
Read Time:21 Second
անահիտ սարգիսեան
Փարիզ
Փետրուար 5, 2016
Ծանօթ.- Այս բանաստեղծութեան տէրը, իր անունը այսպէս ամբողջովին պարզ տառերով կը ստորագրէ:
կը կանգնիս անխօս
հայեացքով մը մերկ
հայելիիդ դիմաց…
կը հասկնաք
զիրար
հայեացքով մը մերկ
դուն եւ ան`
կեանքի ընկերներ
անբաժան…
իսկ այսօր`
երբ
կեանքի անբաժան ընկեր
հայելիիդ մէջ
հայեացքովդ մերկ
կը տեսնես
հայրդ
կամ մայրդ,
պէտք է հասկնալ
թէ կեանքդ
ետեւդ է մնացած …