
Մակար, ի Գաղիա
Արմենակ իր ոսկերիչ ընկեր Արթաքիէն դրամ ստացած է հարցախոյզի մը համար: Հայաստան մեկնելէ առաջ այցելութեան եկաւ Էլպիսին հետ: Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն ուսանողներով խումբ մը կազմած է, մայիս 15էն սեպտեմբեր 15, Երեւանի օդակայանին մէջ, վերադարձող հայ «տուրիստ»ներուն պիտի հարցնեն, թէ «քանի հայերէն գիրք գնած են եւ կը տանին իրենց հետ»:
– Համաձայնած եմ մաքսայինի հետ, որոնց կողքին պիտի աշխատին երիտասարդները, որոնք պիտի վճարուին,- ըսաւ Կեդրոնականցին:
– Արմենակ, ի՞նչ կ’ուզես գիտնալ եւ չես գիտեր:
– Եթէ հազարներով «տուրիստ»ներ պիտի գան, մեծանուն ժողովներու եւ փառատօներու պիտի մասնակցին, անոնք տեղեակ անձեր պէտք է ըլլան ըլլան եւ ապագայով հետաքրքրուած: Եթէ այդ հազարաւորներու տասնէն մէկը հայերէն գիրք մը գնելով վերադառնայ, ազգի վերականգնման գծով լաւատես կ’ըլլանք, գրատուները կը դատարկուին:
– Նախապէս հրատարակիչներուն լուր տուր, որ տպաքանակները աւելցնեն, ապա թէ ոչ այդ «տուրիստ»ները գնել անգամ ուզեն, գիրք պիտի չգտնեն, քանի որ գիրքերու տպաքանակը չնչին է:
– Այս ալ մտածելիք կէտ է,- ըսաւ Արմենակ:
– Ինչո՞ւ կը խանգարէք զուարճանալու կամ խանդավառուելու գացողները: Շատեր պիտի նախընտրեն «կոնեակ» մը տանիլ, եւ հայ եւ օտար բարեկամներու հետ գնահատել Հայաստանեան ոգելից ըմպելին, ըսելու համար, որ ոչ ոքէ ետ չենք մնար:
– Եթէ այդ հայրենասէրներու ճապրուկներուն մէջ հայերէն գիրքեր չգտնուին, բաց նամակ պիտի գրեմ նախագահին, վարչապետին, մշակոյթի նախարարին, կաթողիկոսներուն, հարց տալով թէ ո՞ւր կ’երթայ մեր ինքնութիւնը, ինչպէ՞ս կը պահպանուի ամէն քայլափոխի կրկնուած մշակոյթը,- ըսաւ քաջն Արմենակ:
– Սիրելիս, աւելի լաւ չ’ըլլա՞ր, որ Հայաստանի «տուրիզմ»ի եւ մշակոյթի նախարարութիւնները, Երեւան մուտքի պահուն գրախանութներու անունները եւ հասցէները թուղթի մը վրայ գրուած տան հասնողներուն, թատրոնի յուշարարի պէս:
– Ճիշդ ես: Եթէ հայրենասէր եւ հայասէր «տուրիստ»ներու ճամպրուկներուն մէջ հայերէն գիրք ունեցողներու եւ չունեցողներու թիւերը յայատարարուին, ինչպէս կ’ըսեն, այդ «էլէկտրոշոգ» կ’ըլլայ բարձրախօսներէ ազգի արժէքներէ ճառողներուն, Հայաստանի ղեկավարներուն եւ սփիւռք(ներ)ի հայ եւ հայութիւն փրկելու աշխատանքով շաբաթավերջին իրարանցում ստեղծողներուն,- իր կարգին ճառեց Արմենակ:
– Ըսիր «էլէկտրոշոգ», եթէ ժամանակ ունենան իմանալու հարացախոյզիդ արդիւնքը: Բայց ըրէ, դուն ուրախ կ’ըլլաս որ ձեռնածալ չես մնար, ինչպէս խորհրդաժողովներու եւ գիտաժողովներու պարանի վրայ իմաստութիւն փռողները:
– Վերադարձիս «Նոյ» մը կը բերեմ, կը խմենք, յաջող կամ յուսալքող արդիւնքի համար:
Մտածեցի. «էլէկտրոշոգ» ունեցա՞ծ ենք, գիտնալով գիրքերու գաղտնիք չեղող տպաքանակը եւ վաճառքը, բայց զրահուած ենք շաուով, show, ինչպէս սորված ենք uncle Samէն: Ընթերցո՞ղը՝ այլ հարց: