
Յ. Պալեան
Աշնան թօնուտ օր էր երէկ:
Հեռատեսիլի բաց պզտիկ պատուհանէն կը հետեւէի հայրենի Արցախի մէջ թաւալող կռիւներուն, կարծէք հնարուած պատերազմի մը պատկերները կը տողանցէին:
Միաժամանակ հին թուղթեր կը խառնշտկէի, գրութիւններ, թերթերէ մկրատով կտրուած եւ պահուած էջեր: Յանկարծ գունաւոր լուսանկար մը դուրս թռաւ դէզին մէջէն եւ արթնցան յիշատակներ: Չեմ յիշեր ճիշդ թուականը, կ’ենթադրեմ որ 1994էն վերջ էր, Ծաղկաձորի մէջ կը գումարուէր ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի Պատգամաւորական ժողովը: Կէսօր էր:
Բակը, պատին կռթնած լուռ ծերունի մը նստած էր առանձին եւ արեւով կը տաքնար: Հարցուցի թէ ո՞վ էր ան: Ըսին՝ ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆն է: Մօտեցայ, ինքզինքս ներկայացուցի եւ ինք հարցուց թէ ինչո՞ւ հոն էինք:
Խօսեցանք Հայաստանի կացութեան, Արցախի կռիւներու, գրականութեան, բանաստեղծութեան եւ այլ հարցերու մասին: Իմաստուն մարդ էր: Իր գնահատականները տուաւ անցեալի եւ ներկայի մասին: Սրահ պէտք էր վերադառնայի, բայց ըսի, որ կրկին պիտի հանդիպինք եւ իրեն հետ զրոյց պիտի ունենամ եւ արձանագրեմ, սփռելու համար Փարիզի հայկական ձայնասփիւռէն: Օր մը կը գտնե՞մ այդ զրոյցը:
Բանաստեղծի հետ զրոյցը միշտ թաքուն ճամբաներ ունի, միտքեր եւ զգացումներ կը վերանորոգէ: Իսկ բանաստեղծի խօսքը իր ժամանակին մէջ չի պարփակուիր: Ան միշտ նոր բան կ’ունենայ յուշելիք: Ինչպէս գիրքի մը կողքին վրայ գրած է յոյն Նիքոս Քազանձաքիս, «բանաստեղծութիւնը աղն է որ կը պաշտպանէ կեանքը փտութեան դէմ»:
Բանաստեղծը մեզ կը պաշտպանէ փտութեան դէմ:
Լուսանկար մը: Հեքիաթային Ծաղկաձորի Գրողներու Տունը: Բանաստեղծը: Եւ արդէն քառորդ դար…
Եւ հիմա կռուի գացողներու սահող պատկերներ:
ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ ԿՌՈՒԻ ԳԱՑՈՂՆԵՐ:
Յիշողութեանս մէջ, պատկերին հետ, կենդանացաւ Գէորգ Էմինի բանաստեղծական խօսքը, որ այսօր տեսիլքն է հոգիներու եւ կը զինէ հայ կինն ու տղամարդը, Արցախ, Հայաստան եւ սփիւռքներու անսահմանութեան տարածութեան վրայ: Տեսիլք՝ պապերէն, պատմութենէն, հողէն, երկինքէն, ջուրէն, անտառներէն եկած եւ մէկ բառի մէջ խտացած պատգամ, որ կ’առաջնորդէ. ՀՈՂԸ:
Կը յիշե՞նք Խրիմեան Հայրիկի պատգամը Պապիկէն Թոռնիկին, որ՝
Հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը,…. անհող չմնաս…
Յիշեցի Գէորգ Էմինի պարզ եւ հզօր, մեղմ ու հոգիներու մէջ հնչող տողերը, որոնք աշխարհագրութիւն են, պատմութիւն, գեղանկար, հայու կեանքի դաջուած պատկեր:
Եւ բարձրաձայն կարդացի:
Կռուի երթին մասնակից ըլլալու, գիտնալու՝ թէ ո՞ւր կ’երթան, ո՞ւր կ’երթանք եւ ինչո՞ւ:
Հատիկ հատիկ պէտք է կարդալ բառ եւ տող, գտնելու համար հարցումին պատասխանը:
Ես սիրում եմ հայոց հողը քարքարուտ,
մեր Մասիսը՝ յաւերժութեան անմահ վկայ,
մեր հանդերը՝ արեամբ ջրուած, ջրի կարօտ,
ուր կոթողի զարդ է ամէն մի քար:
Քարքարուտ՝ բայց մե՛ր հողը, որուն խառնուած են աճիւնները հայրերու: Այդ աճիւններով հողը կ’ըլլայ հայրենի:
Խօսող քարեր, որոնք տաճար են:
Ժայռեր՝ որոնք դարեր պահած են առասպել դարձած պատմութիւնը Վահագնի, Դաւիթի, Մհերի:
Առհաւական յաւերժացած եւ հոգիներու մէջ միշտ կենդանի վառ գիտակցութեամբ խրոխտ երիտասարդը եւ Եղիշէի փափկասունք տիկնայք կրկին կ’երթան բանաստեղծի կոչին անսալով՝ վերջ դնելու մեր տառապանքին:
Մեր հին բախտի պէս դառնահամ հայոց գինին,
մեր երգերը`նման խեղդուած հառաչանքի.
եւ յոյսերի ու երազի այն նոր ուղին,
որ վերջ դրեց մեր դարաւոր տառապանքին:
Այսօր կռիւ է, գարուն կեանքով երիտասարդներ եւ փափկասունք հայոց աշխարհի մահը սիրողի պէս զէնք բռնած են, որպէսզի, ինչպէս կ’ըսէ Գէորգ Էմին, ոչ ոք զիրենք զրկէ իրենց ունեցածէն: Անոնք լսած են դարերու շունչին հետ հասած հարազատ խօսքը բանաստեղծին,
Սիրում եմ մեր խոր անցեալն ու նոր ապագան,
չկայ ոչինչ, որ չսիրեմ` մահից բացի….
…Բայց պատրաստ եմ մահը սիրել մինչեւ անգամ,
եթէ փորձեն ինձ զրկել իմ ունեցածից:
Քառորդ դար առաջ էր: Էմին չկայ: Բայց իր խօսքը կը ճառագայթէ իր ծննդավայր քաղաք Աշտարակի բլրան կողի եկեղեցիի շրջափակին մէջ գտնուող իր տապանէն եւ կը հսկէ արեամբ վճարուող մեր հողի եւ մեր կեանքի երթին: Պատմութիւն Հայոց, զոր կը գրեն, անկէ դուրս չնետուելու համար, հայ զինուորը եւ ճակատ մեկնող Փափկասունքն Հայոց Աշխարհի:
Եւ կը յանկերգեն՝
…Բայց պատրաստ եմ մահը սիրել մինչեւ անգամ,
եթէ փորձեն ինձ զրկել իմ ունեցածից:
Հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանին առջեւէն կ’անցնին զինուորներ, կը փայլատակեն հրկիզուող հրասայլեր, եւ հայն է որ կը շարունակէ յամառօրէն ըսել՝
Ես սիրում եմ հայոց հողը քարքարուտ…
Քանի որ այդ ՀՈՂԸ օտար աշխարհներու մէջ մեր վարձու սենեակը չէ:
Հայրենիք է: