«Կոմիտաս» Ձայնասկաւառակ` Նոր Շունչ Եւ Միջազգային Ճանաչում Հայկական Երաժշտութեան…

0 0
Read Time:2 Minute, 44 Second

gurdjeff2

Իւրաքանչիւր մշակոյթ ունի ապագայ, եթէ կ’ապրի եւ անընդհատ կը շնչէ եւ ունի միջազգային հետաքրքրութիւն, եթէ համամարդկային արժէք է: Հայկական երաժշտութիւնը խորունկ է ու համամարդկային եւ կրնայ հանդիսանալ հինաւուրց քաղաքակրթութիւններու ընկալման կարեւոր բանալիներէն մէկը:
Բոլորովին վերջերս հայութեան համար կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը հանդիսացաւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր ընկերութիւններէն մէկուն` գերմանական ECMrecords-ի կողմէ հրատարակուած «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակը` իր երեսուն էջնոց բազմաբովանդակ տեղեկատուութեամբ եւ լուսանկարներով: Ձայնասկաւառակի մեկնաբանութիւնը գրուած է երգահան Տիգրան Մանսուրեանի եւ Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ:
Ձայնասկաւառակը հրաշալի հնարաւորութիւն եւ առիթ է Կոմիտասի երաժշտութիւնը Արեւմուտքի մէջ բացայայտելու եւ տարածելու համար: Անիկա կրնայ ըլլալ ամբողջ հայութեան համար հայ երաժշտութեան գիտակից ծանօթացումն ու երիտասարդ սերունդը հպարտութեամբ դաստիարակելու հիմքերէն մէկը:gurdjeff1
Ցարդ ասիկա միջազգային մեծագոյն ու լայն անդրադարձներէն մէկն է Կոմիտասի երաժշտութեան: Հարկ է նշել, որ ECMrecords-ը, ըլլալով աշխարհի մէջ շատ յայտնի եւ մեծ հեղինակութիւն ունեցող ընկերութիւն, կ’օգտագործէ աշխարհի տարածքին ունեցած իր բոլոր լծակները` նպաստելով իր հրատարակած ծրագիրներու ճանաչելիութեան: Անիկա նաեւ կ’ապահովէ զանգուածային լրատուամիջոցներու ու երաժշտական փառատօներու անդրադարձը:
Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած են Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստաններու տարածքներուն մէջ գրի առնուած եւ քանի մը հազար տարուան ընթացքին ստեղծուած հայկական խմբապարերու երաժշտութիւնները, ինչպէս, օրինակ`«Կարնոյ ետ ու առաջը», «Կարնոյ շորորը», «Մշոյ շորորը», կանացի մենապարերը, մանկական նուագները, օրօրոցային, ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու կատարումներ: Բոլոր ստեղծագործութիւնները գործիքաւորուած են հայկական նուագարաններով` տուտուկ, փող, թառ, դափ, քամանչայ, թմբուկ, զուռնայ, բուրվառ, զանգ եւ այլն:
Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու գործիքաւորումները կատարած է համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկէնեան` որպէս գործերու սկզբնաղբիւր օգտագործելով այն ժողովրդական նուագարանները, որոնց մասին որպէս կատարողական ոճ եւ սկզբնաղբիւր իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան վրայ նշած է Կոմիտասը` թառ, տուտուկ, փող, դափ, թմբուկ, զուռնայ եւ այլն:
Շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ձայնասկաւառակը արժանացած է միջազգային` ներառեալ եւրոպական, ամերիկեան, ճափոնական լրատուամիջոցներու բարձր գնահատականին` բնութագրուելով հետեւեալ կերպ. «Համոյթը նոր շունչ կու տայ հայկական երաժշտութեան, որ հաւաքագրուած է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբը, սա երաժշտական հնագիտական եւ վերականգնման աշխատանք է», կը գրէ «Սոնկլայնզ մեկեզին»:
Այս անգլիական թերթին կողմէ ձայնասկաւառակը դասուած է 2015 թուականի տասը լաւագոյն ձայնասկաւառակներու շարքին:
Աւստրիական ձայնասփիւռի կայանը «Օ. Ար. Էֆ.», Ս. Ծննդեան գիշերը սփռեց ձայնասկաւառակին վրայ տեղ գտած երաժշտութիւնը, իսկ Մեծն Բրիտանիոյ «Պրիթիշ Էրուէյզ»ը իր օդանաւերուն վրայի երաժշտական ցանկին մէջ պիտի ներառէ զայն մնայուն կերպով:
Անիկա արդէն հասանելի է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու ձայնասկաւառակներու վաճառակէտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` առցանց վաճառակէտերուն:
«Կուրճիեւ» համոյթը միջազգային համբաւ ունեցող հայկական ամենայայտնի համոյթներէն մէկն է, որ հիմնադրուած է 2008 թուականին, Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ, նպատակ ունենալով ներկայացնել հայկական աւանդական երաժշտութիւնը եւ հայ մեծանուն փիլիսոփայ, երաժիշտ Գ. Ի. Կիւրճիեւի եւ մեծն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններն ու գործիքաւորումները: Համոյթի կազմին մէջ Հայաստանի առաջնակարգ երաժիշտներ են:
Գերմանական յայտնի ECM ձայնագրման ընկերութիւնը հրապարակած է նաեւ «Կուրճիեւ» համոյթի առաջին ձայնասկաւառակը`«Music of Georges I «Gurdjieff», որ 2012 թ.-ին Հոլանտայի մէջ արժանացած է հեղինակաւոր Edison մրցանակին, Հայաստանի ազգային երաժշտական մրցանակին, ինչպէս նաեւ մեծ լսարան ունեցող ձայնասփիւռի կայաններու կողմէ ընտրուած է որպէս շաբթուան լաւագոյն ձայնասկաւառակ (ABC ձայնասփիւռի կայանը Աւստրալիոյ, WQXR-ը` Միացեալ Նահանգներու մէջ):
«Կուրճիեւ» համոյթը համերգներով շրջագայած եւ ելոյթներ ունեցած է շարք մը յայտնի սրահներու եւ միջազգային փառատօներու մէջ, համերգներ ունեցած է Լիբանանի, Գերմանիոյ, Պրազիլի, Արժանթինի, Իտալիոյ, Ռուսաստանի, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի, Փորթուգալի, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մէջ:
Համոյթը նպատակադրուած է Կոմիտասի ծրագիրով շարունակել իր համերգային շրջագայութիւնները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, համերգային սրահներու եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Նշենք, որ ECM records ընկերութիւնը կը պատրաստուի հրապարակել նաեւ Կոմիտասի դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները` Լուսինէ Գրիգորեանի կատարմամբ, 2016 թուականին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել.-www.gurdjieffensemble.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles