
Read Time:14 Second
Կանանց միջազգային օրուան առիթով, հաւաքներ եւ խաղաղ ցոյցեր կատարուեցան Հայաստանի զանազան շրջաններէ ներս, Երեւանէն մինչեւ Լոռի, Շիրակ եւ այլ շրջաններ:
Երեւանի «Իսահակեան»ի արձանի մօտէն ազդանշանը տրուեցաւ կանանց իրաւունքներու միջազգային օրուան նուիրուած քայլարշաւը: Կին գործիչները, կիներու իրաւունքները պաշտպանող նշանաւոր անձնաւորութիւններու լուսանկարներով եւ լոզունքներով ուղղուեցան դէպի Հիւսիսային պողոտայ: