ԿԵՆԱՑ ՏՕՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 32 Second

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիս
Ռուս օրթոտոքս աղջիկ մը իր ծնելէն 91 տարի ետք իր հոգին աւանդեր է ֆրանսա։
Իր ռուս ծնողքը դար մը առաջ Սուրիա հաստատուած ճերմակ ռուսերէն եղած եւ իր քոյրերն ու եղբայրը ամուսնացած են ու զաւակներ ունեցած։
Իր այս աշխարհէն ճանապարհորդութեան կարգադրութիւնները կատարողը՝ Քեռորդին է։
– Ննջեցեալին եկեղեցական արարողութիւնը ո՞ր լեզուով պէտք է ըլլայ,- կը հարցնեմ։
– Ֆրանսերէն։
– Ձեր անունէն կ՛երեւի որ դուք լիբանանցի՞ էք։
– Ո՛չ, մենք սուրիացի ենք, Հալէպցի։
– Ես ալ՝ Արաբ բունարցի եմ Քոպանի, եւ իմ մանկութեանս հալէպը ինծի համար աշխարհի մեծագոյն քաղաքն էր։ Դուք Արաբ Բունարի մասին լսա՞ծ էք։ Պզտիկ տեղ է։
– Այո՛, անշուշտ լսած եմ։
… Մէկը պիտի գար մեզ կայարանէն առնելու, ըսած էի որ կայարանին դիմացի սրճարանն եմ։
– Հիմա մէկը կու գայ ձեզ կ՛առնէ,- ըսած էր։
– Բարեւ ձեզ-, ըսաւ շատ շուտ եկողը որ կարծես հոն էր։
Ես զարմացայ ուրախացած հա՞յ է, հա՞յ են։
– Դուք հա՞յ էք, հարցուցի։
– Այո, եւ իմ տիկինս ալ հայ է, Փափազեան է։ Հայրս ռուս է իսկ մայրս՝ հայ։
– Ձեր անո՞ւնը։
– Էրիք է, հայերէնով Յակոբիկ եմ։
– Յակոբի՞կ, ես ալ քահանայ ձեռնադրուելէս առաջ Յակոբիկ էի։
Շատ ուրախ էինք մեր հայերէն խօսելնուս համար։ Այստեղ շատ հայերէն խօսող չկայ անոր համար կը մոռնամ։
– Հայերէնը մոռցե՞ր էք, ո՛չ, շատ լաւ կը խօսիք։
– Այո, իմ մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս Ալֆորվիլի մէջ անցուցած եմ, Կապոյտ Խաչի միօրեայ վարժարանը գացած եմ, Պէլֆոնթէնի կայանը գացած եմ։
– Ես ալ այնտեղ խմբապետ եղած եմ, 1975-76ին եւ քահանայ ձեռնադրուելէս առաջ մէկ ամիս հայ մշակոյթի ուսուցիչ եղած եմ, երկու զաւակներս ալ հետս եկած էին իբրեւ բանակող։
Եւ այսպէս ուրեմն, հասանք Պէլֆոնթէն։
– Ձեզմէ քանի՞ հոգի հայերէն կը հասկնայ։
– Կարծեմ թէ միայն ես եմ։
Հասանք, ննջեցեալին սենեակը, առաջարկեցի որ երեքս Տէրունական աղօթք Հայր Մերը հայերէն արտասանենք, գիտեմ որ Էրիք Յակոբիկը այստեղ է։ Ֆրանսերէն գիտցողները թող ինծի միանան, արաբերէն գիտցողներն ալ ձեզի հտ. կը լսեմ ու կ՛ուրախանամ, Աստուած արդէն ամէն լեզու կը հասկնայ։
– Դո՛ւք ըսէք, արաբերէնով դուք ըսէք։ Մենք իսլամ ենք անճրկած ըսաւ, մենք մեր աղօթքը ըրած ենք արդէն։ Իրա՞ւ է որ այսօր երկուշաբթի ըլլալուն թաղում չըլլար,- հարցուց։։
– Ատիկա ո՞վ ըսաւ ձեզի։ Հոս ֆրանսա է, եթէ չըլլար՝ չէին ըներ։
– Ի՛նչ գիտնամ պէյրութի օրթոտոքսները այդպէս կ՛ըսեն,- ըսաւ մանչերուն հայրը եւ – լա՛ւ, ըսաւ, մոռցէք ըսածս, եւ իր երկու զաւակաց հետ լուռ, ձեռնամած հետեւեցաւ աղօթքին։ Եկեղեցւոյ կարգէն ետքը մանչերէն մէկուն կառքովը գացինք ճամբորդին վերջին հանգստարանը։ Երիտասարդը ըսաւ որ ինք ներկայիս Պէյրութի Սէն Ճոզէֆ համալսարանը կը յաճախէ։
– Ես ալ Սէն Ժոզէֆի մէջ հայագիտութիւն ուսանած եմ, լաւ համալսարան է։
– Լաւ է, բայց, դժուար է։
Քար լռութիւն տիրեց մեր ջերմեռանդ աղօթած վայրին մէջ երբ մեր ափին մէջ բռնած հողը խաչակնքելով նետեցինք։ Դամբանը փակողը ջանաց իր գործը անթերի կատարել լռութեան մէջ։ Բոլորս ուշադիր նայեցանք իրեն սպասելով որ աւարտէ։ Ննջեցեալին իսլամ քեռորդին փակողին գնաց, բաներ մը ըսաւ։
Լռութիւնը խանգարողները ծառերուն մէջ ճռուողող ազգի ազգի աներեւոյթ թռչնազգիներն էին միայն։ Անոնց հեղինակած ու ու երգած երաժշտութիւնը Հիանալի էր, կ՛ուզէի իրենց երգը երգել, ինձ թուեցաւ որ այդքան ներդաշնակ բազմաձայն երգեցողութիւն առաջին աանգամ ըլլալով կ՛ունկնդրէի, Հիանացած, կը զմայլէի։ Այդ պահուն Աստուած լռութիւնը թռչուններուն երգով համեմած էր, աներեւոյթ թռչունները կը զարդարեն բարձրահասակ ծառերը։
Ֆրանսացիք գերեզմանատան հարեւան փողոցները կ՛անուանեն հաւասարութեան, հանգիստի, խաղաղութեան փողոցներ, փաղեր, Rue de l’Egalite, Rue de Repos, Rue de la Paix թաղեր, ուր հաւասար են մարդիկ, եւ կը հանգչին, խաղաղ են, այո այդ թաղերը այդպէս են, թաղե՞րը, հիմա, մեր տիրոջմով քրոջ թաղման պահուն տիրող այս աստուածային լռութիւնը կը վայելեմ, լռութիւնը կարօտցած եմ, կ՛ըսեն՝ լռուիւնը ոսկի է, այո, բայց այդ լռութիւնը այս լռութեան հետ կապ չունի, այդ լռութիւնը ասկէ տարբեր է, բայց ո՞ւր գացեր է լռութիւնը, հոս մեր ապրած տեղերը լռութիւն չկայ այլեւս, առաջ կ՛ըլլար, հիմա ամէն տեղ, ամէն ատեն ձայն կայ եւ ձայնը կը հալածէ ու կը սպաննէ լռութիւնը, անոր համար է որ այս յաւէտ ննջողին թաղման պահուն տիրող լռութիւնը կը սիրեմ ու կը գրկեմ զայն կարօտով, պէտք ունիմ անոր ներկայութեան, ես շատ անգամ կը մոռնամ որ լռութիւնը գոյութիւն ունի, այո ունի։ Հիմա մեր տիրոջմով քոյրիկը լռութեան այս թաղին հանգիստին, հաւասարութեան եւ աղաղութեան մէջ պիտի հանգչի իր թաղը ձայնազարդող թռչուններուն աստուածային համերգին մէջ, համերգ եւ լռութիւն կ՛ըլլա՞յ։ Այո, կ՛ըլլայ, հարկաւ կ՛ըլլայ։ Հիմա միաշաղախ համերգն ու լռութիւնը պիտի կենակցին։
Քովս կանգնած այս երիտասարդ յղի աղջկան որովայնին պտուղը երկու ամիսէն, պիտի հասնի, լոյս աշխարհ գայ, ու ան լուռ է կանգնած, եւ երէցկինը նստելիք տեղ մը ցոյց կու տայ իրեն որ չյոգնի, յղի է, ան լփորը եցուն։ Ան կ՛ուզէ կենալ կանգուն, լուռ սպասել մինչեւ երթայ։ Իր մեծ մօրաքոյրը այժմ անդի աշխարհը կ՛երթայ կոր վերագտնելու համար իր եւ մեր արարիչին մօտ հանգչող իր ննջեցեալ հայրն ու մայրը, սիր իրելիները, բայց պիտի ճանչնա՞յ զանոնք։ Դժուա՜ր թէ։ Մենք երբ օտար երկիր մը կ՛երթանք ու ետ կու գանք տարիներ ետք, կը զարմանանք որ մեր հարազատներուն, դրացիներուն, ընկերներուն, բարեկամներուն մազերը մերինին պէս ճերմկցած են, առաջ անոնք այդպէս չէին, այնքան փոխուած եղած են տարեց որ կը զմայլինք իրենց տարիներով բեռնաւոր երեւոյթին վրան։
Արդեօ՞ք ճամբորդին սիրելիները կը նմանին հոգեհանգստեան հոգեզմայլ Ի վերին Երուսաղէմի եղանակին մէջի ծեր ու աղաւնակերպ Ենովք ու Եղիա մարգարէներուն, ո՞վ գիտէ։ Հոն գացողը պէտք է անպայման տեսնէ ու ճանչնայ իր սիրելիները, Աստուած պէտք է օգնէ իրեն, որպէսզի ան իր կարօտը առնէ իրենցմէ, եւ իրենք ալ ճանչնան զինքը 91 տարեկանին։Եւ մենք, երբեմն կը յիշենք զիրենք, կ՛աղօթենք իրենց համար, կը խօսինք իրենց մտածումներուն, խօսքերուն ու գործերուն մասին։
Դէպի մեր կառքերը քայլելու ատեն հոգելոյսին սուրիացի քեռորդիէն իմացայ որ ան յայտնի դեղագործ է, եւ իր Հալէպի դեղագործական գործարանը քար ու քանդ եշած է, եւ հիմա Պէյրութ կ՛ապրի ու կ՛աշխատի, եւ երբեմն Ֆրանսա կու գայ իր մօրաքոյրներն ու Փարիզ ապրող մօրեղբայրը տեսնելու։
Երբ կ՛անդրադառնամ որ անցեալ դարուն սկիզբին մերիններուն պէս հալածուած ճերմակ ռուսերն ալ ապահովութեան համար եկած էին Սուրիա ապրելու, կը յիշեմ Յարութիւն հօրեղբօրս բհետ աշխատող հայախօս ճերմակ ռուսերը, որոնց ծնողները անցեալին ազնուական եղած էին, եւ իրենք կ՛աշխատէին իրենց նման գաղթական հայոց սարքած մետաքսի գործարաններուն եւ այլ աշխատատեղիներուն մէջ։
Բան մը չըսելու պէս է ըսելը թէ աշխարհը պզտիկ է, ո՞վ կ՛ըսէ թէ ան պզտիկ է, ան շատ մեծ է, զինքը կառավարողներուն եսերուն չափ եծ է ան, եւ մեծերը կը նկրտին մրցակցիլ իրենց արարչին մեծութեանը հետ, ու անոր հետ չափուելու պատրանքով գինով կ՛իյնան գահավէժ իրենց արձակած կործանիչ ռումբերը գրկած, եւ կը սկսին աշխարհի խաղաղութեան, բարգաւաճման, ու իրենց նմաններուն երջանկութեան մասին յայտարարութիւններ կը բարբառեն ու կը հրատարակեն, եւ իրենց մրցակիցներուն բարեկամական ու սպառնական խօսքեր կը շռայլեն յուսալով որ կը մնանլ իրենց մեծութեան փառքին վրան։
Միայն Անդի աշխարհ գացողները գիտեն թէ ինչ կայ հոն մեր, գիտցածը իրականութենէն տարբեր է գուցէ, ենթադրութիւն է, բարեբախտաբար։
Այժմ մեզմէ մէկուն հոգին երկնքի նճանապարհը բռնած կը թռչի, եւ իմ քովս կանգնած կնոջ պտուղը մօրը որովայնին մէջ կ՛աճի, որ լոյս աշխարհ գայ Օգոստոսին ու երգէ իր լացին մեղեդին որ երջանկութեան արցունքներով պիտի ողողէ իր ծնողացը աչքերը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles