ԳլխաւորԼրահոս

ԿՈՉ.- ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԿԷՏ՝ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 20


Լիբանանի մէջ կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու սկզբունքային թուական ճշդուած է Մայիս 6, 2018 թուականը։ Լիբանանի խորհրդարանի որոշումով, այս ընտրութիւններուն, առաջին անգամ ըլլալով, արտասահման ապրող բոլոր լիբանանցիները պիտի կարենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարել՝ բնակած վայրերուն կամ ամէնամօտակայ շրջաններուն մէջ:
Լիբանանի Արտաքին գործոց եւ Արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան որոշումով՝ մինչեւ Նոյեմբեր 20, 2017 պիտի կատարուի արտերկրի լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային արձանագրութիւն եւ այդ ‎ճամբով ապահովուի անոնց քուէարկելու իրաւունքը՝ քուէարկութեան օրը։ Արձանագրուելու համար պէտք է այցելել Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան կայքէջ https://diasporavote.mfa.gov.lb/
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի ընտրական յանձնախումբը պատրաստ է ամէն գնով օգտակար դառնալու մեր ազգայիններուն որպէսզի արձանագրուին տուեալ ժամկէտէն առաջ։ Կը խնդրենք մեր ազգայիններէն կապուիլ ընտրական յանձնախումբի անդամներուն.-
Հեռ.-
Յարութ Գարակէօզեան 781 609 8188
Գէորգ Ապտալեան 617 538 6788
Իշխան Սաղպազարեան 781 609 8327
Ել-նամակ.- blebanon2018@gmail.com
Հասցէ.- «Հայրենիք»ի Շէնք
80 Bigelow Ave,
Watertown, MA 02472
Կոչ կ՚ուղղենք Արեւելեան շրջանի բոլոր լիբանանահայերուն արձանագրուին ու ապա Մայիսին քուէարկեն մեր իրաւունքներու տէր կանգնող մեր քուէացանկին։

Լիբանանահայ Ընտրական Յանձնախումբ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button