
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընկերակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Տիկնոջ եւ իր պատուիրակութեան անդամներուն, Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայրավանքը: Նախագահին կ՛ընկերանային Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը, Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարը, Սփիւռքի ու Մշակոյթի նախարարուհիները, ինչպէս նաեւ պետական այլ բարձաստիճան պատասխանատուներ:
Վեհարանի մուտքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Նախագահին այցելութիւնը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբին կողմէ Լիբանանեան ու հայկական քայլերգներու նուագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը, Նախագահն ու ներկաները ուղղուեցան Նահատակաց Յուշարձանը, ուր Նախագահը Հայաստանի Հանրապետութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց:
Վեհափառ Հայրապետը եւ Նախագահը, Վեհափառի գրասենեակին մէջ առանձին հանդիպում մը ունեցան, ու ապա անոնք միացան Վեհարանի Դահլիճին մէջ տեղի ունեցող հիւրասիրութեան: Արամ Ա. ըսաւ. “Մեր Հայրենիք` ազատ անկախ…, Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ, ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա… Հայաստանի ու Կիլիկիոյ նուիրուած այս օրհներգները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար սոսկ բառ ու եղանակ չեղան. անոնք դարձան հաւատք ու յոյս, վճռակամութիւն ու տեսիլք: Ա՛յս ոգիով ու յանձնառութեամբ այս Սուրբ Աթոռը գործեց ու ծառայեց մեր ժողովուրդի համայնական կեանքէն ներս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղաւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան` երբ մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ դարձան թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարձաւ խորհրդանիշ հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան` մեր ազգին ու եկեղեցւոյ հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքները ու երազները կենսագործելով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարձաւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի վերածննդեան` Սփիւռք դարձած մեր ժողովուրդի կեանքը յարութեան շունչով ու վերածննդեան ոգիով թրծելով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարձաւ խորհրդանիշ ազգային պահանջատիրութեան` հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները պահանջելով ցեղասպան թուրքէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նաեւ դարձաւ խորհրդանիշ ազատ ու անկախ Հայաստանի. ան երազեց, տագնապեցաւ ու պայքարեցաւ որպէսզի պայմաններու բերումով միագոյն դարձած Հայաստանը դառնայ Եռագոյն` ազատ ու անկախ: Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ, Մենք մօտէն կը հետեւինք Ձեր աշխատանքներուն. դուք այսօր իրաւատէրն էք հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն: Ձեր այցելութիւններուն ու հանդիպումներուն ընթաթցքին կ՛արծարծէք հայոց ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու վերականգման հրամայականը: Մենք կը մնանք զօրակից Ձեզի` Ձեր հայրենաշէն ու ազգաշէն ծառայութեան մէջ“:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը, որպէս ջերմ սիրոյ ու խոր գնահատանքի արտայայտութիւն, Պրն. Նախագահին շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան “Կիլիկեան Մեծ Խաչի Շքանշան“ը, որ յատուկ է միայն նախագահներու: