
Մակար ի Պերիտոն
Մակարուհիին հետ Լիբանան եկած էինք: Արմենակ ինք ալ, իր վաղեմի ընկերոջ Արթաքիի թոռան մկրտութեան համար եկաւ Լիբանան: Ամէն օր, կը հանդիպէինք իրարու, երեկոներն ալ՝ երբ ասդին-անդին ձեռնարկ մը ըլլար. թատրոն, երգահանդէս, ցուցահանդէս… Անպակաս: Երբեմն ալ հայերէնը մոռցուած եւ փոխարինուած Ընքլ Սէմի լեզուով:
Ձեռնարկներուն չափ հետաքրքրական է, սկիզբը եւ վերջը հանդիպիլ մարդոց: Մարդկային կապերը կը ջերմանան: Արմենակ կը շրջի եւ ծանօթի ու անծանօթի հետ կը սիրէ զրուցել: Կը տեսնէ: Կը լսէ: Ինչպէս միշտ, զարտուղութիւններն ալ իրեն կը հանդիպին: Բարձրաստիճան եկեղեցականին շուրջ հաւաքուած կարեւոր անձերու խումբին միացած էր:
Խումբը ցրուելէ ետք եկաւ.
– Մակա՛ր, ափսոս որ մեզի հետ չէիր, որպէսզի տեսնէիր զաւեշտը: Խայտառակ անամօթութիւն:
Շունչ առաւ: Արմենակ կը սիրէ հետաքրքրութիւնը սրել եւ սպասցնել:
– Ի՞նչ պատահեցաւ:
– Ամէն անգամ որ հոս կը գտնուիմ կը հանդիպիմ ինքզինք ցուցադրող այդ հարուստի մի ոմն կնոջ, անկիրթ մը: Բարձրաստիճան եկեղեցականին շուրջ հաւաքուածները կը լսէին, հարցումներ ալ կ’ուղղէին: Միւսներէն ետ չմնալու համար, ամուսինին քսակին տուած արտօնութեամբ, ինք ալ հարցում մը ուղղեց: Չուղղէր բարով:
– Ի՞նչ ըսաւ:
– Առաջին բառէն ետք հարցումը չլսեցի: Բերանը բացաւ եւ իր ցանուած փայլուն ակռաները ցոյց տալով, ըսաւ. «Դուն…»: Կարծես այդ վեղարաւոր եւ սպիտակ մօրուքով յարգելի եկեղեցականը իր ընկերը կամ դրացին ըլլար:
– Լսողը ի՞նչ ըսաւ:
– Ոչինչ: Ինչպէ՞ս կրնայ ինքնիրեն ձախաւերութիւն մը թոյլ տալ եւ նուիրատուութեան ծորակը գոցել: Բայց այս առաջինը չէ որ կարգ յարգել չի գիտեր: Նորելուկ ժողովական մը, օր մը, կրկին բարձաստիճան եկեղեցականի մը ըսաւ, թէ՝ «դուն այլեւս իմ հրամանիս տակ ես»…
– Արմենակ, լեզուական հարց է, անգլերէն կը մտածենք եւ հայերէն կը խօսինք: Անգլերէնի մէջ «դուն»ի եւ «դուք»ի տարբերութիւն չկայ, իսկ միւս մեծ ժողովականդ գտնուելով լերան վրայ, բոլոր մարդիկը թզուկ կը կարծէ, եթէ դեռ տեսնէ…
– Դուն ըսէ ինչ որ կ’ուզես, բայց այդ երկուքն ալ ե՛ւ տգէտ են ե՛ւ անկիրթ: Եւ ինչպէ՞ս կ’ուզես, որ ազգին գործերը լաւ ընթանան…
Կեդրոնականցիին զայրոյթը արդար էր: Բայց ո՞վ հինգ «սէնթ» կամ լիբանանեան կու տայ իր զայրոյթին…