Կեդրոնականցի Արմենակ Հայաշատ Իր Բնակած Արուարձան Քաղաքի Աչքը, Յիշողութիւնը Եւ Վկան Է…Կը Լսէ, Կ’ուրախանայ, Կը Դատէ, Կը Տխրի 

0 0
Read Time:2 Minute, 10 Second

            Աստուածածնայ տօնի կիրակին, ողկոյզ մը օրհնուած խաղողով եկաւ:

            Թաղի ինքնիրեն երեւելիութիւն շնորհած ձեռքը տաք ջուրէն պաղ ջուրը չդնող հայրենակից մը, հարստացած նպարավաճառ Ժ-իրայրը, որ յառադիմած եւ յաջողած  Ժերարը, որ ամէն տարի Հայստան կ’երթայ կու գայ, կ’երթար-կու գար նաեւ սովետի օրերուն, ապրանք կը տանէր կը բերէր,դժգոհութիւն յայտնած է , հայրենասէր քաղաքագէտի պէս, որ իշխանութիւններուն դէմ, թէեւ աննշան, բողոքներ եւ ցոյցեր կ’ըլլան եւ պէտք չէ ըլլան:

            Արմենակ հետեւեալը Պատմեց.

            «Մակա՛րս, անցեալի մէջ բանտարկուած հայրենասէր մարդուկը ըսաւ, որ Հայաստանի ցոյցերը լաւ չեն, իշխանութեան գործին արգելք կ’ըլլան, հոս ալ մեր վարկին կը վնասեն ցոյցերը»:

             Ըսաւ, որ ցոյցերը արդէն բազմամարդ չեն: Եթէ դժգոհները շատ ըլլային, ցուցարարները շատ կ’ըլլային : Թութակի պէս կը կրկնէր,որ ցոյց կ’ընէին նախկինները ետ բերելու եւ աթոռի համար:

            Երբ հարց տուի թէ, ցոյց ընելու պատճառներ կա՞ն, ան ըսաւ, որ պատճառները կարեւոր չեն, իշխանութիւնը պէտք չէ անհանգստացնել Այդ ցոյցերը անկարեւոր են: Քանի մը տասնեակ եւ քանի մը հարիւրեակ են ցոյցի մասնակցողները: Ըսաւ, որ դրացիին հետ լաւ պէտք է ապրիլ, որպէսզի Հայաստան լաւ ապրի, նոյնիսկ եթէ սահմանային սրբագրութիւններ պիտի ըլլանԿ’երեւակայե՞ս, Արցախ, Զանգեզուր… սրբագրութիւններ:

            Երբ հարց տուի, թէ պատճառներ ունի՞ն ցոյց ընելուցոյցերը պէ՞տք է գնահատել ըստ բողոքներու թիւին, թէ ըստ պատճառներու,  ըստ պատերազմի զոհերուն, կորսուածներուն, գերիներուն, Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ հողերու կորուստին, Արցախի կորուստին, ցեղասպանւթեան ճանաչումէ եւ Հայ Դատէ հդաժարման, պատասխանեց այլ բան ըսելով,  տգէտի եւ յետամնացի հաստատում մը ընելով, որպէս իմաստուն փաստարկ, որ ցուցարարները մեծ մասով կիներ են, ժողովրդային չեն, կարծես կիները քաղաքացի չըլլային, մարդ չըլլային, կարծիք ունենալու իրաւունք չունենային: Կը խօսէր այնպէս, որ կարծես թալիպ ըլլար: ժամանակին հետ քայլ չպահող մը, կիները ստորադաս համարող մը, միզոժին մը, եթէ կիները լսեն զինք դատարան կը տանին

             Մարս, ինչպէ՞ս բացատրել, որ բազմամարդ կամ ոչ, կանանց մեծամասնութեամբ կամ ոչ, ցոյցերը պէտք է հասկնալ ըստ պատճառի: Մարդիկ եղած են, մէկ կամ երկու, որոնք բողոքելու համար իրենց զիրենք այրած են հրապարակներու վրայ: Ողջմիտ մարդ ցուցարարը պէտք է հասկնայ ըստ իր պահանջին, ոչ ըստ իր թիւին եւ սեռին:

  • Իմ կարգիս ըսի.Արմենա՛կ, ինչո՞ւ կը զարմանաս եւ կ’ընդվզիս: Քաղաքակրթութիւնը դեղահատ չէ որ կլլես եւ քաղաքակրթուիս, ո՛չ բնակավայրը, ո՛չ քսակը եւ ոչ ալ տիսղոսները բաւարար են քաղաքակրթուելու համար: Եթէ կրկին հանդիպիս դեռ մտքով Ապատոլուի խուլ անկիւնները բնակող մարդուն, զինք ներկայացո՛ւր բանիմաց եւ դասակարգային գիտակցութիւն ունեցող կնոջ մը, եւ ըսէ որ Ժերարը միզոժին է, թալիբներու պէս է, կիները այր մարդոցմէ վար կը դասէ, ստորադաս կը համարէ, մարդուն ոչ-հաւասար: Եւ յետոյ կեցի՛ր ու դիտէ՛: Կամ անոր փառաւոր դաս մը կու տայ, կամ դատարան կը տանիԱյս հայկական բանգիտական ընկերութիւն է…Դեռ հան նախնական մարդիկ, իրաւունքը կը կը գնահատեն ըստ սեռի եւ ըստ համրանքի:

 

Մակար ի Գաղիա

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles