
Ընթերցողներ կը հարցնեն , թէ ի՛նչ էին «Դանիէլեան գիրերը»: Եւ ինչո՞ւ կարելի չեղաւ այդ գիրերով հայերէն գրել, որով Մեսրոպ ստիպուեցաւ նոր այբուբեն հնարել:
Ուրեմն Դանիէլեան գիրերուն ակնարկած եմ «Հայոց գիրերը» խորագրեալ առաքումիս մէջ: Սակայն երկու բառով վերադառնամ անոնց:
Հայոց Վռամշապուհ արքան, 404թ.-ի սկիզբը, Միջագետք կատարած մէկ արշաւանքէն դարձին կ’իմանայ Աբէլ անունով ասորի քահանայէ մը, թէ անոր մէկ ազգականին՝ Դանիէլ եպիսկոպոսին քով կը գտնուէր «հայոց այբուբենը»:
Հայաստան հասնելուն՝ ան տեղեակ կը պահէ Սահակ կաթողիկոսն ու Մեսրոպ Մաշտոցը այդ այբուբենի մասին: Այնուհետեւ պատգամաւոր մը՝ Վահրիճ անուն, կը ղրկէ Աբէլի քով ու բերել կու տայ զայն:
Սահակ եւ Մեսրոպ յետ քննութեան կը նկատեն, թէ այդ գիրերով կարելի չէր հայերէն գրել: Ճիշդ ինչո՞ւ…
Ահա այս ինչու-ին պատասխան մը գտնելու մղձաւանջով տարուած են մեր հետագայ գրեթէ բոլոր պատմիչները. իւրաքանչիւրը փորձած է իւրովի բացատրել մէկ կողմէ՝ անոնց ծագումը, միւս կողմէ՝ անբաւարարութեան պատճառները: Պատմիչներէն անդին եւ անցնող քանի մը դարերուն աւելի քան յիսուն հայ եւ օտար բանասէրներ եւ լեզուաբաններ իրենց կարգին փորձած են լուծել այս առեղծուածը, որ յամառօրէն կը ծածկէ իր գաղտնիքները:
Այդ նոյն առեղծուածին է, որ մերովսանն պիտի փորձենք պատասխանել մեր տկար միջոցներով:
* * *
Դանիէլեան գիրերու փնտռտուքը կը կատարուէր միջավայրի մը մէջ, ուր գոյութիւն ունէին երեք այբուբեններ, երեքն ալ փիւնիկեանէն յառաջացած՝ ա) ասորականը, որ ունէր 22 տառ, բ) պարսկականը, որ ունէր 20 տառ, եւ վերջապէս գ) յունականը, որ ամենակատարելագործուածն էր եւ ունէր 24 տառ:
Հետազօտողներուն մեծ մասը համոզուած էր, որ Դանիէլեան գիրերը այս երեքէն մէկուն կամ միւսին մէկ այլափոխուած կամ կցմցուած ցուցակն էր՝ թերի կամ ամբողջական, եւ Մեսրոպ հետագային պարզապէս լրացուց այդ ցուցակը՝ անոնց վրայ աւելցնելով այն տառերը, որոնք կը պակսէին հայերէնին գոհացում տալու համար:
–Ըստ ոմանց՝ Մեսրոպ Դանիէլեան գիրերուն վրայ աւելցուց 14 տառ (22+14=36):
–Ըստ ուրիշներու՝ ան աւելցուց 15 տառ (21+15=36):
–Ըստ երրորդ խումբի մը՝ ան աւելցուց միայն 14 տառ (14+12=36):
Եւ այս բոլորը՝ հակառակ այն իրողութեան, որ Մեսրոպի գիւտին մէջ Կորիւն ոչ մէկ մասնակցութիւն ու դերակատարութիւն կը վերապահէ Դանիէլեան գիրերուն:
* * *
Կայ վերինէն ուրիշ տարազ առաջարկողներու խումբ մը եւս:
Ասոնց առաջինն է Անանիա Շիրակացիին վերագրուած «Կայսերաց գիրք» կոչուածը, իսկ երկրորդը՝ 10-րդ դարու պատմիչ Ասողիկը[1] եւ այնուհետեւ շատ ուրիշներ, որոնք Դանիէլի ղրկած այբուբենին տառերուն թիւը կը հասցնեն… 29-ի:
29 բաղաձայնի:
Աճառեան, որ հայոց գիրերու ծագումով ամէնէն աւելի հետաքրքրուած լեզուաբանն է,− վկայ իր երեք հատորները՝ բոլորն ալ «Հայոց գրերը» խորագիրով,− տուած է մանրամասն ու ամբողջական պատմութիւնը այս այլազան առաջարկներուն (տեսնել «Հայոց գրերը», 1984, էջեր 431−459):
Ան խոր հասկացողութեամբ եւ ներողամտութեամբ կը քննէ առաջին խումբի առաջարկները, որոնք կը հիմնուէին օրին ծանօթ այբուբեններու վրայ, որոնք կը դեգերէին 20 տառի շուրջ, սակայն կ’անճրկի երկրորդ խումբի՝ 29 տառ առաջարկողներու աղբիւրներուն առջին.
−Ի՞նչ տառեր էին անոնք,− հարց կու տայ ան շլմորած, քանի իրեն ծանօթ չէ ոչ մէկ այբուբեն, որ օրին ունենար 29 տառ, եւ կը ջանայ պատասխանել իր հարցին՝ յանկարծաբանելով լուծումներ, որոնք բացարձակապէս ոչինչ կ’ըսեն. անգամուան մը համար մեծ գիտնականը կը դիմէ անիմաստ զառածումներու, որոնք տեղ չեն հասցներ զինք եւ տեղ չեն հասցներ ընթերցողը եւս:
* * *
Այո, ի՞նչ տառեր էին անոնք…
Այսօր քիչ մը աւելի ինքնավստահ կրնանք պատասխանել հարցին՝ դուրս գալով օրին Հայաստանը շրջապատող նեղ տարածքէն եւ աչքի առաջ ունենալով այդ նոյն օրերուն Արաբական թերակղզիին վրայ հանդիպող այբուբենները, ի մասնաւորի ասոնցմէ մէկը՝ Հարաւ-արաբականը, որ ունէր ճի՛շդ 29 բաղաձայն:
Այսինքն՝ այն այբուբենը, որուն հիմամբ Դ. Դարու առաջին կէսին յօրինուեցաւ եթովպականը, որ ծանօթ է Գեեզ անունով:
Մեսրոպի աշակերտ Կորիւնը Դանիէլեան գիրերը կը կոչէ «յայլոց դպրութեանց թաղեալք եւ վերստին յարուցեալք»,– այսինքն՝ թաղուած/լքուած այբուբեն մը, որ վերստին յարութիւն կ’առնէր, լոյս աշխարհ կու գար ի ձեռն Դանիէլ եպիսկոպոսի:
Դանիէլ ուրկէ՞ կրնար ձեռք անցուցած ըլլալ հարաւ-արաբականը, որուն ինքնութեան մասին գրեթէ ոչինչ գիտէր եւ զայն հայկական կը յայտարարէր իր շրջապատին՝ հիմնուելով անոր մէկ քանի տառերուն վրայ, ինչպէս՝ ծ, ձ, խ, որոնք յատուկ էին մի՛այն հայերէնին, եւ զինք շրջապատող լեզուներէն ոչ մէկը ունէր:
Շատ պարզ է. ան այդ այբուբենը գտած էր Եդեսիոյ մատենադարանի մէկ խորշին մէջ, ուր անոնք օրին բերուած էին ասորի առաջին միսիոնարներուն կողմէ եւ այնտեղ ալ մոռցուած/«թաղեալք», քանի շուտով փոխարինուեցան Գեեզով եւ իրենք ժամանակավրէպ դարձան… «թաղուեցան»: Եւ մեր Դանիէլը, որ բանասիրական հետաքրքրութւններ ունեցող եպիսկոպոս մը ըլլալ կը թուի, զայն առած տունը տարած ու սերտած էր՝ փորձելով «յարութիւն տալ» անոնց ու եզրակացուցած էր որ անոնք… հայկական այբուբենն են:
Վերջացնելու համար՝ բոլորովին անըմբռնելի է, թէ ինչո՛ւ օրին, մեր այբուբենի ծագումնաբանութիւնը սերտողները, ներառեալ Աճառեանը, ոչ մէկ անգամ յօժարած են դուրս գալ ասորա-պարսկա-յունական նեղ եռանկիւնէն եւ չեն ուզած իրենց հայեացքները ուղղել մինչեւ Արաբական թերակղզին, այլեւ մինչեւ Եթովպիա:
Ուր կը գտնուէին թէ՛ Դանիէլեան, թէ՛ Մեսրոպեան գիրերու ակունքները:
[1] Ստեփանոս Տարօնեցի Ասողիկ (Ժ−Ժա դար):