմաս­տու­թիւնը. “Հար­ցում­նե­րը աւե­լի կա­րե­ւոր են քան անոնց տրուած պա­տաս­խան­նե­րը“…

 

ՊԱՅ­ԹԻՒ­ՆԱՎ­ՏԱՆԳ ԿԱ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ ՄԸ`

ՈՐ ԱՐ­ՏԱ­ՅԱՅՏ­ՈՒԵ­ՑԱՒ ՆՈ­ՐԱՍ­ՏԵՂԾ

ԹԵ­ՄԻ ԱՌԱՋ­ՆՈՐԴ ՍՐԲԱ­ԶԱ­ՆԻ ՀՐԱ­ԺԱ­ՐԱ­ԿԱ­ՆՈՎ

Կա­ցու­թիւնը այս­պէս կրնար եր­կար տե­ւել, ներք­նա­պէս փտեց­նե­լով հա­մայն­քի ու­ժե­րը, եթէ հա­ւա­քա­բար դէմ յան­դի­ման չգտնուէ­ինք Նոր­վան Արք.ի առաջ­նոր­դա­կան պաշ­տօ­նէ անս­պա­սե­լի հրա­ժա­րա­կա­նին:

Այս հրա­ժա­րա­կա­նը, ըստ ձե­ւի եւ ըստ խոր­քի, ըն­թա­ցիկ ըսի-ըսաւ­նե­րէ ան­դին, ԹԵ­Մի իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մը պէտք է մղէ մտա­ծե­լու: Ոչ միայն պաշ­տօ­նի վրայ գտնուող­նե­րը, այլ նա­եւ ժո­ղո­վուր­դը, շար­քա­յին Հա­յը, ան ծու­խի մը ան­դամ ըլ­լայ թէ ոչ, այ­սինքն էկ­լեզ­ի­ան, որ իս­կա­կան տէրն է եկե­ղեցի­ին:

Իմա­նա­լով սրբա­զա­նի հրա­պա­րա­կա­յին ելոյ­թը, վե­րա­հա­սու եղայ, որ առաջ­նոր­դա­կան պաշ­տօ­նէ իր հրա­ժա­րա­կան գի­րը ղրկուած էր Ամե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին, մինչ­դեռ, ինք ընտր­ուած էր Ֆրան­սա­յի Թե­մի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ:

Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Պատ­ուի­րա­կի պաշ­տօ­նէ հրա­ժար­ման գի­րը բնա­կան է որ ղրկուի Կա­թո­ղի­կո­սին:

Առաջ­նոր­դի եւ Կա­թո­ղի­կո­սա­կան պատ­ուի­րա­կի հան­գա­մանք­նե­րը տար­բեր են եւ եղած պէտք է որ ըլ­լա­յին նա­եւ անց­եա­լին: Հռո­մի սրբա­զան քա­հա­նա­յա­պե­տը, տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ, ու­նի իր Պատ­ուի­րակ­նե­րը (Nonce Apostolique), ինչ­պէս Փա­րի­զի մէջ, որ ու­նի իր Առաջ­նորդ Ար­քե­պիս­կո­պո­սը, ինչ­պէս Լի­ո­նը, Մար­սիլ­ի­ան, եւ ու­րիշ քա­ղաք­ներ:

Ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րել եւ հասկ­նալ Առաջ­նոր­դա­կան պաշ­տօ­նէ հրա­ժար­ման գի­րի ուղ­ղա­կի Կա­թո­ղի­կո­սին ղրկուե­լու պա­րա­գան: Հրա­ժա­րա­կան մը միշտ կ՛ու­նե­նայ իր դրդա­պատ­ճա­ռը: Կա­թո­ղի­կո­սը առաջ­նորդ սրբա­զա­նի հո­գե­ւոր մե­ծա­ւորն է, բայց իր գոր­ծին եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուն են Թե­մա­կան խոր­հուրդն ու Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը: Եթէ առաջ­նորդ սրբա­զա­նը, նման ծան­րակ­շիռ որո­շում ու­զած է նախ հա­ղոր­դել իր մե­ծա­ւո­րին, կ՛ար­դա­րա­նայ:

Արդ, Թե­մա­կան Խոր­հուր­դին կը մնայ քննել այս հրա­ժար­ման իս­կա­կան դրդա­պատ­ճառ­նե­րը, ի հար­կին յա­ռա­ջաց­նե­լով յա­տուկ ՔՆՆՉԱ­ԿԱՆ ՄԱՐ­ՄԻՆ, հրա­պա­րա­կե­լով այդ քննու­թեան ար­դիւնք­նե­րը: Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս հրա­ժա­րու­մը կրօ­նա­կան բնոյթ չու­նի, ան պէտք է որ քննուի Թե­մա­կան Խոր­հուր­դին կող­մէ, յետ քննու­թեան ըն­դուն­ուի կամ մերժ­ուի: Առաջ­նոր­դի մը իր պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րու­մը փակ շրջա­նա­կի մը չի վե­րա­բե­րիր եւ զանգ­ուա­ծը իրա­ւունք ու­նի գիտ­նա­լու իս­կա­կան պատ­ճառ­նե­րը: Այս պարզ հրա­պա­րա­կայ­նու­թեան եւ թա­փան­ցի­կու­թեան խնդիր է, եւ յար­գանք` Թե­մա­կան խոր­հուր­դին եւ Առաջ­նոր­դին վստա­հու­թիւն տուած ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ:

Առաջ­նորդ սրբա­զա­նը, իր տար­բեր ելոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին, սրտի ցա­ւով խօ­սե­ցաւ այն բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին, որոնք զինք մղած են հրա­ժա­րե­լու: Կը խոր­հիմ, որ Թե­մա­կան խոր­հուր­դը, ի հար­կին առա­ջարկ­ուած քննիչ մար­մի­նը, պէտք է լսէ սրբա­զա­նը եւ հրա­պա­րա­կէ այդ լսում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը: Ժո­ղո­վուր­դը գիտ­նա­լու իրա­ւունք ու­նի, քա­նի որ ան է ի վեր­ջոյ իս­կա­կան դա­տա­ւո­րը:

Մա­մու­լի մէջ լոյս տե­սած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէն ի յայտ կու գայ (տե՛ս. “Նոր Յա­ռաջ“), որ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին “պաշտ­պան­եալ“ն է վե­րեւ նշուած եւ դա­տա­րա­նի հետ խնդիր­ներ ու­նե­ցող եկե­ղե­ցա­կա­նը: Կ՛ըս­ուի, նոյն թեր­թին մէջ, որ խնդրա­յա­րոյց եկե­ղե­ցա­կա­նի պա­րա­գան խոր տա­րա­կար­ծու­թեան պատ­ճառ է Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Առաջ­նոր­դին մի­ջեւ: Աւե­լին, Առաջ­նոր­դը, ար­քե­պիս­կո­պոս մը, տե­ւա­բար քննա­դա­տու­թեան եւ ար­հա­մար­հան­քի թի­րախ եղած է իր հո­գե­ւոր պե­տին կող­մէ, այն­քան` որ կա­ցու­թիւնը հա­լա­ծան­քի բնոյթ ստա­ցած է: Յա­ռա­ջա­դէմ եր­կիր­նե­րու մէջ, աշ­խա­տա­վայ­րի մէջ բա­նա­ւոր հա­լա­ծան­քը յա­տուկ բնո­րո­շում ու­նի, կ՛ըսեն` harcelement, եւ ան օրէն­քով դա­տա­պար­տե­լի է: Թե­մա­կան Խոր­հուր­դին պար­տա­կա­նու­թիւնն է այս խնդրին յստա­կա­ցու­մը, առանց իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը ջնա­րա­կե­լու, յա­նուն ճշմար­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան:

Առաջ­նորդ սրբա­զա­նը հե­զա­համ­բոյր մտա­ւո­րա­կան մըն է, որուն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նին Ֆրան­սա­յի մէջ: Ան է որ Լի­ո­նի Institut catholique-ի մէջ ստեղ­ծեց հայ­կա­կան աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան կա­ճառ: Պէտք չէ մոռ­նալ, որ հա­կա­ռակ թե­րա­հա­ւա­տու­թիւն­նե­րու, ինք եղաւ ստեղ­ծո­ղը Լի­ո­նի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին: Այժմ, ոգի ի բռին կ՛աշ­խա­տի Ալ­ֆոր­վի­լի հայ­կա­կան դպրո­ցի կա­ռուց­ման, նոյ­նիսկ եթէ ան­դուռ բե­րան­ներ ար­հա­մար­հան­քով զինք “իտ­է­ա­լիստ“ հա­մա­րեն, ինչ­պէս ու­րիշ­ներ, նման պա­րա­գա­յի մը կ՛ըսէ­ին “ջու­րի մա­կե­րե­սին տրուած սու­րի հար­ուած“ (un coup d՛epee dans l՛eau):

Առաջ­նորդ սրբա­զա­նը հրա­ժա­րած է: Կ՛ըսէ, որ իր որո­շու­մը ան­դառ­նա­լի է: Թէ­եւ Անգլ­ի­ա­ցին կ՛ըսէ, որ “եր­բեք պէտք չէ ըսել եր­բեք“ (never say never):

Ստեղծ­ուած կա­ցու­թիւնը առիթ պէտք է ըլ­լայ Թե­մա­կան մար­մին­նե­րու կա­տար­եալ ինք­նա­վա­րու­թիւնը վեր­հաս­տա­տե­լու եւ գործ­նա­կա­նաց­նե­լու մեր եկե­ղեցիի բազ­մա­դար­եան աւան­դու­թիւնը, որ եկե­ղե­ցա­կա­նը կը սպա­սար­կէ եւ ինչ կը վե­րա­բե­րի կազ­մա­կեր­պա­կան հար­ցե­րու, զա­նոնք կը յան­ձան­ձեն աշ­խար­հա­կան­նե­րը, այ­սինքն` թե­մա­կան խոր­հուրդ­նե­րը:

 

ԵԶ­ՐԱ­ԿԱ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ` ՎԱՂ­ՈՒԱՆ ՀԱ­ՄԱՐ

Գտնուե­լով դէմ առ դէմ ներ­կայ կա­ցու­թեան, Թե­մա­կան Խոր­հուր­դը մեծ պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն ու­նի զինք ընտ­րող էկ­լեզ­իա­յին եւ պատ­մու­թեան առ­ջեւ, որ­պէս­զի բարձ­րաս­տի­ճան եւ բա­րի համ­բաւ ու­նե­ցող եկե­ղե­ցա­կան մը ինչ-ինչ հա­շիւ­նե­րու նո­խազ չըլ­լայ:

Առա­ջին հեր­թին, առան­ձին կամ բա­նի­մաց եւ սրտցաւ ազ­գա­յին­նե­րու ան­մի­ջա­կան գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ան­նա­խըն­թաց եւ բա­ցա­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րով յղի ազ­գա­յին տե­սան­կիւ­նէ սպառ­նա­կան կա­ցու­թիւնը պէտք է որ վնա­սա­զեր­ծէ, ստանձ­նե­լով կա­ցու­թեան ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ ան­կախ նախ­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու դի­մե­լով:

Կի­սա­մի­ջոց­նե­րով չբա­ւա­րա­րուող ղե­կա­վա­րու­թիւն պէտք է:

Նա­եւ, էա­կան է, լայ­նա­ծիր լու­սա­բա­նա­կան հան­դի­պում­ներ կազ­մա­կեր­պել Թե­մի բո­լոր ծու­խե­րուն մէջ, եր­թա­լով դէ­պի հա­մայնք­նե­րը, հաս­տա­տե­լով իրաւ երկ­խօ­սու­թիւն հա­ւա­սար­նե­րու մի­ջեւ:

Առա­ջին հեր­թին կոչ պէտք է ընել խո­րա­պէս վի­րա­ւոր­ուած հեզ եւ հան­դար­տա­բա­րոյ եկե­ղե­ցա­կա­նի հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, յետս կո­չել տա­լով Առաջ­նոր­դա­կան պաշ­տօ­նէ անոր հրա­ժա­րա­կա­նը: Թե­մա­կան խոր­հուր­դը մի­ա­ժա­մա­նակ պար­տի երաշ­խա­ւո­րել Առաջ­նորդ սրբա­զա­նի վարկն ու հե­ղի­նա­կու­թիւնը, առանց որոնց ան կը դառ­նայ բա­րո­յազրկ­ուած մի ոմն անձ, չի կրնար գոր­ծել:

Ապա, Էջմ­ի­ա­ծի­նի հետ սրտբաց եւ կա­ռու­ցո­ղա­կան բնոյ­թով զրոյց պէտք է ու­նե­նալ, Թե­մա­կան Խոր­հուր­դի կող­քին բա­նի­մաց ազ­գա­յին­նե­րով, կա­րե­լի դարձ­նե­լու հա­մար թե­մի լի­ա­կա­տար ինք­նա­կա­ռա­վա­րու­մը, մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կե­լով, զա­նոնք հասց­նե­լու հա­մար նուա­զա­գոյ­նի:

Թե­մին մէջ գոր­ծե­լու կոչ­ուած եկե­ղե­ցա­կան­նե­րու ընտ­րու­թիւնը կը կա­տա­րէ Թե­մա­կան Խոր­հուր­դը, Առաջ­նորդ սրբա­զա­նին հետ, սահ­մա­նե­լով նա­խա­պայ­ման­ներ: Այդ նա­խա­պայ­ման­նե­րուն մէջ, պատ­րաս­տու­թեան կող­քին, նկա­տի կ՛առն­ուին հա­մայն­քի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը: Այս­պէս, պաշ­տօ­նի կո­չուող եկե­ղե­ցա­կա­նը պար­տի տի­րա­պե­տել արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի, զայն օգ­տա­գոր­ծել հօ­տին հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն: Հրա­ւի­րուող եկե­ղե­ցա­կան­նե­րուն հետ կը կնքուի տե­ւո­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր, փոր­ձի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար, մէկ կամ եր­կու տար­ուան, որուն աւար­տին կը կնքուի նոր հա­մա­ձայ­նա­գիր, ըստ գնա­հա­տում­նե­րու:

Թե­մին հետ հա­մա­ձայ­նա­գիր կնքած եկե­ղե­ցա­կան­նե­րը ամ­բող­ջա­կան կեր­պով են­թա­կայ կ՛ըլ­լան Թե­մա­կան Խոր­հուր­դին եւ Առաջ­նոր­դին, կը հե­տե­ւին անոնց տնօ­րի­նում­նե­րուն:

Որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ ու­նե­նալ եկե­ղեցիի եւ հօ­տի հա­մար քա­ղա­քակր­թա­կան-մշա­կու­թա­յին նոյն աւա­զա­նէն եկող սպա­սա­ւոր­ներ, լու­սա­բա­նա­կան աշ­խա­տան­քով կոչ կ՛ըլ­լայ կո­չում­նե­րու, ամուս­նաց­եալ եւ կու­սակ­րօն քա­հա­նա­յու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րու, որոնց պատ­րաս­տու­թեամբ կը զբա­ղի Թե­մը, զա­նոնք ապա ղրկե­լով Էջմ­ի­ա­ծին, Երու­սա­ղէմ, կամ այ­լուր, կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար իրենց գի­տե­լիք­նե­րը:

Թե­մա­կան Խոր­հուր­դի աշ­խա­տանք­նե­րը դիւ­րաց­նե­լու, անոնց թափ տա­լու եւ Առաջ­նորդ սրբա­զա­նին օժան­դա­կե­լու հա­մար, Առաջ­նոր­դա­րա­նը հարկ է օժ­տել ձեռն­հաս Դիւա­նա­պե­տով մը, գոր­ծա­դիր, եւ ի հար­կին ծրագ­րող:

Թե­մա­կան Խոր­հուր­դը, Առաջ­նորդ սրբա­զա­նին հետ, կը մշա­կէ ան­մի­ջա­կան, մօ­տա­ւոր եւ հե­ռա­ւոր ապա­գա­յի ծրա­գիր­ներ (կրօ­նա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան, դպրոց­նե­րու, եկե­ղե­ցա­շի­նու­թեան), ու­ժա­կա­նու­թիւն տա­լու հա­մար Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղեցի­ին եւ անոր հա­մայնք­նե­րուն:

Այս եւ այլ աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մար հարկ է լսել ժո­ղո­վուր­դը, յաղ­թա­հա­րել անոր ան­տար­բե­րու­թիւնը եւ ու­ժա­կա­նու­թիւն տալ հա­մայնք­նե­րուն:

Առաջ­նորդ սրբա­զա­նին իր պաշ­տօն­նե­րէն հրա­ժար­ման գի­րը պի­տի կա­րե­նա՞նք վե­րա­ծել արթ­նու­թեան թա­փի, թէ երե­ւոյ­թը պի­տի մնայ դիպ­ուա­ծի մա­կար­դա­կին եւ պի­տի շա­րու­նա­կենք մա­հա­քու­նի տա­նող լճա­ցու­մը: Այս ալ հար­ցում էր:

Չի բա­ւեր եկե­ղեցի­ին բա­կը, կի­րակիի պա­տա­րա­գէն ետք քա­նի մը սրտցաւ խօս­քեր փո­խա­նա­կել: Ազ­գը եւ եկե­ղե­ցին աւելի­ին կա­րի­քը ու­նին, նա­եւ շաբթ­ուան միւս օրե­րուն, առանց բա­ւա­րար­ուե­լու բան չնշա­նա­կող կար­գա­խօս­նե­րով եւ եսե­րու բա­ւա­րա­րու­թիւն տուող դա­տարկ հան­գա­մանք­նե­րով, հրա­ւէր­նե­րով, լամ­բա­կին կախ­ուած շքան­շան­նե­րով:

Ի՞նչ ընել եւ ինչ­պէ՞ս, որ մեր վա­ղը այ­սօր­ուը­նէ աւե­լի լաւ ըլ­լայ: Միշտ կրկնե­լով, որ Հա­յոց եկե­ղե­ցին ազ­գա­յին հիմ­նա­կան եւ հիմ­նա­րար կա­ռոյց եղած է եւ է:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles