
ԿԼԵՆՎԻՈՒ (Իլինոյ)․- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան ծառայութեան առաքուեցաւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ։ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու որոշումով, Հայր Սուրբը Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Շիքակոյի շրջան) հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։
Կիրակի, 20 Փետրուարին, Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, գաղութին պիտի ներկայացնէ նորանշանակ հոգեւոր հովիւը եւ այս առթիւ Հայր Սուրբը հովուական իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ։
Գերապատիւ Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, աւազանի անունով՝ Սերժ, ծնած է Հալէպ, 29 Յունիս, 1990-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ապա 2003-2004 տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք: 2011 Յունիսին աւարտելով Դպրեվանքի ութամեայ ուսման ծրագիրը, ստանձնած է Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետի օգնականի պաշտօնը, միաժամանակ եկեղեցական երաժշտութիւն դասաւանդելով Դպրեվանքէն ներս: 2012-ի ամրան նշանակուած է Դպրեվանքի հսկիչ: 2012-2013 տարեշրջանի աւարտին մեկնած է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ, Fuller Theological Seminaryն ուսանելու եւ Թեմէն ներս ծառայելու որպէս այցելու հոգեւորական եւ քարոզիչ: 2015-ի Յուլիսին ստացած է Վարդապետական գաւազանի աստիճանը:
2015-ին, Հայր Սուրբը, աւարտելէ ետք ուսման ընթացքը եւ ստանալէ ետք մագիստրոսական վկայականը (Master of Arts in Theology, emphasis in Biblical Studies), վերադարձած է Կաթողիկոսարան՝ ստանձնելով Դպրեվանքի փոխ-տեսուչի պաշտօնը, միաժամանակ դասաւանդելով սուրբգրային յունարէն ու եբրայերէն, եւ կրօնից պատմութիւն: 2016-2020-ին վարած է Դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնը, նշանակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի ատենադպիր, նաեւ դասաւանդած է կրօն եւ մատենագրութիւն Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան գոլէճէն եւ Միացեալ վարժարանէն ներս:
Միջ-եկեղեցական դաշտէն ներս, Հայր Պօղոս նշանակուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերութեան (Bible Society of Lebanon and Syria) վարչութեան մէջ:
Հուսկ, թեմի Կրօնական Ժողովը գնահատեց Արժ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանը, որ անցնող վեց ամիսներուն ձեռնհասօրէն վարեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հովուութեան պաշտօնը, մատակարարելով ծուխին հոգեմտաւոր կարիքները։