
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը Քոնկրէսին կոչ ուղղեց հետաքննելու նախագահ Պայտընի կողմէ Արցախին օժանդակութիւն չտրամադրելու հարցը:
Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան նամակով դիմեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն` կոչ ուղղելով հետաքննութիւն կատարելու Պայտընի վարչակազմին կողմէ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն չտրամադրելու վերաբերեալ, մանաւանդ որ հետեւողական ձեւով կը կատարուին նախայարձակումներ եւ ցեղային զտումներ, անշուշտ սնունդի, ջուրի, վառելիքի ու կենսապահովման համար անհրաժեշտ այլ միջոցներու պակասի կողքին:
Հայ Դատի յանձնախումբի համակիրները, օգտագործելով յանձնախումբի համացանցային կայքի կարելիութիւնները, տասնեակ հազարաւոր նամակներ ուղարկած են իրենց շրջաններու օրէնսդիրներուն` պահանջելով ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրել Արցախին:
Հայ Դատի յանձնախումբի գրութեամբ ամերիկացի օրէնսդիրներէն կը պահանջուի, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Միջազգային զարգացման ամերիկեան գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրի միջոցով, Պայտընի վարչակազմէն ստանալ հետեւեալ չորս հարցումներուն պատասխանները.-
-Ի՞նչ յստակ գործողութիւններու ձեռնարկած է Պայտընի վարչակազմը Արցախի մէջ ապրող եւ վտանգի տակ գտնուող հայերուն օգնելու համար (ծրագիրներու տրամադրում, գործընկերներու տուեալներ, պիւտճէ, ապրանքներ եւ համապատասխան այլ տեղեկատուութիւն):
-Ի՞նչ յստակ ծրագիրներ ունի Պայտընի վարչակազմը` օգնելու Արցախի մէջ ապրող եւ վտանգի տակ գտնուող հայերուն (ծրագիրներ, գործընկերներու տուեալներ, պիւտճէ, ապրանքներ եւ համապատասխան այլ տեղեկատուութիւն):
-Արդեօք Պայտընի վարչակազմը իրականացուցա՞ծ է մարդասիրական ճգնաժամի մէջ գտնուող Արցախի հայ բնակչութեան կարիքներու գնահատում:
-Պայտընի վարչակազմը պիւտճէի ի՞նչ ծաւալ կը նկատէ բաւարար եւ նպատակայարմար Արցախի հայ բնակչութեան առջեւ ծառացած մարդասիրական ճգնաժամը լուծելու համար: