“ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ“Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԵՒ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ
Անցեալ շաբաթավերջին, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջան ժամանած էին “Համազգային“ի Կեդրոնական Վարչութենէն երեք անդամներ` Կարօ Պայթարեան (Լիբանան), Վիգէն Եագուպեան (Գալիֆորնիա) եւ Սիմոն Հասըրճեան (Գանատա), որոնք զանազան հանդիպումներ կատարեցին, գաղութէն ներս գործող ազգային հաստատութիւններու եւ հիմնարկներու հետ:

Այս առթիւ, Երեքշաբթի Դեկտեմբեր 10-ին, “Համազգային“ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, այցելեց Նիւ Եորքի Հայոց Առաջնորդարան եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանին հետ:
Այս առթիւ, յատկապէս արծարծուեցան կրթական, մշակութային եւ ընդհանրապէս մշակութային ոլորտէն ներս նիւթեր եւ հարցեր:
Նշենք թէ, երեք ներկայացուցիչներու այցելութեան առթիւ, յատուկ հիւրասիրութիւն-հաւաք մը կազմակերպուած էր, տարիներ շարունակ “Համազգային“ին ծառայած Սիրուն Կարոյեանի բնակարանէն ներս, մասնակցութեամբ քառասունի շուրջ ներկաներու:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս “Համազգային“ը, իր զանազան մասնաճիւղերով տասնեակ տարիներէ ի վեր ներկայութիւն է եւ շարունակ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ շրջանի զանազան գաղթօճախներէն ներս:

