ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆԻ ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ ԿԱԶ­ՄԱ­ԿԵՐ­ՊԱԾ ԱՇԱ­ԿԵՐ­ՏԱ­ԿԱՆ ՄՐՑՈՅ­ԹԸ

0 0
Read Time:11 Minute, 31 Second

 

Մրցոյթին մասնակցող աշակերտներէն մաս մը, Համազգայինի յանձնած վկայագրե-րով ու նուէրներով, Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի եւ Համազգայինի Վարչական` Յովհ.Եսայեանի հետ
Մրցոյթին մասնակցող աշակերտներէն մաս մը, Համազգայինի յանձնած վկայագրե-րով ու նուէրներով, Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի եւ Համազգայինի Վարչական` Յովհ.Եսայեանի հետ

Ս. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

(Լուսանկարները` ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի)

Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նը 4 տաս­նամ­եակ է, որ շրջա­նիս հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ մրցոյթ կը կազ­մա­կեր­պէ: Սկիզ­բը միայն ար­տա­սա­նա­կան մրցոյթ էր, սա­կայն անդ­րա­դառ­նա­լով, որ ար­տա­սա­նե­լը տա­ղանդ է ու ձիրք, հետզ­հե­տէ մրցոյ­թի բնոյ­թը  փոխ­ուե­ցաւ: Ընդգր­կե­ցինք ուղ­ղագ­րու­թիւն եւ հայ­կա­կան ընդ­հա­նուր գի­տե­լիք­ներ:

Բացման Խօսք,Համազգայինի Վարչութեան անդամ ընկ.Յովհաննէս Եսայեան
Բացման Խօսք,Համազգայինի Վարչութեան անդամ ընկ.Յովհաննէս Եսայեան

Ամենօր­եայ եւ Շա­բա­թօր­եայ  դպրոց­նե­րու 5-րդ եւ 6-րդ դա­սա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րուն հա­մար, Հայ­կա­կան Ընդ­հա­նուր Գի­տե­լիք­նե­րու բա­ժի­նը կը պա­րու­նա­կէ Հա­յոց Պատ­մու­թիւն- (Մեր թա­գա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, անց­եալ դա­րաս­կիզ­բի պա­տա­հար­նե­րէն, մին­չեւ ներ­կան), Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րու­թիւն, գրող­նե­րու եւ բա­նաս­տեղծ­նե­րու անուն­ներ, իրենց գրած­նե­րէն նմուշ­ներ, մի­ջազ­գա­յին առու­մով նշա­նա­ւոր հա­յեր եւ ար­ուես­տա­գէտ­ներ, յու­շա­կո­թող­ներ, եւ հա­յու­թեան հետ առն­չուող այ­լա­զան նիւ­թեր: Այս բո­լո­րին կ՛ըն­կե­րա­նայ, ուր պատ­շաճ է, հա­մա­պա­տաս­խան լու­սա­պատ­կեր­ներ:

Ամենօր­եայ դպրոց­նե­րու 1-4րդ դա­սա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րուն` կ՛ու­ղղարկ­ուի ուղ­ղագրութեան ցանկ: Շա­բա­թօր­եայ դպրոց­նե­րու 1-4-րդ դա­սա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րուն`  բա­ռա­գի­տու­թիւն` (Անգ­լե­րէ­նէ-Հա­յե­րէն):

Անգլերէն-Հայերէն բառագիտութեան,  ճիշդ պատասխանողներ
Անգլերէն-Հայերէն բառագիտութեան,
ճիշդ պատասխանողներ

Մրցոյ­թին կը մաս­նակ­ցէ­ին` Պէյ­սայ­տի Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Ամե­նօր­եայ եւ Շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րան­նե­րը, Տակ­լըս­թը­նի Ս. Սար­գիս-Սիւ­զան եւ Յով­սէփ Յա­կոբ­եան Շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րա­նը եւ Նիւ Ճըրզիի Նա­րեկ Շա­բա­թօր­եայ, Վար­ժա­րա­նը: Մաս­նակ­ցող աշա­կերտ­նե­րու թիւն էր` 43.

Ընկ. Հրանդ Մար­գար­եա­նի հրա­ւէ­րով ներ­կա­ներն ու աշա­կերտ­նե­րը, յոտն­կայս “Մեր Հայ­րե­նիք“ով բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին ձեռ­նար­կին:

Բաց­ման Խօս­քը կա­տա­րեց Հա­մազ­գա­յի­նի Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Յով­հան­նէս Եսայ­եան, որը յի­շե­ցուց թէ “Խա­չա­տուր Աբով­եան իր “Վէրք Հա­յաս­տա­նի“ գրքին մէջ կը կա­րե­ւո­րէ` հա­ւատքն ու լե­զուն: Այո՛ տու­նէն ետք ամե­նա­կա­րե­ւո­րը հայ դպրոցն է, հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան հա­մար եւ հո՛ն է որ հայ ու­սու­ցի­չը մեծ դեր կը խա­ղայ -շեշ­տեց  ընկ. Եսայ­եան-: Մեր ղե­կա­վար  մար­մին­նե­րը պէտք է գի­տակ­ցին, որ իրենց մե­ծա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւնը` հա­յը հա՛յ պա­հելն է: Եթէ ներ­կայ կա­ցու­թիւնը շա­րու­նակ­ուի, հա­րիւր տա­րի ետք ՀԱՅ ու­սու­ցիչն ու ՀԱՅ աշա­կեր­տը մո­մով պի­տի փնտռենք“ եզ­րա­փա­կեց ընկ. Եսայ­եան:

Ինչ­պէս անց­եալ տա­րի, Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Մես­րոպ Քհնյ. Լա­գիս­եան, դաստ­ի­ա­րա­կի մը հմտու­թեամբ, քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քե­րով ըն­թացք տուաւ մրցոյ­թին: Իւ­րա­քան­չիւր բաժ­նի մաս­նակ­ցող­նե­րու անուն­նե­րը կ՛ըն­թերց­ուէ­ին այբ­բե­նա­կան կար­գով: Աշա­կեր­տը ապակ­եայ սա­կա­ռէն թղթիկ մը վերց­նե­լով կու ­տար Տէր Հօր, եւ իրեն բա­ժին ին­կած հար­ցում­նե­րուն կը պա­տաս­խա­նէր: Գի­տե­լիք­նե­րու պա­րա­գա­յին, ըստ հար­ցու­մին, մի­ա­ժա­մա­նակ պատ­շաճ լու­սան­կար­ներ կը ցու­ցադր­ուէ­ին (Power Point) ով:

 

ՄՐՑՈՅ­ԹԻԱՐ­ԴԻՒՆՔ­ՆԵՐ

 

ՇԱ­ԲԱ­ԹՕՐ­ԵԱՅ (Ս. Սար­գիս,

Նա­րեկ Եւ Սրբոց Նա­հա­տա­կաց)

ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱՆ­ՆԵՐ

 

Ա. Բա­ռա­գի­տու­թիւն` 1-4 դա­սա­րան­ներու աշա­կերտ­նե­րուն:

Ուղղագրութեան անսխալ պատասխանողներ
Ուղղագրութեան անսխալ պատասխանողներ

Տա­սը մաս­նակ­ցող­նե­րէն, հե­տեւ­եալ հին­գը անս­խալ էին:

Թագ­ւոր­եան Նի­նա, Մէ­նէշ­եան Մայ­քըլ, Վար­դան­եան Յա­կոբ, Վար­ժա­պետ­եան Ալեքս եւ Կա­րէն Ֆի­սէլ:

 

Բ. Հայ­կա­կան Ընդ­հա­նուր Գի­տե­լիք­ներ` 5-6 դա­սա­րան­ներու աշա­կերտ­նե­րուն:

Տաս­նը­վեց  մաս­նակ­ցող­նե­րէն, հե­տեւ­եալ տաս­նը­մէ­կը անս­խալ էին:

Եփ­րեմ­եան Արեւ, Եփ­րեմ­եան Սե­ւակ, Թագ­ւոր­եան Ալին, Հայկ­եան Գլո­տին, Մկրեան Շանթ, Մկրեան Քրիս­տա­փոր, Մոմճ­եան Մե­լի­նէ, Յա­կոբ­եան Ռաֆ­ֆի, Յա­կոբ­եան Սե­ւակ, Նալճ­եան Ռո­պերթ եւ Սամ­ուէլ­եան Լո­րի:

 

ԱՄԵ­ՆՕՐ­ԵԱՅ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱՆ

(Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Պէյ­սայտ)

 

Ա. Ուղ­ղագ­րու­թիւն` 3-4 դա­սա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րուն:

Ամենօրեայ Գիտելիքներու անսխալ պատասխանողներ
Ամենօրեայ Գիտելիքներու անսխալ պատասխանողներ

Եօ­թը մաս­նակ­ցող­նե­րէն, հե­տեւ­եալ չոր­սը անս­խալ էին:

Ապաճ­եան Ճէք, Առա­քել­եան Հայկ, Ռա­կուբ­եան Լե­ւոն եւ Ստե­փան­եան Անա­իս:

 

Բ. Հայ­կա­կան Ընդ­հա­նուր գի­տե­լիք­ներ, 5-6 դա­սա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րուն:

Ին­նը Մաս­նակ­ցող­նե­րէն հե­տեւ­եալ Եօ­թը անս­խալ էին:

Առա­քել­եան Արեն, Իսա­ղօլ­եան Նի­գոլ, Խրիմ­եան Ալին, Խրիմ­եան Նի­քոլ, Նեմց­եան Եդ­ուարդ, Պէզճ­եան Անոյշ եւ Սա­քար Մար­կա­րէթ:

 

Արժ. Տէր Մես­րոպ Քհնյ. Լա­գիս­եան, ձեռն­հա­սօ­րէն վա­րեց մրցոյ­թը զուարթ մթնո­լոր­տի մէջ:

Աշա­կեր­տին սխա­լը մեղ­մօ­րէն կը սրբագ­րէր, կամ համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէր որ աշա­կեր­տը իր մոռ­ցա­ծը յի­շէ եւ կամ խան­դա­վառ` “անս­խալ է“ կը յայ­տա­րա­րէր: Գի­տե­լիք­նե­րու մա­սը կը ներ­կա­յաց­ուէր (power point)ի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ որը դաստ­ի­ա­րա­կիչ է եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ ու հա­ճոյ­քով մրցոյ­թին կը հե­տե­ւէ­ին:

Մրցոյ­թի աւար­տին Տէր Մես­րոպ Քհնյ. Լա­գիս­եան, Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թեան կող­մէ, բո­լո՛ր մաս­նակ­ցող­նե­րուն անխ­տիր յանձ­նեց Հա­մազ­գա­յի­նի Մրցոյ­թին Մաս­նակ­ցու­թեան Վկա­յագ­րեր` եւ Եռա­գոյն վզկա­պով կրծքա­պի­տակ­ներ: Ապա անս­խալ պա­տաս­խա­նող  աշա­կերտ­նե­րուն  յանձ­նեց յա­ւել­եալ նուէր­ներ, (Հա­յաս­տա­նէն` Արա­րա­տի նկա­րով մագ­նիս­ներ, փայտ­եայ խա­չեր եւ Եռա­գոյ­նով զար­դա­րուն այլ նուէր­ներ):

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ մեր աշա­կերտ­նե­րը, աւե­լի բարձր նիշ ար­ձա­նագ­րե­ցին հայ­կա­կան գի­տե­լիք­նե­րուն մէջ: Շա­բա­թօր­եան`  69%, իսկ ամե­նօր­եան` 77%: Ուղ­ղագ­րու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րե­ցին 57%  եւ անգ­լե­րէն-հա­յե­րէն բա­ռա­գի­տու­թեան մէջ, որը ամե­նէն դիւ­րի­նը կը կար­ծէ­ինք, 50%: Եթէ 50%էն ցած, ձա­խո­ղիլ կը նշա­նա­կէ, մեր աշա­կերտ­նե­րու հա­ւա­քա­կան ար­դիւն­քը բո­լոր մար­զե­րուն մէջ 50%էն բարձր էին:

 

Շաբաթօրեայ Գիտելիքներու անսխալ պատասխանողներ
Շաբաթօրեայ Գիտելիքներու անսխալ պատասխանողներ

Հո­գե­պա­րար օր մըն էր: Մրցոյ­թի ըն­թաց­քին, սրա­հի բա­ցար­ձակ լռու­թիւնը, ներ­կա­նե­րու լուրջ կեդ­րո­նա­ցու­մը, մրցոյ­թը կազ­մա­կեր­պող­նե­րու եւ ծնող­նե­րու սրտատ­րոփ սպա­սու­մը, ճիշդ պա­տաս­խան­նե­րու առ­թած ան­հուն հրճուանքն ու հպար­տու­թիւնը, խան­դա­վառ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը, ան­մո­ռա­նա­լի պի­տի մնան մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ: Կար­ծես լռել­եայն կը զգա­յինք որ թե­րեւս ամէն ինչ կո­րած չէ, թե­րեւս սե­րունդ մը պի­տի մեծ­նայ, որ պի­տի հա­ւա­տայ, պի­տի սի­րէ ու պի­տի ծա­ռա­յէ հա­յա­պահ­պան­ման ու հայ­կա­կա­նու­թեան:

Մեր ու­րա­խու­թեան հետ` կա­րե­լի չէր ան­տե­սել այն խոր ցա­ւը, որ կը զգա­յինք, մրցոյ­թէն ԲԱ­ՑԱ­ԿԱՅ` Ուտ­սայ­տի Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Ամե­նօր­եայ Վար­ժա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րուն: Անոնք դպրո­ցի հիմն­ուած տարի­էն, 1977էն մին­չեւ 2012 թուա­կան, ամէն տա­րի մաս­նակ­ցած են մրցոյ­թին, փայ­լուն ար­դիւնք­նե­րով: Այդ դպրո­ցը` գո­յու­թիւն ու­նե­ցաւ 35 տա­րի եւ փակ­ուե­ցաւ 1912-ի Յու­նի­սին, ղե­կա­վար մար­մին­նե­րու լռու­թեան ու ան­տար­բե­րու­թեան հե­տե­ւան­քով: Օտա­րու­թեան գիր­կը շպրտուող այդ երե­խա­նե­րը թող խա­րա­նեն խիղ­ճը պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն:

Մեր սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը բո­լոր տնօ­րէ­նու­հի­նե­րուն, որ հա­մա­ձայ­նե­ցան մաս­նակ­ցիլ Հա­մազ­գա­յի­նի այս տա­րե­կան մրցոյ­թին: Բո­լոր ու­սուց­չու­հի­նե­րուն, որոնք  իրենց ամե­նօր­եայ ծանր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն կող­քին աշա­կերտ­նե­րուն սոր­վեց­նե­լու, յա­ւել­եալ աշ­խա­տան­քը ստանձ­նե­ցին: Հա­պա՞ ծնող­նե­րը: Կաս­կած չկայ որ ՄԱՅ­ՐԵ՛ՐՆ էին, որ իրենց առօր­եայ աշ­խա­տան­քէն  ետք, գի­շեր­նե­րը պա­րա­պած  են իրենց զա­ւակ­նե­րուն հետ: Վստահ եմ որ ըն­թեր­ցո­ղը նկա­տեց որ վե­րը յիշ­ուած­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ Գրա­կան Յանձ­նա­խում­բի կազ­մը բո­լորն ալ կա­նայք են: Այո՛ ՀԱՅ ԿԻՆՆ է, որ ապա­գա­յի  ու յա­ջորդ սե­րուն­դի հա­յե­ցի՛  դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ մտա­հոգ` կը փոր­ձէ քիչ մըն ալ ու­շաց­նել օտա­րա­ցու­մը այս մատ­ղաշ սե­րուն­դին:

 

ԱՆ­ՀՈՒՆ

ՇՆՈՐ­ՀԱ­ԿԱ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

 

Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Ամե­նօր­եայ Վար­ժա­րա­նի Տնօ­րէ­նու­հի` Զար­մի­նէ Պօ­ղոս­եա­նին եւ ու­սուց­չու­հի­ներ` Անի Ման­ուէլ­եա­նին եւ Հու­րի Ղու­կաս­եա­նին:

Ս. Սար­գիս-Սիւ­զան եւ Յով­սէփ Յա­կոբ­եան-Շա­բա­թօր­եայ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի` Նա­յի­րի Զօհ­րապ­եա­նին եւ ու­սուց­չու­հի­ներ` Մար­իա Եփ­րեմ­եա­նին, Լու­սին Մկրեա­նին եւ Ժուլի­էթ Անան­եա­նին:

Նա­րեկ Շա­բա­թօր­եայ Վար­ժա­րա­նի  Տնօ­րէ­նու­հի` Քնար Աբ­գար­եա­նին եւ ու­սուց­չու­հի­ներ` Մա­րալ Վար­դան­եա­նին, Հիլ­տա Թո­րոս­եա­նին, Սօ­սի Վար­ժա­պետ­եա­նին, Մա­րի­նա Եա­գուպ­եա­նին եւ Հու­րի Սամ­ուէլ­եա­նին:

Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Շա­բա­թօր­եայ Վար­ժա­րա­նի Տնօ­րէ­նու­հի` Լու­սին Ճրճրեա­նին, եւ ու­սուց­չու­հի­ներ`  Նա­յի­րի Ճրճրեա­նին, Յաս­միկ Պօ­յաճ­եա­նին, Մա­րի Եա­գուպ­եա­նին եւ Կա­րէն Քա­րամ­եա­նին:

Մրցոյ­թին  պա­տաս­խա­նա­տու Հա­մազ­գա­յի­նի  Գրա­կան Յանձ­նա­խում­բի կազմն է` Պեր­ճու­հի Եսայ­եան, Րի­թա Կի­րա­կոս­եան, Մա­րի Կիւ­լում­եան, Ժա­նէթ Մար­գար­եան եւ Ար­մի­նէ մի­նաս­եան, որոնք ամիս­ներ տե­ւող բծախն­դիր աշ­խա­տան­քով պատ­րաս­տե­ցին այս մրցոյ­թը: Մեր մե­ծա­գոյն գնա­հա­տա­կա­նը` ծնող­նե­րու ու­րա­խու­թիւնն ու շնոր­հա­կա­լա­կան  խօս­քերն էին: “Այս մրցոյ­թը Դպրոց է“ կամ` “Այս մրցոյ­թը Դպրո­ցի շա­րու­նա­կու­թիւնն է“ կը լսէ­ինք յա­ճախ:

Դուր­սը  ջերմ արեւ էր ու գա­րուն: Մեր հո­գի­նե­րուն մէջ ալ պայ­ծառ ջեր­մու­թիւն մը կը ծա­ւա­լի ու ան­սահ­ման ու­րա­խու­թիւն մը կը յոր­դի: “Ամէն ինչ կո­րած չէ“ մտա­ծու­մը, տա­կա­ւին քունքս կը մրճա­հա­րէ ու ես մի­ամ­տա­բար կու­զեմ հա­ւա­տալ Վա­րու­ժա­նի` “Վար­դա­հե­ղեղ Ար­շա­լոյ­սին“:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles