
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկահայութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Սպիտակ Տան ու Քոնկրէսին, որ մնայուն եւ պատուաւոր տեղ մը յատկացնեն Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն պատրաստած ու Սպիտակ Տան նուիրուած պատմական գորգին:
Վերջերս, “Ուաշինկթըն Փոսթ“-ը գրած էր, որ Սպիտակ տունը մերժած է գորգը ցուցադրելու առաջարկը “Սմիթսոնիըն“ հիմնարկին մէջ Դեկտեմբեր 16-ին սկսելիք ցուցահանդէսին` անոր նախնական հաւանութիւն տալէ ետք:
“Ուաշինկթըն Փոսթ“ այս առթիւ գրած էր.- “Գորգը 1920-ական թուականներուն գործած են հայ որբ երեխաներ, եւ Սպիտակ Տան մէջ պաշտօնապէս ցուցադրուած է 1925-ին: Նկարին մէջ կը տեսնուի նախագահ Քելվին Քուլիճը` կանգնած գորգին վրայ, որ ոչ միայն անչափահաս երեխաներու աշխատանքին արդիւնք է, այլ բարդ, մանրակրկիտ աշխատանք մը, որ արժանի է մեծ հաստատութիւններուն: Գորգին վրայ գծուած բոյսերն ու կենդանիները կրնան ներկայացնել Եդեմական Այգին, որ այնքան հեռու էր 1915-ի սարսափելի իրադարձութիւններէն, երբ կործանուող ու ծերացած Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ հայ բնակչութեան կոտորածը: 1-1,5 միլիոն մարդ սպաննուեցան կամ մահացան սովէն, իսկ միւսները ստիպուած եղան լքել իրենց տուները: Այս գործողութիւնները այժմ կը նկատուին ցեղասպանութիւն: Ծնողազուրկ դարձան շատեր, որոնց շարքին նաեւ աւելի քան 100 հազար երեխաներ, որոնց կ՛աջակցէր Մերձաւոր Արեւելքը հովանաւորող ամերիկեան կազմակերպութիւնը: Անոնց շարքին էին գորգը գործող աղջիկները: Ան պատրաստուած է Ղազիր քաղաքին մէջ, որ այժմ Լիբանանի մէջ է, առ ի շնորհակալութիւն Միացեալ Նահանգներուն` ցեղասպանութեան ժամանակ հայերուն ցուցաբերած օգնութեան համար“:
Սպիտակ Տան այս կամայական որոշումին դէմ արտայայտուելու եւ անոր փոփոխութիւնը պահանջելու համար կարելի է այցելել www.anca.org կայքէջը:
“Սպիտակ տունը պէտք է յստակ բացատրութիւն տայ իր որոշումի պատճառներուն վերաբերեալ: Ժամանակն է, որ Սպիտակ Տունը ընդունի Թուրքիոյ դերը եւ ներկայացնէ փաստերը, թէ ինչո՞ւ կը խոչընդոտէ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերուն գործած այսպատմական ու արուեստի տեսակէտէն արժէք ունեցող գորգին ցուցադրութիւնը “Սմիթսոնիըն“-ի մէջ, կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
“Սմիթսոնիըն“-ի Ասիական մշակոյթի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Փոլ Թայլըր կը յայտնէ, թէ Սպիտակ Տունը որեւէ բացատրութիւն չէ տուած իր որոշումին կապակցութեամբ, նշելով, որ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի միջամտութիւնը արդիւնք չէ տուած:
Հոկտեմբեր 24 թուակիր ու նախագահ Օպամայի աշխատակազմի ղեկավար Տենիս ՄըքՏանայի ուղղուած նամակին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան Սպիտակ Տան յիշեցուցած էր, թէ գորգը ստանալու ընթացքին նախագահ Քուլիճ գրած էր. ““Գորգը իր պատուաւոր տեղը ունի Սպիտակ Տան մէջ, ուր անիկա աշխարհի մէջ բարի կամքի ամէնօրեայ խորհրդանիշը պիտի ըլլայ“: