
Կիրակի, Փետրուար 3ևին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, նուիրուած հայ տպագրութեան 500ևամեակին, դասախօսն էր` Երեւանէն դոկտ. Արտակ Մովսէսեանը: Երեկոյի բացումը կատարեց, Արեւելեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենադպրուհի ընկերուհի Յասմիկ Աբրահամեանը:
Ընկերուհին, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, որ սիրայօժար կերպով, տրամադրեցին մեզ եկեղեցւոյ հանդիսասրահը առիթ տալով, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի, Համազգայինի մասնաճիւղերուն, միասնաբար իրագործելու, այսօրուան դասախօսական ձեռնարկը:
Ընկերուհին, հրաւիրեց Նիւ Եորքի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, ընկ. Արա Գաբրիէլեանին, որ ներկայացնէ օրուան դասախօսը, դոկտ. Արտակ Մովսէսեանին:
Ընկ. Արան նշեց.և “Շատ ուրախ ենք, որ համեստ թիւով, սակայն մեր գիտակից եւ հայ մշակոյթը յարգող եւ սիրող հայեր, հաւաքուած են այստեղ նշելու եւ պանծացնելու հայոց տպագրութեան 500ևամեակը: Ի զուր չէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕևն Երեւանը հռչակեց տպագրութեան մայրաքաղաք, նկատի ունենալով այդ ասպարէզի մէջ մեր ժողովուրդին վաստակը: Մենք յաճախ կը հպարտանանք մեր հարուստ գրականութեամբ, որ հակառակ դժուարին պայմաններուն, ինչպէս տարիներու պետականութեան բացակայութեան, գնահատել ենք մեր ուրոյն գիրն ու գրականութիւնը, իբրեւ ազգային գոյատեւման հզօրագոյն երաշխիք: Այսօր ուրախ ենք որ Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան կարգադրութեամբ մեր մէջ կը գտնուի, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան դասախօս դոկտ. Արտակ Մովսէսեանը, ան ծնած է 1970ևին: 1990ևէն մինչեւ 1994 թուականը, յաճախած է Երեւանի պետական համալսարանի, պատմութեան բաժանմունքը: Աւարտելէն ետք ուսումը շարունակած է, Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժանմունքը, որտեղէն ստացած է դոքտորայի աստիճան: 1991ևէն մինչեւ 1997ևը իբրեւ գիտաշխատող պաշտօնավարած է պատմութեան պետական թանգարանի մէջ: 1997ևէն մինչեւ 1998 թուականը պաշտօնավարած է, ակադեմիայի արեւելագիտութեան բաժանմունքը, իբրեւ աւագ աշխատող: 1998ևէն մինչեւ 2013ևը դասախօս է Երեւանի պետական համալսարանի մէջ: Իր դասախօսութեան նիւթերն են` Հայոց Պատմութիւն եւ նախամաշտոցեան գրաւոր մշակոյթը, Հայաստանի մէջ: Իր ուշադրութեան կեդրոնը կը մնայ հին աշխարհի պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ան հայերէն լեզուէն բացի կը տիրապետէ ռուսերէնին եւ գիտէ անգլերէն: Հեղինակ է աւելի քան 8 գիրքերու“, նշեց դոկտ. Գաբրիէլեանը: Ապա բեմ հրաւիրեց դոկտ. Արտակ Մովսէսեանը: Ստորեւ կը ներկայացնեմ դոկտ. Մովսէսեանի ելոյթէն որոշ հատուածներ:
Դոկտ. Մովսէսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, իրեն յղուած հրաւէրի համար եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, այս գեղեցիկ սրահի տրամադրութեան համար:
Ան ըսաւ.և “Ուրախ եմ, որ առիթ ստեղծուեցաւ խօսելու մեր մշակոյթի կարեւորագոյն խնդիրներու մասին, որն է Հայոց գիրն ու գրականութիւնը: Երբ Երեւան էի, որոշեցինք դասախօսութեան շարք նուիրել, երկու մեծ իրադարձութիւններու` մէկը գրատպութեան 500ևամեակին, իսկ միւսը, Հայոց Պետականութեան վերածնունդի 95ևամեակին, որովհետեւ 1918 թուականով վերածնունդ ապրեցաւ մեր պետականութիւնը, որ 14ևրդ դարէն սկսեալ անկում էր ապրել եւ այդ մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ մեր պատմութեան մէջ սկսուեցաւ հանրապետական դարաշրջան: Մենք եւս կը նշենք Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650ևամեակը: Մաշտոցի ծննդեան իսկական թուականը մենք չունինք կ՛ըսեն 361 կամ 364“:
Դոկտ. Մովսէսեանը, նշեց թէ “իր խորագոյն համոզումով, Մաշտոցը մեր վերջին 1600ևամեայ, պատմութեան մեծագոյն մշակութային եւ քաղաքական գործիչն է եղել: Նախամաշտոցեան գիրերու մասին խօսելով, մենք բնաւ Մաշտոցի մեծ գործի վաստակը չենք անտեսել եւ ընդհակառակը մենք պիտի հպարտութեամբ նշենք, որ ոսկեդարեան մեր գրականութեան 5ևրդ դարու կատարելիութիւնը շատ բաներով պայմանաւորուած էր, անշուշտ նախամաշտոցեան ժամանակաշրջանի կուտակուած փորձով: Ամէն հայ հպարտութեամբ կ՛ըսէ, որ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, դա թարգմանութեան արուեստի թագուհին է: Բոլորը սա կը նշեն, բայց չէ որ հնարաւոր չէ, կատարեալ լեզու ունենալ, առանց գրաւոր մշակոյթի դարաւոր զարգացման անցեալ ունենալու: Ըստ վիճակագրական տուեալներու, եթէ լեզուն գրաւոր մշակման չի ենթարկուի (ըստ Աճառեանի եւ Ջահուկեանի) կ՛ունենայ առաւելագոյնը 7ևէն 8ևը հազար բառապաշար: Գրաբարի բառապաշարը ոչ լրիւ հաշուարկելով, 60.000ևը կ՛անցնէր, այսինքն եթէ մենք չունենայինք դարեր տեւած դպրութեան հարստութիւնը, 8000 բառով միայն Աստուածաշունչի, սքանչելի թարգմանութիւնը, խեղճ ու կրակ բան պիտի ըլլար“:
Դոկտ. Մովսէսեանը հանգամանօրէն խօսեցաւ մինչեւ Մաշտոցը, գոյութիւն ունեցած գրանշաններու, ինչպէս քարաժայռերու վրայ քանդակուած պայմանական նշաններու, տառերու համակարգը: Դոկտ. Մովսէսեանը մասնագիտական բացատրութիւններով, լուսարձակով պաստառի վրայ բացատրեց գիրերու աստիճանական զարգացման հոլովոյթն է ծաւալումը: Բացատրեց եւ մեկնաբանեց, թէ ինչպէս պատկերագրութեան միաւորները իրականութեան մէջ կ՛արտայայտեն զանազան գաղափարներ: Պատկերագրութիւնը կը նախորդէ միւս գրատեսակներուն: Այս ձեւը կ՛օգտագործուի նաեւ Հայաստանի մէջ: Մենք հայերս ունինք գրային ինքնատիպ կառոյց, որովհետեւ կը պարծենանք:
Գիրի նախահայրերը եղած են փիւնիկացիները, որոնցմէ անցել է յոյներուն, իրենցմէ անցել է հռոմէացիներուն եւ նաեւ մեզի` հայերուն:
“Պէտք է ի նկատի ունենալ, որ նախամաշտոցեան Հայաստանի մէջ, մեր գիրերու գիւտէն առաջ, Հայաստանի մէջ 4 այբուբէն է գործածուել` Արամէական, Ասորական, Միջին Պարսկական եւ Յունական: Երեքը, բաղաձայնային են եւ 22 տառերէ բաղկացած, իսկ յունարէնը աշխարհի առաջին ձայնաւորային այբուբէնն է, յոյները վերցուցին փիւնիկացիներու գիրը, առաջին այբուբէնը աշխարհի, որ 22 բաղաձայներէ բաղկացած էր, իրենց լեզուի չեղած հնչիւնները հանեցին եւ յունական լեզուով եղածները աւելցուցին ու դարձուցին 24 տարրերէ բաղկացած ձայնաւոր այբուբէն: Բնականաբար, նախամաշտոցեան շրջանին հայերու համար նախնտրելի էր յունական այբուբէնը, որովհետեւ ձայնաւոր տարրեր եւս ունէր“:
Դոկտ. Մովսէսեանը խօսեցաւ նաեւ թարգմանական շարժումի մասին, որ զարգացաւ հայ գիրերու գիւտէն յետոյ.և “Թարգմանական շարժման առաջին շրջանը կը պարփակէ 5րդ դարը (Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ, Եզնիկ Կողբացի եւ ուրիշներ): Հայ լեզուի վերածնման գործին մեծ դեր խաղաց Աստուածաշունչի սքանչելի թարգմանութիւնը: Բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ կը պահուին միայն հայ թարգմանութիւններու միջոցաւ: Մեսրոպ Մաշտոցը գրել տուաւ առաջին հայ նախադասութիւնը Աստուածաշունչի “Գիրք Առակացից“ “ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ, ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՅԱՆՃԱՐՈՅ““:
Բուռն ծափահարութիւննե րով աւարտուեց դոկտ. Արտակ Մովսէսեանի շահեկան դասախօսութիւնը: Եղան հարցեր, որոնց պատասխանեց դասախօսը:
Դոկտ. Արա Գաբրիէլեանը, շնորհակալութիւն յայտնեց, յարգելի բանախօսին եւ նշեց` “բոլորս գիտենք, որ կայուն, հզօր պետութիւն ունենալու համար, անհրաժեշտ է, մարտունակ, սպառազինուած եւ կարգապահ բանակ: Սակայն նոյնքան կարեւոր է, որ մենք ունենանք ազգային, առողջ դաստիարակութեամբ, պատրաստուած մտաւորականներ, որոնք իրենց գիտական աշխատանքով եւ ուսուցչութեամբ, նոր սերունդներ պատրաստեն վաղուան հզօր հայրենիքի եւ մեր երազներու իրականացման համար: Այդպիսիներէն մէկն է մեր այսօրուան դոկտորը, որուն կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ երկար տասնամեակներու բեղուն աշխատանք“:
Ընկ. Գաբրիէլեանը, շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ արժանապատիւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին եւ հոգաբարձութեան, սրահը տրամադրելու եւ համագործակցութեան համար:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը, որ իր խօսքով եւ պահպանիչով փակէ ձեռնարկը:
Տէր Հայրը նշեց.և “Ձեր բոլորին անունով, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, այս գեղեցիկ ձեռնարկի համար, կը գնահատեմ, Համազգայինի վարչութիւններուն, որ դոկտ. Արտակ Մովսէսեանին, Հայաստանէն հրաւիրելով, իրագործեց այս սքանչելի ձեռնարկը, Համազգայինի ձեռնարկները ընդհանրապէս շարունակական ուսուցում է իր կազմակերպած որակաւոր դասախօսութիւններով“: Ապա բարի ճանապարհ մաղթեց դոկտ. Մովսէսեանին:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: