
Թուրքիոյ Իգտիր նահանգի Կողբ (Թուզլուճա) շրջանի մուտքի եւ ելքի կամարներուն չորս լեզուներէ (հայերէն, քրտերէն, անգլերէն, թրքերէն) բաղկացած հայերէն տարբերակը («Բարի եկաք» եւ «Ցտեսութիւն») վերացուած է, շրջանի քաղաքապետութեան որոշումով:
2015 թուականի Սեպտեմբերին տեղադրուած քառալեզու գրութեան մէջ, հայերէնը տեղական բնակչութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ բուռն հակազդեցութեան արժանացած եւ բողոքի ալիք ստեղծած էր:
Նշենք թէ, այս կամարի հայատառ գրութիւնը Հոկտեմբեր 2015-ին անյայտ անձերու կողմէ ենթարկուած էր խափանարարական արարքի, որուն հետեւանքով վնասուած էին «Ցտեսութիւն» բառին տառերը: Շրջանի քաղաքապետ Մեհմէտ Քիւլթեքինը այս առթիւ յայտնած էր.- «Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն առաջ Թուզլուճան հայկական բնակավայր եղած է: Այստեղի շատ մը վայրերու անունները հայերէն են: Այստեղ ապրած հայ բնակչութիւնը շրջանի կառուցման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած է: Հայերէն գրութիւնը աւելցուցած ենք, որպէս յարգանքի տուրք»: