Լրահոս

Կոչ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին  Առթիւ

hom-ars 

Հակառակ հարիւր տարի առաջ կատարուած Ցեղասպանութեան աւերածութեան եւ հայու ամենօրեայ կեանքի քանդումին, այսօր հայ հաւաքականութիւններ աշխարհի բոլոր ծագերուն, կը փաստեն իրենց կամքի ուժով կերտուած ազգային կառոյցներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, եւ անհամար այլ շինութիւններու իրականութեամբ, թէ ձախողած է ցեղասպանին նպատակը ընդմիշտ վերացնելու հայութիւնը՝ իր պատմութեամբ, իր ժողովուրդով, եւ հայրենիքով:

Տէր Զօրի անապատներէն կեանք առած ժողովուրդը, այսօ՛ր հայկական ապրող իրականութեան որպէս մէկ անբաժան մարմին, Հայաստանի անկախ երկնքի տակ ապրող հայութեան հետ, ձեռքձեռքի ազգային քաղաքական վերազարթնումի շրջան մըն է որ կը բոլորէ:

Advertisement Subscribe Today

Այսօր, քաղաքական միջազգային զարգացումներուն մեր մասնակցութիւնը բերելով, անգամ մը եւս կը փաստենք, թէ որքա՜ն նոր կարելիութիւններ կարողացանք ստեղծել, որպէս մշակութային եւ քաղաքական ուժ: Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակի համազգային յուշատօնը նոր դարաշրջան մը բացաւ հայութեան առջեւ, ուր ցեղասպանութեան զգացական ու ծիսական էութիւնը վերածուեցաւ քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքի: Որպէս հետեւանք այս իրողութեան, ներկայիս ո՛չ միայն կը յիշենք, այլ ազգովին կը պահանջե՛նք:

Կը պահանջենք մեր բոլո՛ր իրաւունքները ի խնդիր մեր արդար դատի վերջնական լուծման, հակառակ Թուրքիոյ եւ անոր զինակից պետութիւններու վարած ուրացման քաղաքականութեան:

Կրկի՛ն, իբրեւ հաւաքական ուժ, մեր պարտքն է շարունակել մեր պահանջատիրական պայքարը յանուն մեր նահատակներուն եւ անոնց դաժանօրէն ընդհատուած եւ քանդուած բոլո՛ր երազներուն իրականացման:

 

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button