ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ․- «ԿՈՐՔԻԻ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶԸ»՝ ՕՓԵՐԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7-ին, Նուարքի Արուեստի թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի «Կորքիի երազային պարտէզը»։ Այս գործը կը պատկանի ծանօթ երգահան Միշէլ Էքիզեանի, որ օգտագործած է ամերիկահայ նշանաւոր նկարիչ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Մանուկ Ատոյեան, 1904-1948) պատմութիւնը։ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Կորքիի վրայ։ Էքիզեան կրցած է անցեալ մը վերակենդանացնել։ Ան կը ներկայացնէ Կորքիի հաճելի բնաւորութիւնն ու ուրախ, գեղեցիկ եւ գրաւիչ երիտասարդութիւնը: Ան կը նկարագրէ Կորքին` որպէս «Կարօտի բանաստեղծ»։ Կորքի արուեստի աշխարհ եկած էր փոխարինելու այն ընտանիքը, զոր կորսնցուցած էր Հայաստանի մէջ:
Կորքիի գործերուն մէջ յայտնի են իր հայկական անցեալէն խորհրդանշաններ` արօր, մաշիկ, ծառ, գոգնոց․․․: Օրինակ` իր «Լեարդը աքլորին սանտրն է» (1944) մեծ աշխատութիւնը պարտէզ մըն է` ծածկուած կարմիր մարմինի կտորներով: Կարեւոր աշխատութիւններէն է Նուարքի օդակայանի պատի նկարը, որ վաթսունականներուն ի յայտ եկաւ ու փրկուեցաւ:
Այս ութսուն վայրկեան տեւողութիւն ունեցող Ներկայացումը պիտի կատարուի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, թանգարանի «Պիլի Ճոնսըն» թատերասրահին մէջ եւ թանգարանի մուտքի տոմսակով կարելի է ձրիաբար մուտք գործել սրահ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելեցէք www.newarkmuseum.org կայքէջը։


