
Եթէ Արմենակ Քիմպըրլի չերթար, տգէտ պիտի մնայինք, այդ անունը առանց լսելու պիտի մեռնէինք:
Փետրուար. ցուրտ: Քաջն Արմենակ եւ Էլպիս եկան: Մեծերուն պէտք է ըսել, որ բուք-բորանին ընկեր-բարեկամ չմոռցողի լամբակին ոսկեջրած շքանշան պէտք է կախել:
Կեդրոնականցին կարեւոր խնդիր մը ունենալու էր: Ցուրտի եւ սղութեան մասին խօսեցանք: Մակարուհին վերջին նորոյթ կապոյտ թէյ սպասարկեց: Ըսաւ. «Տե՛ս, ինչպէս տունը չեն բանտարկուիր»:
«Կապոյտ թէյ»էն ետք, Արմենակ իր նորութեան մասին խօսեցաւ:
– Ափրիկէի Քէմպըրլիէն, ոսկիի եւ ադամանդի վաճառական դասընկերս Իգնատ, զիս հրաւիրած է մասնակցելու հայերու ժողովին: Կուկըլին հարցուցի, թէ որքա՞ն հեռու էր այդ քաղաքը: Ըսաւ՝ 12.000 ք.մ.:
– Ի՞նչ ըսիր:
– Իգնատ հեռաձայնեց եւ պնդեց: Ղրկեց մեր օդանաւի տոմսերը:
– Քիմպըրլիցները ի՞նչ պիտի խօսին: Եկեղեցի պիտի շինե՞ն:
– Ո՛չ: Իգնատ ըսաւ, որ մտահոգ են իրենց ապագայով:
– Հարուստ ըլլալու են:
– Դրամի հոգ չունին: Կ’ուզեն խօսիլ Քիմպըրլիի համայնքի ապագային մասին:
– Ի՞նչ կը մտածես:
Մինչ այդ լուռ մտիկ ընող Էլպիս ըսաւ.
– Երթանք աշխարհ տեսնենք:
Մտածեցի. ո՞ր կինը դիմադրած է ճամբու կանչին: Բայց չըսի, Մակարուհիէն վախնալով:
Գացին: Վերադարձան: Ապրիլ 1-ին Զատիկ էր: Եկան նուէրներով:
Էլպիս խօսեցաւ ադամանդի մասին: Իգնատ զոյգ մը օղ նուիրած է իրեն: Ըսաւ. «Հարս եղայ ադամանդ չունեցայ, հիմա այդ օղերը կախեմ ծիծաղելի կ’ըլլամ»:
Արմենակ հիացած՝ ըսաւ. «Իմաստուն կին ունիմ»: Ապա.
– Մակա՛ր, տեսնելու եւ լսելու բան էր: Մանրանկար Լոս Անճելըս է Քիմպըրլին: Ետ չմնալու համար կազմակերպած էին խորհրդաժողովը: Խօսեցան անգլերէն, աֆրիքաներէն, արաբերէն, թրքերէն, պանթուերէն: Տեսակ տեսակ փեսաներ եւ հարսներ կային: Իգնատ բացման հայերէն խօսք ըսաւ, որ թարգմանուեցաւ անգլերէնի եւ պանթուերէնի: Օրակարգ. ԻՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՔԷՄՊԸՐԼԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ: Ըստ երէցի մը, եկեղեցի պէտք է, հայու փեսայ պանթու Անթանկանա առաջարկեց դպրոց հիմնել, աֆրիքաան Հանսը՝ Հայաստանի որբանոցներուն օգնել, Եթովպիայէն եկած հայ Եաննէթ Փոլատ՝ ամէն տարի խումբեր տանիլ Հայաստան, այդ օգտակար կ’ըլլայ, իրենք ալ քիչ մը զգացումով հայ կը մնան: Երիտասարդ ուսանող մը, մեծ քաղաքի համալսարանէն, ըսաւ, որ Քէմպըրլիի ապագան հայուն եւ համայնքին ծանօթացումը պէտք է ըլլայ:
– Ադամանդի աշխարհին մէջ հայութեան մասին այսքա՜ն մտածողներ կան ուրեմն,- ըսի, հասկցնելու որ հետաքրքրուած էի:
– Երկու օր խօսեցան: Էլպիս թեւս կը կսմթէր, որ չխօսիմ: Երկրորդ օրուան աւարտին, հանդիսաւորապէս ինծի խօսք տուին: Ոչ հոս, ոչ ալ Լոս Անճելըս, Պէյրութ, Երեւան, ինծի նման պատիւ չեն ըներ:
– Ալ մի՛ տրտնջասր, որ երախտագիտութիւնը մեր ազգային մարզաձեւը չէ: Ադամանդի քաղաքին մէջ ուզած են լսել քեզ: Ի՞նչ ըսիր:
– Ըսի, որ քէմպըրլիահայութեան ապագայի հոգը պատիւ կը բերէր իրենց: Բայց չխօսեցաք այդ մասին: Չըսիք, որ հայու ապագան Հայաստանի մէջ է: Հոս, Լոս, եւ այլուր, գաղթական էք, կորսուելու կամ վերադարձի ճամբուն վրայ սպասող, Քէմպըրլին հայու ապագայ չէ: Մեր պանթու փեսաները եւ հարսները ծափահարեցին: Աֆրիքանէրները եւ գաղթական հայերը քիթ-բերան ըրին: Կարծէք հոն ալ կ’ուզեն Քէմպըրլիի հայ ազգ ստեղծել, որպէս մասնաճիւղ համաշխարհային ազգի:
– Դասընկեր Իգնատդ ի՞նչ ըսաւ:
– Ըսաւ. «Լաւ խօսեցար: Բայց հոս ենք, հոս պիտի մնանք»: Հայաստան ունինք եւ հանգիստ քնանալու համար դրամ կը ղրկենք:
– Արարատի պատկեր դիտելով, գինովնալէ եւ խելք ղրկելէ լաւ է: Հայաստան խելքի պէտք չունի: Այս գրէ՛ եւ թերթին ղրկէ:
– Միամիտ ե՞ս: Թերթը նման բան չի տպեր: Ապա թէ ոչ հարա-քիրի պէտք է ընէ:
Մակար ի Գաղիա, Մեռելոց, 2 Ապրիլ 2018
Ի պահնջել հարկին կրնան քիչը կոտրել եւ աչքը վիրաւորել:
Ռաֆֆի Տուտագլեանը ձեզի օրինակ: