
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Կեղծմաշկը վարակիչ, լուրջ եւ մտահոգիչ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յառուցիչը Գօրինէպաքդիրիւմ տիֆթէրի մանրէն է (Corynebacterium diphtheriae): Կը կոչուի նաեւ Քլէպս-Լոֆլըր պասիլըս (Klebs-Loffler bacillus), որովհետեւ գտնուած է 1884-ին, գերմանացի մանրէագէտներ՝ Էտուին Քլէպսի (Edwin Klebs) եւ Ֆրիտրիխ Լոֆլէրի (Friedrich Loffler) կողմէ:
Կեղծմաշկը համատարած հիւանդութիւն մըն է. անիկա կը յայտնուի ընդհանրապէս 2-8 տարեկան երեխաներու մօտ, առանց սեռի խտրութեան:
Կեղծմաշկը կը յայտնուի երկու ձեւերով.
- Շնչառական խողովակներու վարակումով, որ ընդհանրացած ձեւն է:
- Մորթի վարակումով, որ հազուադէպ է:
Կեղծմաշկը կը փոխանցուի երկու ձեւերով.
- Ուղղակի ձեւով՝ մարդէ-մարդ, այսինքն՝ վարակուած հիւանդին շնչառա-կան խողովակներէն արտահանուած կեղծմաշկի մանրէներով յագեցած օդով եւ խլնաթաղանթային հեղուկի միջոցաւ, որ կը պատահի հազի եւ փռնգտուքի միջոցին:
- Անուղղակի ձեւով. առողջ անձ մը կը վարակուի կեղծմաշկով, երբ կը դպչի վարակուած հիւանդին իրեղէններուն, սպասներուն եւ հագուստին:
Ի՞նչպէս կը յառաջանայ կեղծմաշկը:
Կեղծմաշկի յառուցիչ մանրէները մուտք կը գործեն վերին շնչառական համակարգի խողովակներէր ներս եւ կը կպչին անոնց խլնաթաղանթին ու կ’արտադրեն յատուկ թունանիւթ (toxin) մը, որ կը յառաջացնէ կեղծմաշկի նախնական ախտանշանները՝ մարմնական ընդհանուր տկարութիւն, անտրա-մադրութիւն, կոկորդացաւ եւ մեղմ ջերմ: Թունանիւթը կը հիւծէ շնչառական խողովակներու խլնաթաղանթը եւ 2-3 օրուան ընթացքին ըմբանին, խռչափողին, նշիկներուն, կոկորդին եւ քիթին առողջ խլնաթաղանթին վրայ կը յայտնուի հաստ, ճերմակ-մոխրագոյն ծածկոյթ-թաղանթ մը (coating-membrane): Աս ծածկոյթը կը կոչուի կեղծթաղանթ (pseudomembrane): Այս հանգրուանին կը սկսին կեղծմաշկի իսկական ախտանշանները՝ բարձր ջերմ, խեղդող հազ, սուր կոկորդացաւ եւ կլլելու դժուարութիւն, վիզի աւշագեղձերու ծաւալում, շնչա-ռական խողովակներու ջրուռեցք (edema), նեղացում եւ խցում, որոնց հետե-ւանքով հիւանդը կը մատնուի ձայնի խռպոտութեան, շնչահեղձութեան եւ շնչադադարի (respiratory arrest):

Կեղծմաշկի թունանիւթը կրնայ մտնել արեան շրջանառութեան մէջ եւ յառա-ջացնել զանազան տեսակի հիւանդութիւններ՝ սրտամկանաբորբ (myocarditis), բազմաջղատապ (polyneuropathy), երիկամներու բորբոքում եւ թոքատապ:
Կեղծմաշկի ախտաճանաչումը կը կատարուի՝ հիմնուելով հիւանդին ախ-տանշաններուն եւ բժշկական քննութեան արդիւնքներուն ու փաստարկելով կեղծմաշկի յառուցիչ մանրէին ներկայութիւնը՝ կոկորդի խլնաթանթի քսուկի (swab) ախտաբանական քննութեան վրայ:
Կեղծմաշկի դարմանումը կը կատարուի յատուկ հակամանրէական դեղե-րով, որոնք կը սպաննեն կեղծմաշկի մանրէները մարմնին մէջ: Դարմանումը սկսելու է շուտով՝ ստանալէ ետք ախտաբանական քննութեան արդիւնքը: Սակայն յաճախ, սուր շնչահեղձութեան պարագային, դարմանումը կը սկսի կոկորդի քսուկի ախտաբանական քննութեան արդիւնքը ունենալէ առաջ: Հոս հիւանդանոցային խնամքը խիստ կարեւոր կը դառնայ, եւ՝ պարտաւորիչ: Ի հարկին, մեղմացնելու համար հիւանդին շնչահեղձութիւնը, կը կատարուի խռչափողածակում (tracheostomy), որուն միջոցաւ թոքերը կը շնչաւորուին եւ կարելի կ’ըլլայ թթուածին ներմուծել անոնց: Այս բոլորին հետ միատեղ, հիւանդին կը տրուի հակաթունանիւթ (antitoxin), որ կը կասեցնէ թունանիւթի ազդեցութիւնը:
Կեղծմաշկի մանրէները կրնան հարուածել մորթը եւ յառաջացնել մորթային կեղծմաշկ, որ կը յատկանշուի մորթային յատուկ վէրքերով: Այս վէրքերը կրնան պատահիլ մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ:

Մորթային կեղծմաշկի ախտաճանաչումը եւ դարմանումը շնչառական խո-ղովակներու կեղծմաշկին նման են:
Հակամանրէական դեղերու գործածութենէն 48 ժամ ետք, հիւանդը վարակիչ ըլլալէ կը դադրի:
Դարմանումը պէտք է ըլլայ կատարեալ եւ ամբողջական, որմէ ետք դարձեալ կը կատարուի կոկորդի քսուկի ախտաբանական քննութիւնը, փաստելու համար կեշծմաշկի մանրէներու ամբողջական չէզոքացումը:
Կեղծմաշկի դարմանումէն ետք, հիւանդներէն ոմանք կրնան դառնալ ման-րէակիր (bacterium carrier), այսինք՝ անոնք կատարեալ ապաքինումէ ետք ալ, կը շարունակեն իրենց մարմնին մէջ ունենալ կեղծմաշկի մանրէներ: Այս մանրէակիր անհատները կրնան կեղծմաշկի մանրէները տարածել իրենց շրջապատին մէջ եւ պատճառ դառնալ կեղծմաշկի պարագաներու յայտնա-բերման:
Տեսնուած է, որ չդարմանուող հիւանդներուն կէսը կը մահանան: Նոյն իսկ դարմանումի ընթացքին, որոշ հիւանդներ կը մահանան՝ կեղծմաշկին ստեղ-ծած բարդութիւններու հետեւանքով:
Վարակուած անձին մօտ գտնուղ առողջ անձեր ենթարկուելու են բժշկական քննութեան եւ ունենան կոկորդի քսուկի ախտաբանական քննութիւն:
Յանձնարարելի է, որ վարակուած անհատը մեկուսացուի՝ չվարակելու հա-մար իր շուջը գտնուող առողջ անձերը: Ան հեռու մնալու է առողջ անձերէ, մանաւանդ երեխաներէ: Իսկ ապաքինումէն ետք, անոր գործածած իրերը, հագուստները եւ սպասները պէտք է ապանեխել: Առողջ անհատներ, չվա-րակուելու համար, հեռու մնալու են վարակուած հիւանդներէն եւ գործածելու չեն անոնց իրեղէնները: Շատ կարեւոր է կանխազգուշական միջոցներու դիմելը՝ պայքարելու համար այս հիւադութեան դէմ: Կեշծմաշկի մէկ պարագայ կրնայ պատճառ դառնալ համաճարակի ստեղծման:
Կեղծմաշկը կանխարգելի հիւանդութիւն մըն է: Սա կարելի է՝ պարզապէս մանուկները կանուխէն պատուաստելով կեղծմաշկի պատուաստով: Կեշծմաշ-կի պատուաստը կը գործածուի պրկախտի (tetanus) եւ խեղդահազի (whooping cough) պատուաստներուն հետ, իբրեւ եռեակ պատուաստ: Մանուկներուն կը տրուին հինգ պատոաստներ: Առաջին երեք պատուաստումները կը կա-տարուին՝ երբ մանուկը 2, 4 եւ 6 ամսու է: Չորրորդ եւ հինգերորդ պատուաստումները կը կատարուին՝ երբ մանուկը 4 եւ 6 տարեկան է: 7 տարեկանէն վեր պատանիներուն կը տրուի մէկ պատուաստ՝ 11 կամ 12 տարեկանին:
Կեղծմաշկի պատուաստը անվնաս է եւ ապահով: Ընդհանրապէս ոչ մէկ բարդութիւն կը պատահի պատուաստումէն ետք:
Պատուաստը կրկնուելու է ամէն տասը տարին անգամ մը, որովհետեւ անոր ուժականութիւնը կը նուազի եւ հիւանդին դիմադրողականութիւնը կը տկա-րանայ:
Ըստ Գանատական առողջապահական պետական հաստատութիւններուն, Գանատայի մէջ՝
– 1924-ին կեղծմաշկի 9 057 պարագաներ արձանագրուած են:
– Պատուաստը Գանատայի մէջ գործածուած է 1926-էն ետք:
– 1930-էն ի վեր, պատուաստը կը գործածուի օրինաւոր ձեւով, բոլոր երեխա-ներուն: Հակառակ ասոր, տարիներու ընթացքին արձանագրուած են կեղծմաշկի որոշ թիւով պարագաներ:
– 1930-էն սկսեալ, կեղծմաշկը մեծ նուազում արձանագրած է Գանատայի մէջ եւ դարձած է հազուագիւտ հիւանդութիւն մը, շնորհիւ պատուաստի գործածութեան: