
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Առաջնորդարանը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ, Փետրուար 13-ին, շրջանի եւ Գանատայի կղերականները, Սուրբ Ղեւոնդեան տօնին առթիւ, կատարած են իրենց տարեկան հանդիպումը, ներկայութեամբ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Բարեջան Առաջնորդ` Արք. Օշական Չօլոյեանի եւ Գանատայի Առաջնորդ` Արք. Խաժակ Յակոբեանի: Այս 37-րդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Առաքելական Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, որուն Տէր Հայր` Յովնան Պոզոյեանը, կատարեց բացման խօսքը: Խմբային աղօթքէ ետք, կարդացուեցաւ, այս հանդիպման առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղերձը, որուն մէջ կը նշուէր թէ այս տարի “Գիրքի Տարի“ ըլլալով, ամէն ճիգ պէտք է որ տարուի, յատկապէս հայրենի հրատարակութիւններ տարածուին եւ հետեւողական ձեւով կատարուի ընթերցում: Այս առթիւ, Հայր Ներսէս Մանուկեան ներկայացուց հայ գիրքին եւ գրականութեան կարեւորութիւնը: Այլ կրօնական բնոյթ ունեցող նիւթեր եւ թեմաներ ներկայացուցին, յաջորդաբար Հայր Կոմիտաս Փանոսեան, Հայր Կոմիտաս Պաղսարեան, Հայր Գեղարդ Քիւսպէքեան, Հայր Անդրանիկ Պալճեան, Հայր Արամ Ստեփանեան, Հայր Նարեկ Տէրտէրեան եւ Դոկտ. Վահան Գույումճեան:
Կատարուեցաւ այցելութիւն` “Յովնանեան“ վարժարան, ուր Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Բարեջան Առաջնորդ` Արք. Օշական Չօլոյեան անդրադարձաւ Վարդանանց տօնին մասին: Ան բացատրեց թէ 451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած պատերազմը սովորական իմաստով պատերազմ մը չէր. ան հայութեան խորունկ հաւատքին, ամուր վճռակամութեան եւ անքակտելի միասնականութեան վաւերական արտայայտութիւնն էր: Ան շեշտեց թէ Վարդանանց պատերազմը հայութեան հաւաքական “ո՛չ“ն էր` քրիստոնէական հաւատքը հայ ժողովուրդի կեանքէն հեռացնել, ազատութիւնը հայ ժողովուրդէն խլել ու Հայաստանի անկախութիւնը խորտակել փորձող Սասանեան Կայսրութեան դէմ: Ան աւելցուց թէ Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի, երբ կը պաշտպանուի Արցախի անկախութիւնը, երբ հայրենի պետութիւնն ու եկեղեցին, բոլոր կառոյցներն ու ժողովուրդի զաւակները կը մնան ամրօրէն կառչած պահանջատիրութեան` դէմ կանգ-նելով ցեղասպան թուրքին ժխտողական քաղաքականութեան եւ հայութեան ձայնը լռեցնելու ձգտող ճիգե-րուն: Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն վերանորոգ հաւատքով մասնակից դառնալու նոր օրերու Վարդանանց պատերազմին: Աշակերտները, Վարդանանցի առթիւ, փոքր յայտագիր մը ներկայացուցին:
Այս կրօնական հանդիպման աւարտին, կատարուեցաւ այցելութիւն` “Էլիս“ կղզի եւ “Ազատութեան Արձան“: