ԿՈՏՈՐԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՎ ԱԶԳ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱՆՍԵԹԵՒԵԹ ՈՒՂԻՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 34 Second

h balian armenian-emigrants-in-russia
Յ. Պալեան

ՆԵՐԿԱՅԻ ՇՈՂԱՆԿԱՐԸ

Երբեմն փակագիծի մէջ դնելով առօրեան, հարկ է տեսնել մեր անմիջական կացութիւնը, ուր կան կարեւոր եւ կենսական պատասխանի կարօտող խնդիրներ, պէտք է մտածել նաեւ ազգի հիմնահարցերու մասին, այլապէս յուզական, մասնակի, անհատապաշտական լուծումները ժամանակաւոր եւ յարափոփոխ թափահարումներ միայն կրնան ըլլալ:
Հեռուի եւ մօտի խտացումը մեկուսացումներու վերջ տուած է, համաշխարհայնացումը իր նուազագոյն արտայատութեան վերածած է ազգի հասկացողութիւնը, տնտեսական խորքի վրայ նոր ըմբռնումներ յառաջացնելով: Աշխարհագրական տարածքներու բնակչութիւններու մշակութային, լեզուական, կրօնական եւ կենցաղային խառնուրդները նոր կացութիւններ ստեղծած են, որոնք ծնունդ կու տան ցարդ ազգային-քաղաքական ուրոյն դիմագիծ ունեցող պետութիւններու ինքնուրոյն յատկանիշներու փոփոխութիւններուն:
Յաջորդական պատշաճեցումներու հետեւանքով նոր ըմբռնումներ կը յառաջանան, որոնք աւելի պիտի շեշտուին կլիմայական, տնտեսական աւերներու, պատերազմներու եւ զանգուածային տեղափոխութիւններու պատճառով, այսինքն՝ գաղթականական ալիքներու, կը փոխուին տարածութիւններու (հայրենիքներու) ժողովրդագրական պատկերը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Երեւոյթը նոր չէ հայ ժոլովուրդին համար, որ ստիպուած եղած է, դարերու ընթացքին, յաջորդական ալիքներով, հեռանալ-հեռացուիլ իր հայրենիքէն: Անիէն գացած են Խրիմ եւ Թրանսիլվանիա, քաղաք հիմնած են, եկեղեցի կառուցած են, դաւանափոխ եղած են, եւ հուսկ գրեթէ անհետացած են: Հայաստանէն հայեր տարուած են Պարսկաստան, դրկից ըլլալով մայր երկրին դիմացած են, ապա մեծ մասով գաղթած են ովկիանոսէն անդին: Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք հայեր կրկին տարտղնուած են օսմանեան կայսրութեան այլազան շրջանները եւ հեռաւոր արեւմտեան երկիրներ, գացած են Լեհաստան, Ռուսիա:
Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին գործադրուած ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման հետեւանքով, գաղթականական ալիքներ հասած են արաբական երկիրներ, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ: ներկայիս ալ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, վանդակէն փախչելու պէս զանգուածային արտագաղթ տեղի ունեցաւ եւ կը շարունակուի վերանակախացած Հայաստանի Հանրապետութենէն դէպի մոլորակի բոլոր հորիզոնները:
Այս հին եւ նոր գաղթականութիւնները միշտ ալ գտնուած են պատշաճելու, տնտեսական ապահովութիւն նուաճելու եւ հասարակաց կոճղէն հեռանալու անուղղակի կամ ուղղակի պարտադրանքի հարկին տակ: Միամիտ չըլլանք, այդ պարտադրանքը, իր զոյգ ձեւերով, նոյն հանգրուանին կը տանի, տեւողութեան եւ ժամանակի հարց է, դէպի «ծագումով հայ» դառնալու լուծարքի ընթացք: Ճկոյթի եւ դատարկաբանութիւններու ետին թաքնուելով կը մշակենք կամաւոր կուրութիւնը, որ ազգի ներուժի կորուստն է, հաւատալով, որ ինքնութիւն պիտի պահենք Նոր Զելանտա, Շանկհայ, Եւրոպա կամ Սիպերիա:
Եթէ «ազգի հարց»ը առանց ճապկումներու կարենայինք քննել, վերկուսակցական, վերհատուածական, վերտեղայնական, նոյնիսկ վերպետական եւ վերտեսաբանական մօտեցումով, մեր լինելութեան ըմբռնումը թերեւս կը մտնէր իր բնական հունը: Կը կարծենք անկէ դուրս եկած չըլլալ, մինչդեռ այդ հունէն դուրս եկած ենք առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, անկէ հեռացած ըլլալու գիտակցութիւնը խեղդած ենք եւ կը խեղդենք ճառերով եւ շահախնդրութիւններով, զայն աւազախրումի մատնելով:
«Ազգ»ի հարազատութեան ըմբռնումը մեղանչումներու ցանկին վրայ արձանագրուած է, մոռնալով մարդը եւ ընկերութիւնը, զանոնք փոխարինելով տնտեսութեամբ, արտադրութեամբ եւ սպառումով:
Եթէ կարենայինք մեր կացութիւնը դիտել լինելութեան եւ վերականգնումի տեսանկիւնէ, վերատեսութեան կ’ենթարկուէինք եւ կ’ենթարկէինք ընդունուած եւ ընդունելի համարուած տեսակէտներ, միտքեր, նախաձեռնութիւններ:
Նախ խօսինք կացութեան մասին:
Տարտղնուած, իր կէսով հայրենահանուած, իր հայրենիքին մեծ մասէն զրկուած հայ մասնատուած ժողովուրդը ազգ դառնալու պայմանները վերստեղծելու, իր միութիւն-մէկութիւնը նուաճելու եւ այդպէս ապրելու ու տեւելու հրամայականին եւ ընտրանքին առջեւ կանգնած է: Այդ ժողովուրդը ընդհանուր բնորոշումով ճանչցուող հայութիւնն է: Գէթ կացութեան իրապէս գիտակցողներու պարագային, որոնց տոկոսը օր մը պէտք է ճշդել ընկերահոգեբանական գիտական ուսումնասիրութեամբ մը, հրաժարելով անդիմագիծ դիրքապաշտական եւ մարդորսական թաղային վերաբերումներէ:

ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԱԶԳԵ՞Ր, ԹԷ՞ ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ՄԻՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ազգ-պետութիւնները իրենց սահմանումի առաջին յղացքը՝ ազգը՝ լքելու ընթացքի մէջ են, զուտ տնտեսական հասարակ յայտարարի վրայ միութիւններու ծնունդ տալով, տեսական հաւասարակշռութիւններ ստեղծելով: Անցեալին այդ տեսական հաւասարակշռութիւնները ստեղծուած են գրաւման բանակներով հաստատուած կայսրութիւններու սահմաններէն ներս, բայց պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ զէնքի ուժով ստեղծուած խճանկարային հաւասարակշռութիւնները եւ միութիւնները իրենց լեզուական, կրօնական, ծագման եւ այլ ինքնուրոյնութիւններէն բխած հակասութիւններուն պատճառով, պառակտուած են: Օրինակները խօսուն են. Մեծն Աղեքսանդրի, Հռոմի, Պարսկաստանի, օսմանեան, ցարական եւ խորհրդային կայսրութիւնները:
Եթէ անմիջականի, արդիականի եւ նորարարութեան ջնարակի կեղծ փայլերը եւ բառային աճպարարութիւնները պահ մը մէկդի դնէինք, վերագտնէինք պատմութեան դասը եւ ժողովուրդներու փորձէն եկած իմաստութիւնը, կը դադրէինք գէշ սարքուած կողմնացոյցներով նաւարկելէ:
Ներկայի գաղափարները կը բխին կողմնակալ ըմբռնումներէ, կը միտին դիրքեր ամրացնելու եւ արդարացնելու: Եթէ վերադառնանք անմիջականէ անդինը տեսնող իմաստուններու դպրոցը, աւելի լաւ կը հասկնանք կացութիւնը եւ ըստ այնմ կը դիրքորոշուինք, կ’առաջնորդենք եւ կ’առաջնորդուինք:
Աւելի քան երեք դար առաջ, իրենց ինքնութեան սահմանագծումը կ’ընէին Եւրոպայի ժողովուրդները: Չկային Հռոմէական կայսրութիւնը եւ անոր յաջորդած Հռոմէագերմանական բազմազգ կայսրութիւնը:
Ֆրանսական ակադեմիան, 1694-ին, կը սահմանէր ազգը ըսելով, որ նոյն պետութեան, նոյն երկրի, նոյն օրէնքներով ապրող եւ նոյն լեզուն գործածող մարդոց ամբողջութիւնն է: Պատմութեան դասը ցոյց կու տայ, որ այս նոյները մէկի վերածելու բոլոր փորձերը վերջ գտած են արիւնահեղութեամբ եւ կարգ մը ազգերու կամ անոնց հայրենիքներու ջնջումով: Այսինքն մարդկութիւնը զրկուած է իր աշխարհաճանաչողութեան զանազանութեան հարստութենէն, որ Պղատոնի իմաստութեամբ պիտի ըլլար զանազանութիւն միութեան մէջ:
Յաճախ կը խօսուի լեզուներու անհետացման մասին: Իսկ լեզուն որպէս հիմնական ազդակ կը տեսնենք ֆրանսական ակադեմիայի սահմանումին մէջ: Համաշխարհային հարցերուն լուծում գտնելու ոչ միջոցները եւ ոչ ալ ոյժը ունի հայ ժողովուրդը՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Բայց կանգնած ենք մեր լեզուն չկորսնցնելու վտանգին առջեւ, երբ ողողող եւ տիրող կը դառնան իշխողներու այսպէս կոչուած «մեծ լեզուները»: Այս պարագային, մեր լեզուի պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն կը գտնուի, պատճառ-պատրուակներ փնտռել զանազան բնոյթի արդարացումներու եւ նահանջներու համար, ազգի վերականգնումի, տոկալու եւ տեւելու տեսանկիւնէ վատութիւն է, աններելի են ամէն կարգի մարդորսական խուսանաւումները (manœuvres de proselytisme), որոնք կը միտին տեղական-տեղայնական դիրքեր պաշտպանել:
Յիշեցման համար արձանագրենք:
Մենք շատ կը սիրենք մեր խօսքին մէջ տեղ տալ միջազգային կազմակերպութիւններու օրէնքներուն եւ հաստատումներուն: Ի՞նչ կ’ըսէ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն. լեզուները կը պատկանին մարդկութեան մշակութային աննիւթական ժառանգութեան: Կ’ըսէ նաեւ, որ կը փորձէ կորսուելու վտանգի ենթակայ լեզուներու պահպանման նպաստել: Կը տրուին սարսափ պատճառող թիւեր:
. Աշխարհի լեզուներու 50%-ը կորսուելու վտանգի ենթակայ են:
. Միջին հաշուով լեզու մը կը կորսուի երկշաբաթական հերթականութեամբ:
. Եթէ աղէտին առաջքը կարելի չըլլայ առնել, մինչեւ դարավերջ լեզուներու 90%-ը պիտի անհետանան:
Եւ այդ անհետացող լեզուներուն հետ առ յաւէտ պիտի կորսուին անոնց մէջ ամբարուած ամբարուած ինքնատպութիւններ, որոնք կը վկայեն տիեզերքի մէջ մարդատեսակի իմացական լոյսի մասին:
Հետեւանքը կ’ըլլայ ստեղծումը Հերպըրթ Մարքիւզի միատարածք մարդուն:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կ’ըսէ, թէ կ’ուզէ պահպանել այդ հարստութիւնը: Բայց ինչպէ՞ս, երբ դրամի կայսերապաշտութիւնը էսքիմոներու աշխարհին տէր կը դառնայ հոն բերելով այլ լեզու մը՝ որ կը ճնշէ տեղական լեզուն, երբ Պոռնէոյի անտառները փայտի վաճառականներու անկուշտ ախորժակին կը զոհուին, անոնց բնակիչները դէպի քաղաք քշելով, ուր վերջ պիտի տրուի անոնց լեզուին: Արեւմտահայաստանի իր հայրենիքէն արդէն հարիւր տարիէ ի վեր հայրենահանուած եւ տարտղնուած հայերը, կը կորսնցնեն իրենց լեզուն:
Լեզուներու պաշտպանութիւնը էապէս քաղաքական հարց է եւ վտանգուած լեզուներու ժողովուրդներու առաջնահերթ քաղաքական հարցը: Այս պարագային մասնաւորաբար պատասխանատուութիւնը հայկական սփիւռքներու եւ անոնց ղեկավարութիւններուն: Սփիւռքներու մեծ կամ պզտիկ շրջանակներուն մէջ, ամէն անգամ որ այս կամ այն պատշաճեցման համար, ընդունելի ըլլալու կամ հոսանքին հետեւելու համար, ղեկավարութիւնները կը խախտեն ինքնութեան եւ իրաւունքի տիրութեան կանոնները, իրենք կը հարուածեն ազգի լինելութեան հիմերը:

ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒԹԵԱՆ ՀՈՒՆԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

Քաղաքական-գաղափարախօսական իմաստութիւն է կրկին եւ կրկին խորհրդածել Ֆրանսական Ակադեմիայի 1694-ի ազգի սահմանումը մեկնակէտ ընդունելով. ազգը նոյն պետութեան, նոյն երկրի, նոյն օրէնքներով ապրող եւ նոյն լեզուն գործածող մարդոց ամբողջութիւնն է: Սփիւռքներու համար ազգի պատկանելիութիւնը նուաճելու-պահելու նոյն ուղղութեամբ գացող երկու ճանապարհներ կան. նոյն երկրին մէջ եւ նոյն օրէնքներով ապրելու ընտրութիւն կատարել եւ պահել հայերէնը որպէս կենդանի եւ հաղորդակցական-ստեղծագործական լեզու:
Նոյն երկրին մէջ եւ նոյն օրէնքներով ապրելու ճանապարհը երկու չէ. Սփիւռքներու համար ան հայրենադարձութիւն է եւ յարատեւ պայքար հայրենիքի ամբողջացման:
Հայերէնը խրախճանքներու յանգ շինող երգի բառ չէ, ճառային համեմ չէ, յանձնառութիւն է: Մարդիկ կան, որոնք դիրքապաշտական շահախնդրութիւններով, նուազագոյնին տուրք կու տան, կը նահանջեն եւ լեզուն գործածող մարդոց ամբողջութեան յարաբերաբար՝ կը խորթանան: Չենք զարմանար, երբ արդարացնողներ եւ ծափահարող խառնածինի հոգիով մարդիկ ըլլան:
Հայաստան եւ սփիւռքներ, այս զոյգ եւ իրարմէ չանջատուող իմացումներուն գծով դիրքերու յստակացում պէտք է ընեն, սփիւռքեան բարեսէրի եւ հայաստանեան նպարավաճառի վերաբերումներէն հրաժարելով: Ի վերջոյ, սփիւռքեան կացութիւնը հայոց համրանքը ոչնչացման տանող «անէծք» է:
Եթէ լեզուն կորսուի, անոր հետ կը կորսուի տարբերութեան գիտակցութիւնը: «Ծագումով» այս կամ այն ըլլալու գիտակցութիւնը ժամանակ մըն ալ կը տեւէ եւ Լեհաստանի կամ Թրանսիլվանիոյ հայերուն կացութիւնը կը կրկնուի: Կ’ըլլան անանուն անցեալ:
Լեզուի կորուստ եւ սփիւռքի մնայուն կացութեան վերածում ազգի կոտորակման եւ հուսկ անհետացման ազդակներ են: Այսքան ճշմարտութիւն պարտաւոր ենք ըսելու մեր ժողովուրդին, երբ քաղաքական բեմադրութիւններ կը սարքենք, վստահելի ըլլալու համար ասդին-անդին հաւատարմութիւններ կը յայտնենք: Թերեւս անխուսափելի է սփիւռքներու անհետացումը, բայց այդ պարտինք ըսել մեր ժողովուրդին, առանց շարունակելու բարեսէրի եւ զբօսաշրջիկի քոչարիով ինքնախաբէութիւն շարունակելու:
Եւ մանաւանդ հայասէրի եւ բարեսէրի պարեգօտ հագած գաղթ քաջալերելու դէպի «ապահով» համարուած «հարուստ» երկիրներ:
Եթէ հիմնականի գիտակցութիւնը չառաջնորդէ մեզ, կրնանք տեղական-տեղայնական փառասիրութիւններ հետապնդել եւ անոնցմով գինովնալ:
Ինչ որ սփիւռքներու աթոռասիրական նոր սէրերուն մաս կը կազմէ:
Անհատական պարագաներու գերանցումով, աւելի քան երբեք, այսօր հրամայական պահանջ է համազգային հեռանկարի մը մշակումը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles