
ԵՐԵՒԱՆ.- Վերջերս, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան մօտ կայացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 9-րդ համահայկական մարզախաղերու կազմակերպման յանձնաժողովի հաւաքը:
Ձեռնարկի կազմակերպչական հարցերը նիստի անդամներուն ներկայացուց Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան ատենապետ Հրաչեայ Շմաւոնեանը: Ան տեղեկացուց, որ Հայաստան պիտի այցելեն 650 մարզիկներ` 18 երկիրներէ: Մարզախաղերուն հետեւելու համար Երեւանը պիտի հիւրընկալէ աւելի քան 3500 այցելու: Մասնակիցները 12-24 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ են, որոնք պիտի մրցին զանազան մարզախաղեր (ոտնագնդակ, կողովագնդակ, թենիս, փինկ փոնկ, ճատրակ, լողարշաւ, վոլիպոլի) կիրարկելով:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխ նախարար Նազարէթ Մնացականեան նշեց, որ ամէն ջանք պիտի թափեն մեր մարզիկներն ու հիւրերը պատշաճ ձեւով ընդունելու եւ խաղերը յարմարաւէտ պայմաններու մէջ կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Հ.Հ. ոստիկանութեան ու առողջապահութեան նախարարութեան ներգրաւումը ծրագիրին մէջ` մասնակիցներու անվտանգութեան եւ շտապ օգնութեան ապահովման համար:
Նախարարը նաեւ առաջարկեց, որ մարզիկներու օրակարգին մէջ ժամեր աւելցուած են հայերէն լեզուի արագ դասընթացքներ իրականացնելու համար:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 9-րդ համահայկական մարզախաղերու հանդիսաւոր բացումը պիտի կայանայ Յուլիս 27-ին “Ազատութիւն“ հրապարակին վրայ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 3: