
Յունուար 21, 2013
Ստեփանակերտի օդակայանի մասին որեւէ նիւթ կամ խօսակցութիւն, մեծ զայրոյթ կը պատճառէ Պաքուի մօտ…հաւանաբար շատ աւելի՜, որքան Արցախի ազատագրման նշումը:
Ցայսօր, հարցը այնքան մը կ՛անհանգստացնէ Ալիեւի ղեկավարութիւնը, որ քանի մը օր առաջ, Յունուար 18-ին կառավարական յատուկ հրովարտակով մը, լոյս կ՛ընծայուի Ատրպէյճանի օդային տարածքի օգտագործման բարեփոխուած օրէնք մը, որուն մէջ մանրամասնօրէն կը պարզաբանուի թէ արգիլեալ գօտիներէ ներս Ատրպէյճանի օդուժը կրնայ հարուածել թռիչք կատարող այն օդանաւերը, որոնք կը մերժեն ենթարկուիլ, անմիջապէս վայրէջք կատարելու կամ նշեալ գօտիէն հեռանալու հրահանգին:
Հաւանաբար այս հրովարտակին պատրաստութիւնը շատ աւելի կարճ եւ յստակ պիտի ըլլար, փոխանակ շարադրելու Ատրպէյճանի օդային տարածքի եւայլն նախադասութիւնը, պարզապէս նշել Ստեփանակերտ քաղաքի օդակայանը:
Ըստ երեւոյթին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան համար օդային տարածքը գեր-առաջնահերթ կը թուի հողայինէն…կամ ալ հաւանաբար արդէն իսկ քսանամեայ պատմութիւն կերտած Արցախի անկախութիւնը “տը ֆաքթօ“ կացութիւն մը ստեղծած է:
Արդէն իսկ, աւելի քան երկու ամիս առաջ, քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը գրեթէ վերոյիշեալ հրովարտակին բովանդակութիւնը փոխանցած էր, յայտնելով թէ “բռնագրաւեալ“ հողաշերտէն ներս, օդային տարածքը փակ է քաղաքացիական օդային ճամբորդութեանց դիմաց եւ որեւէ օդանաւ, որ այդ գօտիէն ներս մուտք կը գործէ, վտանգի կ՛ենթարկէ ճամբորդներու կեանքն ու ապահովութիւնը: Աւելի՛ն, վերոյիշեալ ներկայացուցիչը` Ֆերիտ Շեֆիեւ, յաւելեալ ցափռտուքներ կատարելով, յայտնած էր թէ Արցախի եւ այլ գրաւեալ հողաշերտերու օդային տարածքը կը գտնուի Ատրպէյճանի իրաւասութեան տակ, եւ հետեւաբար առանց Պաքուի կառավարութեան արտօնութեան` այլ երկիրներու կողմէ որեւէ թռիչք, կը նկատուի ապօրինի:
Այսուամենայնիւ, Նախագահ Ալիեւ եւ իր հլու կամակատար Շեֆիեւ պէտք է որ իմանան թէ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործելու որոշումը վերապահուած է Արցախի իշխանութիւններուն, եւ այդ մէկը մարդասիրական բնոյթ ունի, այսինքն` որոշումը տրուած է Արցախի քաղաքացիներուն եւ անոնց կարիքներուն ազատ ու հանգիստ երթեւեկը ապահովելու համար…Այսինքն պարզումէկին, այս նորակառոյց օդակայանը պիտի գործածուի ճամբորդատար եւ ապրանքատար “թռչնազգի“ներու համար, հեռու զինուորական – ռազմական որեւէ գործունէութենէ:
Այսպիսի յարձակողական հակա-օդային տրամադրութիւն անընդունելի է եւ առաջին հերթին կը հարուածէ Արցախեան հիմնահարցը խաղաղօրէն լուծելու գործընթացը:
Մինչ այդ, արդէն իսկ անցեալ Սեպտեմբերէն ի վեր օդակայանը լիովին կը համապատասխանէ միջազգային պահանջներուն եւ անվտանգութեան չափանիշներուն: