ԿՈ­ՄԻ­ՏԱՍ­ԵԱՆ ԱՒԱՆԴ­ՆԵ­ՐՈՒ ՊԱՀ­ՊԱՆ­ՄԱՆ ՇՔԵՂ ԱՄ­ՐՈ­ՑԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 8 Second

p13 gomidas  ԱՐ­ՍԷՆ ՍԱՅ­ԵԱՆ

 

Այս տա­րի, Երե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի Ան­ուան Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցի հիմ­նադ­րու­թեան 90ամ­եակն է: Հա­մայն հա­յաշ­խար­հի հետ երախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցու­մով կը դի­մա­ւո­րենք այս բախ­տա­ւոր թուա­կա­նը, որ նոր էջ բա­ցաւ մեր երաժշ­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ:

90 տա­րի առաջ Հա­յաս­տա­նի մէջ ազ­գա­յին երաժշ­տու­թեան մշակ­ման ջան­քե­րը հաս­տատ հի­մե­րու վրայ դրուե­ցան պե­տա­կան բազ­մա­թիւ հիմ­նարկ­նե­րով, որոնց շար­քին Երե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի Ան­ուան Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցին ճա­կա­տագ­րա­կան դեր վի­ճակ­ուե­ցաւ, ստանձ­նե­լու ` ապա­գայ երաժշ­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու պատ­րաստ­ման խիստ կա­րե­ւոր առա­ջադ­րան­քը:

Երե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի Ան­ուան Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցը, երաժշ­տա­կան բարձ­րա­գոյն, բազ­մա­կող­մա­նի կրթու­թեամբ զին­ուած սե­րունդ­ներ դաստ­ի­ա­րա­կեց եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ իր սրբա­զան առա­քե­լու­թիւնը, որուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ներ­կա­յիս, պա­տիւ կրնան բե­րել գե­ղար­ուես­տա­կան բարձր ճա­շա­կի տէր արեւմ­տա­եւ­րո­պա­կան որե­ւէ երկ­րի:

Երաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թի այս օճա­խը, տի­պար եւ օրի­նա­կե­լի հրա­ւէր էր, ուղղ­ուած բո­լոր այն հա­յոր­դի­նե­րուն, որոնք իրենց գե­ղար­ուես­տա­կան մկրտու­թիւնը ստա­ցան Կո­մի­տաս­եան սկզբունք­նե­րու աւա­զա­նին մէջ, դառ­նա­լու հա­մար ապա­գայ նուիր­եալ գոր­ծիչ­նե­րը` հա­յոց դա­րա­ւոր մշա­կոյ­թի:

Յու­զիչ է մտա­ծել, որ դժուա­րու­թիւն­նե­րով եւ յաղ­թա­հա­րում­նե­րով կերտ­ուած փա­ռա­ւոր ու սրբա­զան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնն ար­դէն 90ամ­եայ պատ­մու­թիւն ու­նի: Մի­ա­ժա­մա­նակ զար­մա­նա­լի է, որ մեր երաժշ­տու­թեան նուա­ճում­նե­րը հրաշ­քի հա­մա­զօր երե­ւոյթ­ներ են, որով­հե­տեւ հա­կա­ռակ միւս ար­ուեստ­նե­րուն, հայ մաս­նա­գի­տա­կան երաժշ­տու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի մէջ, նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րով եւ բազ­մա­զան` լայ­նա­շունչ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, հայ երաժշ­տու­թիւնը դուրս բե­րին նախ­նա­կան վի­ճա­կէն եւ տա­րին դէ­պի մի­ջազ­գա­յին հո­րի­զոն­ներ:

Երբ այ­սօր այդ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն ոմանք` իրենց ինք­նա­տիպ բնոյ­թով, տեղ կը գրա­ւեն Պա­խի, Հեն­տէ­լի, Մո­ցար­թի, Պէթ­հո­վե­նի կող­քին, օտար մեծ ոս­տան­նե­րու հա­մեր­գա­յին յայ­տա­գիր­նե­րուն մէջ` կը նշա­նա­կէ թէ մեր երաժշ­տու­թիւնը նշա­նա­կա­լի առա­ջըն­թա­ցով հա­սած է Արեւմտ­եան երաժշ­տու­թեան մա­կար­դա­կին:

Ներ­կայ գրու­թեան սեղմ տո­ղե­րով անհ­նար է ներ­կա­յաց­նել այն բազ­մա­թիւ երախ­տա­ւոր­նե­րու անուն­նե­րը, որոնք մե­ծա­պէս նպաս­տած են Երե­ւա­նի երաժշ­տա­կան` սկզբնա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Առա­ջին հեր­թին, յի­շե­լու հա­մար միայն մի քա­նի դէմ­քեր` Ռո­մա­նոս Մե­լիք­եա­նը, մէ­կը մեր երաժշ­տու­թեան մեծ վար­պետ­նե­րէն` մաս­նա­ւո­րա­բար եր­գար­ուես­տի բնա­գա­ւա­ռին մէջ, կը հան­դի­սա­նայ հայ քնա­րա­կան երաժշ­տու­թեան ամե­նէն վա­ւե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը, որ թարմ շունչ եւ նոր երանգ բե­րաւ մեր եր­գար­ուես­տին:

Հա­յաս­տա­նի նո­րաս­տեղծ երաժշ­տա­կան շարժ­ման կա­րե­ւոր գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը եղած է նա­եւ Անու­շա­ւան Տէր Ղե­ւոնդ­եա­նը, որ նոյն­պէս Թիֆ­լի­սէն կը փո­խադր­ուի Երե­ւան, լծուե­լու հա­մար երաժշ­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու պատ­րաստ­ման սրբա­զան նպա­տա­կին:

Երե­ւա­նի երաժշ­տա­կան` սկզբնա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մե­ծա­պէս նպաս­տած է երաժշ­տա­գէտ Սպի­րի­տոն Մե­լիք­եա­նը, որ Երե­ւան հաս­տատ­ուե­լով, ստանձ­նած է երաժշ­տա­նո­ցի երգ­չա­խում­բին կազ­մա­կեր­պու­մը: Շատ կարճ ժա­մա­նա­կէն երգ­չա­խում­բը կը սկսի հա­մեր­գա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թեան:

Մի­ա­ժա­մա­նակ, երաժշ­տա­նո­ցի յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րու շար­քին, պար­զա­պէս յի­շենք անուն­ներն այն երաժշ­տա­հան­նե­րուն, ինչ­պէս Գրի­գոր Եղ­ի­ա­զար­եան, Ղա­զա­րոս Սար­եա­նի, Եդ­ուարդ  Միր­զոյ­եա­նի, Ալեք­սանտր Յա­րու­թիւն­եա­նի, Առ­նօ Պա­պա­ճան­եա­նի, Գէ­որգ Ար­մէն­եա­նի, Ալեք­սանտր Աճէմ­եա­նի, Էտ­կար Յով­հան­նէս­եա­նի, Խա­չա­տուր Աւե­տիս­եա­նի, Կոս­տան­թին Օր­բէլ­եա­նի, Աւետ Տէր­տէր­եա­նի, Տիգ­րան Ման­սուր­եա­նի եւ տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ այլ երի­տա­սարդ տա­ղանդ­ներ, որոնք մեծ դեր ու­նե­ցան հայ երաժշ­տու­թեան զար­գաց­ման, ծա­նօ­թաց­ման եւ Երե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի Ան­ուան Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցի գե­ղար­ուես­տա­կան ծրա­գիր­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման առն­չու­թեամբ:

 

***

 

Ար­դա­րեւ, հայ եր­գը պատ­կե­րա­ցումն է հայ հոգի­ին, հայ մտքին եւ հայ ոգի­ին: Լուռ ճշմար­տու­թիւն է, որ Կո­մի­տաս­եան եր­գին ու աւանդ­նե­րուն ծա­ռա­յել` հայ ազ­գա­յին ոգի­ին ծա­ռա­յել է:

Երե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի Ան­ուան Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցի նկատ­մամբ` մեր ու­նե­ցած երախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րուն եւ հա­յ ե­րաժշ­տու­թեան հան­դէպ մեր տա­ծած պաշ­տա­մուն­քին խօ­սուն վկա­ներն են, մեր ջան­քե­րով` “Հայ Երաժշ­տա­կան Պատ­մու­թիւն“ հա­տո­րի հրա­տա­րա­կու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ “Երե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի Ան­ուան Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցի Ու­սա­նո­ղա­կան Հիմ­նադ­րա­մի“ հաս­տա­տու­մը, որով տաս­նը­հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր ան­խա­փան` կը շա­րու­նակ­ուի մեր որ­դեգ­րած քսան ու­սա­նող­նե­րու կրթա­թո­շա­կի ապա­հո­վու­մը:

Առ այ­սօր, վաթ­սուն տա­րի­նե­րու մեր երաժշ­տա­կան յա­րա­տեւ գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ, յատ­կա­պէս վեր­ջին մի քա­նի տաս­նամ­եակ­նե­րուն, բա­ցի հո­գե­կան եւ գե­ղար­ուես­տա­կան պա­հանջք­ներ գո­հաց­նե­լէ, որոշ հա­մերգ­նե­րէ գո­յա­ցած գու­մար­նե­րը` Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան, Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան, Հա­յաս­տան­եայց Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ Նիւ Եփր­քի առաջ­նորդ­արանե­րուն եւ Հայ Օգ­նու­թեան Ֆոն­տի մի­ջո­ցով, Հա­յաս­տան առա­քած ենք` գործ­նա­պէս սա­տար հան­դի­սա­նա­լով Հայ­րե­նա­շէն նպա­տակ­նե­րու իրա­գործ­ման:

Որ­պէս Երե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի Ան­ուան Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցի նախ­կին շրջա­նա­ւարտ, մեր կար­ծի­քով, ժա­մա­նակն է ոչ միայն հպար­տա­նալ յիշ­եալ բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թեամբ, այլ մա­նա­ւանդ երաժշ­տա­նո­ցի 90ամ­եա­կի այս օրե­րուն, շօ­շա­փե­լի եւ մնա­յուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ անոր, որ­պէս­զի միշտ վառ մնայ ջա­հը մեր եգ­րի եւ Կո­մի­տաս­եան աւանդ­նե­րու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles