ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԿԱ­ՌԱ­ՎԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ԱՐ­ՏԱ­ԿԱՐԳ ՆԻՍՏ

0 0
Read Time:3 Minute, 11 Second

 ԵՐԵՒԱՆ (“Ար­մէնփ­րես“, “Թերթ“).- Շա­բա­թաս­կիզ­բին, կա­տար­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ար­տա­կարգ նիս­տը, նա­խա­գա­հու­թեամբ Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի:

Նիս­տին ըն­թաց­քին ըն­դուն­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ար­տա­կարգ նստաշր­ջան գու­մա­րե­լու վե­րա­բեր­եալ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան վե­րա­բեր­եալ որո­շու­մը, ըստ որուն, կա­ռա­վա­րու­թիւնը կ՛ա­ռա­ջար­կէ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հին` Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի առա­ջին նստաշր­ջա­նի աւար­տէն ան­մի­ջա­պէս ետք գու­մա­րել Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­կարգ նստաշր­ջան մը:

Նա­եւ, վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգս­եան ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ծրա­գի­րը, որ ար­ժա­նա­ցաւ հա­ւա­նու­թեան: Սահ­ման­ուած կար­գով, այդ ծրա­գի­րը պի­տի ներ­կա­յաց­ուի Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին:

Նիս­տի աւար­տին, Սարգս­եան կոչ ուղ­ղեց նոր ձե­ւա­ւոր­ուածկա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րուն` տրա­մադր­ուիլ ծանր, բայց պատ­ուա­բեր աշ­խա­տան­քի եւ մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն: Ըստ նա­խա­գա­հին, նա­խորդ տա­րի­նե­րուն ամէ­նէն կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րու­մը Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան կեր­պա­րա­նա­փո­խումն է, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մին յա­ջոր­դած դժուար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին:

Մենք Յե­ղա­փո­խա­կան Ար­դիւնք­ներ Կ՛ակն­կա­լենք Կա­ռա­վա­րու­թեան Աշ­խա­տան­քէն: Կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ մենք յե­ղա­փո­խա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ չենք կա­տա­րած, սա­կայն ասի­կա չի նշա­նա­կեր, որ յե­ղա­փո­խա­կան ար­դիւնք­ներ չենք ակն­կա­լեր գոր­ծա­դի­րի աշ­խա­տան­քէն: Տնտե­սու­թեան կա­ռուց­ուած­քա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, սե­փա­կան մար­զին հետ աշ­խա­տե­լու նոր ոճը, տնտե­սա­վար­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ պե­տու­թեան խթա­նիչ դե­րա­կա­տա­րու­թեան նկա­տե­լի աշ­խու­ժա­ցու­մը կա­րե­լիու­թիւն տուած են ապա­հո­վե­լու թէ՛ նոր ներդ­րում­ներ ու ար­հես­տա­գի­տա­կան լու­ծում­ներ, թէ՛ բա­ւա­կա­նա­չափ կա­յուն ըն­կե­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն…“, ըսաւ Սարգս­եան, որ եզ­րա­կա­ցուց թէ, այժմ բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւնը մաս­նա­ւո­րա­բար պէտք է ուղ­ղել դէ­պի գիւ­ղը եւ գիւ­ղա­ցին: Պէտք է օժան­դա­կենք գիւ­ղացի­ին` ստաց­ուած բեր­քը հա­ւա­քե­լու, պա­հե­լու ու սպա­ռե­լու գոր­ծին մէջ: Հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կանգ­նե­ցէ՛ք գիւ­ղացիի կող­քին, եւ գիւ­ղը կրկնա­կի ար­դիւնք կու տայ: Կը կար­ծեմ, որ իմ դրած խնդիր­ներս պարզ են բո­լո­րին հա­մար: Այդ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն պի­տի պայ­մա­նա­ւոր­ուի շատ բան, եթէ չը­սենք` ամէն ինչ…“, շեշ­տեց  հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles