
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նոյեմբեր 5–ի թուակիր նամակով մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ կոչ մը յղեց Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթարին, որ յարգէ Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը այցելելու իր խոստումը, որ նախապէս ամիսներ առաջ տուած էր Քոնկրէսին առջեւ իր վկայութեանց ընթացքին:
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Նախիջեւան այցելած Մորնինկսթարին արտօնութիւն չէր տրուած, այցելելու սրբապղծուած եւ ոչնչացուած հայկական գերզմանատուները, տեղւոյն իշխանութիւններու միջամտութեամբ…ապահովական պատճառներով: Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ին, պատասխանելով այս մասին լրագրողի մը ուղղած հարցումին` Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, թէ նախարարութիւնը տակաւին յստակ եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ չունի այն մասին, թէ Մորնինկսթարին արգիլուած է այցելել Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը:
Այս գծով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց թէ դեսպան Մորնինկսթար պէտք չէ ընդունի ատրպէյճանականի ժխտական կեցուածքն ու “ոչ“ը, այլ պէտք է շարունակէ Իլհամ Ալիեւին պնդել ու համոզել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերացնել այս արգելքը: “Մորնինկսթար պէտք է որ անձնապէս ականատես ըլլայ պատահածին: Ինչ ալ ըլլայ պարագան, յստակ է, որ իբրեւ ամերիկացիներ` պէտք է կասեցնենք զէնքերու վաճառքը ատրպէյճանցիներուն, որոնց զինուորները այդ քանդիչ զէնքերը կ՛օգտագործեն գերեզմաններ քանդելու համար: Նաեւ, պէտք է կասեցնենք տնտեսական օժանդակութիւններու տրամադրումը այնպիսի երկրի մը, որ արտօնութիւն չի տար մեր դեսպանին այցելել խաղաղ պայմաններու տակ տեղի ունեցած մշակութային քանդումի վայրեր…“, եզրակացուց Համբարեան:
Ջուղայի հայկական գերեզմանատան քանդումին մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, այցելել www.djulfa.com կայքէջը, իսկ միջազգային համայնքին կողմէ այդ ոճիրը հետապնդելու փորձերուն եւ ազերի կողմին ցուցաբերած ընդդիմութեան մասին տեղեկութեանց համար, այցելել Հայ Դատի www.anca.org/assets/graphics/2011/djulfa_timeline.pdf կայքէջը: