
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հոլանտա
Եթէ կ’ուզես զգալ իրավիճակ մը լիովին՝ պէտք է անոր կաղապարին մէջ մտնես:
Մէկ տարիէ ի վեր կօշիկս կը հանեմ ու կը հագնիմ, չկրնալով յարմար կօշիկ գտնել: Յամառօրէն հին կօշիկս ոտքս կ’անցընեմ:
Ատ ալ նեղ է այլեւս:
Ա՜խ, թափառական, տարագիր իմ հայ, երկար է դեռ ճանապարհդ. մերթ կը վազես, մերթ կը ցատկես, ատեն-ատեն ալ կանք առնելով կը հեւաս. բայց երբեք չես իյնար:
Հին կօշիկս նեղ է այլեւս:
Բոպիկ եմ հիմա, արիւնոտ ոտքերով, աչքերս կը խուսափին ոտքերէս, իսկ ոտքերս՝ ճամբաներէն. իմացականութիւնս կը սուրայ դէպի հեռաւոր փայլքը, քաշքշելով ետին վիրաւոր ոտքերս:
Օտար ափերու վրայ հպարտ քալել գիտցող վիրաւոր ոտքերս վստահաբար պիտի գտնեն յարմար կօշիկ մը:
Ո՞վ գիտէ… թերեւս օր մը թռչիմ ու պէտք չունենամ կօշիկի: