
Նորութիւն մը չէ Մարտ 8-ին, համաշխարհային մասնակցութեամբ տօնակատարուող այս “Օր“-ը, որ աւելի քան մէկ դար առաջ, կը համախմբէր արեւմտեան աշխարհի կիները, միակամ ու կազմակերպ, լսելի դարձնելու իրենց ձայնը` կնոջ համահաւասար իրաւունքներու ճանաչման միջազգային դրօշին տակ: Արդարեւ, 1908-ին, Նիւ Եորքի մէջ, ցուցատախտակներ պարզած 1500 կիներ կը քալէին որպէս պահանջատէր ի խնդիր աշխատանքի ժամերու կրճատման , ռոճիկներու յաւելման ու, մինչ այդ իրենց զլացուած, քուէարկելու՛ իրաւունքին – Նոր աշխարհի նոյ՛ն այդ քաղաքին մէջ` ուր երկու տարի ետք, Ակնունիի ջանքերով կեանքի պիտի կոչուէր հայ կիներու կուռ կազմակերպութիւն մը` որ այսօր համայն աշխարհին ծանօթ է որպէս Հայ Օգնութեան Միութիւն:
Միջազգային ընկերվարական շարժման համընթաց, Կիներու Միջազգային Օրը ստացաւ համաշխարհային ճանաչում, տարիներու ընթացքին սատարելով կիներու մարդկային եւ ընկերային իրաւունքներու օրինականացման Եւրոպայի եւ Ամերիկեան ցամաքամասի յառաջադէմ երկիրներուն մէջ: Հոս, հպարտօրէն կարող ենք նշել, թէ այդ երկիրներէն շատերէն առաջ, 1018 թուին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը արդէն կը հաստատէր սեռերու հաւասարութեան սկզբունքը` քուէարկելու, ընտրելու եւ ընտրուելու անկապտելի իրաւունքներով:
Հակառակ ցարդ իրականացուած յառաջդիմութեան, դեռ երկար ճանապարհ կայ կտրելիք` հասնելու համար օրինականացած սկզբունքներու իսկակա՛ն գործադրման` ըլլայ՛ ընկերային ու տնտեսական, ըլլայ՛ քաղաքական մարզերէ ներս, ուր կիներու իրաւունքները յաճախ կը մնան անտեսուած: Այս ուղղութեամբ, տարիներէ ի վեր, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը — որուն Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին (ECOSOC) կ՛անդամակցի Հայ Օգնութեան Միութիւնը — ամէն տարի կը կազմակերպէ Կիներու Իրավիճեակի Քննարկման միջազգային համաժողով մը` որուն իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը:
Այս առթիւ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր լաւագոյն մաղթանքները կը յղէ իր աշխարհասփիւռ միաւորներուն, Սփիւռքի թէ Հայրենի ոստաններու բազմազբաղ, ժրաջան ու լուռ աշխատանքի լծուած մեր մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն, նոյն ատեն կոչ ուղելով անոնց` պաշտպան կանգնելու իրենց անկապտելի իրաւունքներուն յանուն մեր ժողովուրդի ու պետականութեան յառաջադէմ ընթացքին դէպի արդար ու բարգաւաճ ապագայ: