ԿԸ ՄԵՂԱՆՉԵՆՔ ՊԱՏՇԱՃԵՑՄԱՆ ԵՒ  ՄԱՐԴՈՐՍՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵԼՈՎ ՀԱՅԸ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 11 Second

 

 Յ. Պալեան

            Նահանջողները կ’աղմկեն ամէն անգամ որ հայերէնի գերխնդիր ըլլալու մասին կը խօսուի, ի հարկէ՝ սփիւռք(ներ), բայց նաեւ Հայաստան: Որոշած են մարդիկ, որ հայերէնը օտար մեծ համարուած լեզուի մը զոհելով, յաջողոթեան լայն ճամբաներ կը բացուին:

            Նահանջի ամենէն ցայտուն պատկերն է հայերէնի լքումը, հարկ է կրկնել, Հայաստան եւ սփիւռքներ:

Ազգին համար հայերէնը գերխնդիր է, անդրադառնանք թէ ոչ, առանց անոր կը դառնանք անդիմագիծ ամբոխ, նոյնիսկ երբ բացառութեան կարգով քաղքենի նահանջողներու եսերը շոյող օրինակներ յիշուին:

Միաւորներով ազգ չի պահուիր: Ազգը անխարդախ յանձնառութիւն է:

Ազգին դէմ նախայարձակումները միայն զէնքով չեն ըլլար: Երբեմն իրատես եւ քաջ պէտք է ըլլալ տեսնելու եւ հասկնալու համար, որ այդ նախայարձակումները միշտ դուրսէն չեն գար: Դուրսէն չեն եկած: Այն բոլոր երեւոյթները, անոնք ըլլան աշխարհագրական, լեզուական, մշակութային, որոնք հայը կը հեռացնեն իր արմատներէն եւ ինքնութենէն, աւեր գործող նախայարձակումներ են ազգին դէմ: Տուրք պէտք չէ տալ բացառութեամբ արդարացումներու:

Պէտք է բաց աչքով եւ բաց ականջով շրջիլ Հայաստան եւ սփիւռքներ:

 Ղեկավարութիւններ եւ մտաւորականութիւն երէկ պարտաւոր էին, այսօր աւելի քան երէկ պարտաւոր են նախայարձակումները առանձնացնել, սահմանել, խօսիլ անոնց հետեւանքներուն եւ առանց ճապկումներու ապագայատես ճակատ յարդարելու մասին: Այս պայքարը իր առաքելութիւնը չհամարող ղեկավարը, ուր ալ ըլլայ ան, մասնակից եւ մեղսակից է ազգին դէմ մղուող նախայարձակումներուն:

Ղեկավարին սխալը չ’արդարացներ անհատին նահանջը:

Ազգապահպան ստորոգելիներէն զիջում ընել, անոնք ըլլան քաղաքական թէ մշակութային, տեղատուութիւններու անձնատուր ըլլալ վասն անհատական կամ գաղթականի հոգեբանութեամբ տեւող համայնքներու յաջողութեան եւ շահախնդրութիւններուն, ազգավնաս ընթացք են:

Ազգ ըմբռնումը նուազուրդի կ’ենթարկուի դառնալով համայնք կամ գաղութ:

Հիմնահարցերու մասին հարկ է խօսիլ, առանց անցարգելի պէս ներկայացող «մի՛ խրտչեցնէք»ի տիրացուական քարոզի:

Իրաւաբանները հազարումէկ դարձուածքներով կը փորձեն չարագործներն անգամ պաշտպանել: Հանրային կեանքի մէջ այս կարգի նահանջները ոչ մէկ ձեւով օգտակար կրնան ըլլալ: Լաւ բժիշկի պէս ախտաճանաչում պէտք է ընել եւ ի հարկին՝ վիրահատել, որպէսզի ազգի վերականգնումը սոսկ խօսք չըլլայ, շաբաթավերջի զբօս:

Այսինքն, տեղատուութիւններու արդարացումները ոչ մէկ ազգային նպատակի կը ծառայեն, նոյնիսկ երբ խելացի թուացող իմաստակի (sophistes) փակուղի տանող մտքի մարզանքներով ամբոխ զուարճացնեն. ճառ եւ պատկեր, այս կամ այն մեծ համարուածի ձեռք թօթուելու բեմադրութիւն:

Հարցը անկման տնտեսումը կամ մահուան յետաձգումը չեն, այլ՝ որպէս ազգ գոյատեւումը:

Լուսարձակները բանանք անցնող հազարամեակին վրայ: Կայսրութիւններ բռնացած էին մեր աշխարհին եւ մեր վրայ, բայց մնացինք, տոկացինք, որովհետեւ խօսեցանք եւ գրեցինք մե՛ր լեզուով: Ինչ որ կը կոչենք քաղաքականութիւն, կամ ազգային ազատագրական պայքար, իրենց արմատները խրեցին լեզուով եւ մշակոյթով ժառանգուած մեր ինքնութեան մէջ: Ազգային զարթօնք տեղի ունեցաւ երբ դպրոցներ հիմնուեցան: Այսքա՜ն պարզ ճշմարտութիւնը չտեսնել հաւկուրութիւն է, որմէ ոչինչ կը շահի ազգը, նոյնիսկ եթէ ոմանց երեւելիական հանգամանքի պահպանման ծառայէ:

Գիտակից մտաւորականութիւնը եւ հայրենի քաղաքական գործիչները, անորոշ շահերու հետապնդելու նպատակով, պէտք չէ որ իյնան նահանջականութեան աւերող հոսանքին մէջ:

Յուշերով եւ յիշատակներով ազգ եւ երկիր չեն պահուիր: Անոնք ապագայ չեն պատրաստեր: Ազգի եւ հայրենիքի ապագան տեւաբար կառուցման ընթացքի մէջ է, ոչ միայն մեր, այլ բոլոր ազգերու պարագային: Կայացած եւ հաստատուն պետութիւնները, նաեւ մեծերը, տեւաբար նոր օրէնքներով կը հարստացնեն իրենք զիրենք, կը հրատարակեն նախորդ սերունդներու գրական երկերը, կը հաստատեն երկաթուղիներ, կը կառուցեն կամուրջներ, կը բանան ջրանցքներ: Այս աշխատանքները կը վկայեն կառուցումներու տեւող ընթացքի մասին:

            Հայ ազգային ապագայի կերտման հանդէպ այս մօտեցումը  պէտք է ունենալ, որպէսզի տոկալ եւ տեւել չըլլան սոսկ ցանկութիւն, յուզում, բարեսիրական զբօսաշրջութիւն, փառասիրութիւն եւ նիւթապաշտութիւն:

            Ազգային ապագան այսօ՛ր կը կերտուի: Վաղը միշտ ուշ է:

            Վաղը ուշ է անհատական եւ հաւաքական հայրենատիրական յանձնառութեան համար:

            Ազգի ապագայի կերտման պատուանդանը Հայրենիքն է, իր ամբողջական ըմբռնումով, առանց նահանջականի հոգեբանութեամբ առաջնորդուելու: Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները Հայոց Հայրենիքի կերտման այսօրուան եւ վաղուան երաշխիքն են: Ուրիշներ, նոյնիսկ կարգ մը հայեր, կրնան խորհիլ եւ ըսել, որ ամբողջականի երազը այդքան է միայն: Բայց կ’արժէ յիշեցնել, որ երեսուն տարի առաջ ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ե՛ւ Արցախի Հանրապետութիւնը ցնորք էին, այդպէս տեսնել պատմութիւնը նոյնիսկ դաւաճանութիւն կը համարուէր:

            Ի՞նչ վճռեց պատմութիւնը: Դեռ ի՞նչ կրնայ վճռել վաղը:

Հայոց Հայրենիքին նկատմամբ պէտք է առաջնորդուիլ ոչ թէ անմիջականի պատկերացումով, այլ ընթացող ժամանակի: Ի վերջոյ, ո՞վ կրնայ որոշել ազգի փոխարէն, որ իրաւազրկումն է վաղուան ճշմարտութիւնը:

            Հայրենիքի ամբոջականութեան գաղափարախօսութիւնը կենսունակ կը դառնայ ազգի մէկութեամբ, զոր պարտին իրականացնել հայերը իրենք, Հայաստան, Արցախ, մենք, մինչեւ մոլորակի յայտնի եւ անյայտնի անկիւնները: Բայց այդ մէկութեան ճառը կը դառնայ փուչիկ, եթէ այդ հեռուի եւ մօտի հաւաքականութիւնները աստիճանաբար հեռանան արմատներէն, այդ արմատները իմաստաւորող արժէքներէ, որոնց մասին տեւաբար պէտք է խօսիլ, կանխելու համար ծագումով հայ դառնալոու տխրութիւնը:

            Ծագումով հայ դառնալու սպառնալիքը ծիտերը վախցնելու դերին սահմանուած խրտուիլակ չէ: Ազգի տեսանկիւնէ սարսափ պատճառող այդ սպառնալիքին դէմ անմիջական զէնքեր են լեզուն եւ մշակոյթը, որոնք ինքնութիւն եւ դիմագիծ կու տան այս կամ այն մարդկային հաւաքականութեան: Մեր պարագային, այսօր աւելի քան երէկ, հարկ է զարգացնել հայրենատիրութեան հզօր յանձնառութեան գիտակցութիւն, որուն մօտաւոր կամ նոյնիսկ հեռաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ հայրենադարձութիւնը, պարզ այն ըմբռնումով, որ ազգը ազգ է հողին վրայ, հոն կրնայ տեւել հարազատութեամբ: Տարբեր երկինքներու տակ, տարբեր բարքերով եւ մշակոյթներով, ժամանակ մըն ալ մարդիկ կրնան ապրիլ խառնածին ինքնութեամբ, անցեալ ըլլալէ առաջ:

            Միտքը պէտք է դառնայ առաջնորդող մտածում հայ կեանքի բոլոր գործօններուն համար, համաձուլելով Նոր Զելանտայի, Մարսիլիայի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի, Ստեփանակերտի, Ղափանի եւ այլ երկինքներու տակ ապրող հայածնունդները: Այդ է գինը մէկութեան, որ տարբեր որակ է բարեսիրութենէ, զբօսաշրջութենէ եւ ծագումով հայու բան չնշանակող վիճակէ:

            Երբ այս մասին կը խօսինք, պէտք է հասկնանք, որ Հայրենիքին եւ ազգին ոգեկանութենէ աւելի նաեւ համրանք պէտք է, համրանք՝ ներկայութեամբ, բնակութեամբ, հողին վրայ, որպէսզի հողը տէր ունենայ: Այս տիրութիւնը պարզօրէն կը սահմանուի, հայրենադարձութեան կենսագործուող գաղափարախօսութեամբ եւ աղէտ-արտագաղթի կասեցումով: Ի հարկէ, այս ցանկութիւնը եթերին մէջ կը կորսուի, եթէ հայրենատիրական գիտակցութեամբ չտնտեսուի Հայաստանը, այսինքն ստեղծուին աշխատանքի եւ կեանքի արդար պայմաններ, չարաշահութիւնները չըլլան համակարգ, որուն դէմ պայքարը հաւաքական պատասխանատուութիւն է:

            Ժամանակակից հայը, գիտակցական ոստումով մը, պիտի հասկնայ, որ գոյատեւման համար կենսական է հողը, անոր տիրութիւնը իրմով, ինքնուրոյնութեան պահպանման համար՝ լեզուն եւ մշակոյթը: Յաղթահարելով պատմութեան պարտադրած  դաժանութիւնները հայը, պիտի յանդգնի հաստատել ազգի եւ հայրենիքի մէկութիւնը:

            Հայուն դրախտը ոչ Ֆլորիտան է ոչ ալ Հոնոլիւլիւն, այլ Արարատի այս եւ այն կողմէ տարածուած աշխարհը, ուր մենք կ’ըլլանք մենք, տէր եւ ծառայ, ոչ թէ «ուր հաց հոն կաց»ի ստրկամիտ եւ անդիմագիծ հաւաքականութիւն:

            Այսքան ճշմարտութիւն մեր ղեկավարութիւնները պէտք է ըսեն իրենք իրենց եւ հեռուի ու մօտի բոլոր հայերուն, եւ ըստ այնմ գործեն ու հրաւիրեն գործի: Բայց նաեւ դրախտ չփնռող անհատ հայը, որ պիտի գիտնայ ներկա՛յ ըսել եւ իր հայրենիքը ինք կառուցել:

            Համոզուելու համար փորձեցէ՛ք, առանց անձնական կացութիւններու պաշտպանութեան համար փաստարկներ փնտռելու, դիտել մեր ներքին կեանքը, զայն առաջնորդող մղումները, հոն ուր հայկական համայնքներ կան, եւ ըսել՝ թէ ո՞ւր ենք եւ ի՞նչ ընելու համար:

            Կրկին ըսենք, որ ինքնախաբէութեամբ ազգ եւ հայրենիք չեն պահուիր:

Մեր եւ ազգի կացութիւնը դիտել այնպէս՝ որ ծառը չծածկէ անտառը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles