
Մայիս 6, 2018-ին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի խորհրդարանական
ընտրութիւնները։ Այս անգամ եւս Լիբանանի մեր համայնքը պէտք ունի մեր
զօրակցութեան։
Ինչպէս 2009-ին, այս Մայիսին եւս, մեր հայրենակիցները առիթ պիտի
ունենան մեկնելու Լիբանան եւ քուէարկելու մեր շահերը պաշտպանող մեր
երեսփոխաններուն։
Քուէարկելու համար անհրաժեշտ է նորոգել եւ կամ դիմել անցագրի։
Լիբանանահայ ընտրական յանձնախումբը պատրաստ է ամէն գնով
ապահովելու ձեր անցագրերն ու Լիբանան մեկնելու երթ ու դարձի տոմսերը։
Հաճեցէ՛ք դիմել ձեր գաղութի պատասխանատու անձին եւ կամ
ուղղակի ընտրական գրասենեակ՝ հետեւեալ թիւով ու ե-նամակի հասցէով.-
Հեռաձայն՝ 781-492-4277
Ե-նամակ՝ lebvote2018@gmail.com
Ժամանակի սղութեան պատճառով անհրաժեշտ է շուտով նորոգել
անցագրերը եւ ապահովել տոմսերը։
Դիմեցէ՛ք մեզի։
Շնորհակալութիւն՝
Լիբանանահայ Ընտրական Յանձնախումբ
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.