ԳլխաւորԽմբագրական

 Կորսնցուցա՞ծ ենք Ինքնաճանաչումը… Անկախութեան Հանդէպ

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

«Անազատ աշխարհի հետ գործ ունենալու միակ ձեւը այնքան բացարձակապէս ազատ ըլլալ է, որ գոյութիւնդ իսկ արդէն ապստամբութեան արարք մըն է»։

                                                                          Ալպեր Քամիւ  (1913-1960, ֆրանսացի փիլիսոփայ)

Փոխուած է անկախութիւն հասկացողութիւնն ալ, քայլ պահելով բարեշրջումին հետ:

Բարեշրջո՞ւմ, հոլովո՞յթ, զարգացո՞ւմ, թէ՞ եղափոխութիւն: Սակայն ո՛չ յեղափոխութիւն, որ հետզհետէ կորսնցուցած կը թուի ըլլալ նոյնինքն իմաստը: Այսօր կարելի չէ հպարտօրէն եւ կուրօրէն կրկնել Վուտրօ Ուիլսընի այն հաստատումը, թէ ազատութիւնը երբեք չէ եկած կառավարութեան կողմէ, այլ ընդհակառակը ինքն իրմէ:

Advertisement Subscribe Today

Անկախութիւն մը դիմանալու, արժեւորուելու եւ վերարժեւորուելու համար պէտք ունի նոր գաղափարներու եւ հին թէ նոր ներմուծուած  գաղափարաբանութիւններու:

Ազատութեան պատմութիւնը՝ ընդդիմութեան պատմութիւնն է, հետեւաբար ՄԵՐ պարտքն է թէ՛ ազատութեան եւ թէ՛ անկախութեան հանդէպ գուրգուրանքով, վեհութեամբ եւ ակնածանքով վերաբերիլ: Կը խօսինք ազատութիւնն ու անկախութիւնը խաթարող արտաքին սպառնալիքներու մասին:  Այդ մէկուն մասին չի խօսուիր, ոչ ալ մելան կը հոսեցուի, այլ արիւն, այսինքն՝ նահատակութիւն, որուն վերջին փաստը Ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմն էր:

Խնճոյքի երթալու նման, երգելով ու տաւուլ-զուռնայով ուղղուեցանք ճակատ: Այդպէս ենք մենք եւ մեր գործելաձեւը:

Գլխագիր «մեր»-ը եւ այդպէս ալ պիտի մնայ ու յատկանշուի: ՄԵՐ մը, որ կ՛ընդգրկէ Հայաստանի  Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները` բանուորն ու մշակը, բժիշկն ու  գործարարը,  պետական պաշտօնեան եւ մշակոյթի ծառայողը եւ անգամ մը եւս կարկինը ընդլայնելով՝ Հայաստան – Արցախ – սփիւռք եռեակը:

Ժամանակին ալ եւ ներկայ օրերուն ալ դժուար է «երազ»-ի կամ այդ երազային անկախութեան եւ յատկապէս ազատութեան մասին խօսիլ, որովհետեւ ամէն մէկ անհատ տարբեր ձեւով կը մեկնաբանէ, այսինքն՝ կ՛երազէ: Հանքագործին երազածը միեւնոյնը չէ, համեմատած որմնադիրին:

Սակայն, պայքարելով ծայրայեղ աջակողմեան ալիքներուն կամ «նէօ-լիպերալ» քանդիչ նիւթապաշտութեան եւ անհատապաշտութեան դէմ, կարելի է կերտել բարեկեցիկ Հայաստան մը:

Հակառակ այս բոլոր խոչընդոտներուն, կարելի է կառուցել արդիւնաւէտ երկիր մը,  որ պիտի պաշտպանէ  ազատ քաղաքացին եւ ազատ հասարակութիւնը:

Այո՛, անտեղի է կրկնելը, թէ մեր քաղաքացիները եւս պէտք է ազատ ըլլան, որովհետեւ ի վերջոյ ազատ մարդն ու ազատ հասարակութիւնը  շատ աւելի արդիւնաւէտ կը գործեն: Եւ անշուշտ շահագործող, օգտագործող ու անազատ մարդիկ տեսականօրէն շատ բան կրնան ստեղծել , բայց ո՛չ երջանկութիւն եւ ո՛չ ալ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ:

Վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն 28 գարուններ բոլորած է: Արձանագրուեցան սխալներ ու  յաջողութիւններ, սակայն տեղին է շեշտել, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են եւ դեռ ալ  կ՛ունենան անշրջելի գործընթացներ յատկապէս մարդկանց մտածողութեան ու հոգեբանութեան մէջ:

Հետեւաբար պէտք է շարունակ ահազանգ հնչեցնել, որպէսզի չդաւաճանենք մեր նպատակներուն, կերտած ճանապարհին եւ մտայղացուած գաղափարին, չկորսնցնենք  մարդկային ու քաղաքական դիմագիծը, նաեւ յատկապէս ուղենիշները՝ ՄԵՐ-ը գերադասելով «ես»-էն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button