
Մարդիկ փառասիրութիւններ միշտ ունեցած են: Հայը ուրիշներէ աւելի, բայց մեր երեւելիութեան դաշտը նեղ է: Օր մը, կապկումով դիրք փնտռող մը ըսած էր, որ դասարան պէտք է փոխէ, բարձրանայ:
Արմենակ պատմեց իր թաղի կրպակավաճառ Կարիի մասին,- անցեալին Գառնիկ,- անոր չբաւարարուած փառասիրութիւններու դառնութեան մասին:
– Գառնիկ իր փերեզակի դրամարկղին դէմ նստած, իր առանձնութեան մէջ, երբ օճառ, ձէթ եւ ձաւար գնողներ չըլլային, թերթ կը կարդար ծանուցումներէն մինչեւ մահազդներ, կը դժգոհէր, որ հոն անուններ եւ պատկերներ կային, որոնց մէջ զինք չէին յիշեր: Չարախօսութեամբ կը խծբծէր բոլոր կարդացածները: Կ’ըսէր, թէ ինք այդպէս պիտի չըսէր: Չէր ըսեր, թէ ի՞նչ պիտի ըսեր: Կը չարանար, երբ իր դասընկերոջ անունը կը տեսնէր թերթին մէջ: Ո՛չ հանդէսներու եւ ո՛չ այլ ցոյցերու կ’երթար, քանի որ ինք տարբեր կարծիք ունէր: Աւելի ճիշդ՝ համաձայն չէր կարդացածին, լսածին, եղածին: Աւելի ճիշդ՝ չէր ուզեր անհանգիստ ըլլալ:
– Մի՛ զարմանար: Այսպէս են իրենց դրամները արդուկող եւ պահող քաղքենի չեզոքները, որոնք յոգնութիւն չպահանջող հայրենասիրութիւն կը խաղան:
– Մակա՛րս, աւազանի անունով Գառնիկը, հիմա՝ Կէրի, ամէն բանի մասին կարծիք ունի, ամէն ըսուածի եւ գրուածի մասին՝ քննադատութիւն, ամէն անձի դէմ խծբծանք: Կը խօսի հայրենասիրութեան մասին, բայց հայրենիքի վերաշինութեան օժանդակող ոչ մէկ կազմակերպութեան դրամ կու տայ, քանի որ վստահ չէ որ դրամը տեղ կը հասնի, նպատակին կը ծառայէ:
– Արմենա՛կ, եթէ չըլլային այս եսապաշտ բանգէտները, մեր ժողովուրդի հանրային կարծիքը աւելի ողջախոհ կ’ըլլար, բամբասանքը եւ զրպարտութիւնը ազգային ծառայութիւն չէին համարուեր:
– Մեր երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեանը այս առանձնութեան մէջ մտածող, զոհողութեան կողքով չանցնող եւ փառք փնտռող Կէրիներու համար առած մը մեկնաբանած էր. «Քսակին մէջ կարիճ ունենալ.- Ագահ ըլլալ, ձեռքը գրպանը տանելու վախնալ, իբր թէ զայն խայթող կարիճ մը գտնուէր հոն»: Սկզբունք. խայթել բայց չխայթուիլ:
– Արմենա՛կ, եթէ նմաններ չըլլային, ասէկոսէները ասպարէզ դարձուցած չըլլային…
– Եթէներուդ պատասխանը պարզ է, իրատես կ’ըլլայինք, կը գիտնայինք կեղծ իմաստուն ըլլալու համար միտք եւ հոգի չէինք պղտորեր: Բայց առանց անոնց դատարկաբան թաղային իմաստուններ կը կորսնցեն իրենց մնացած միակ ազգային զբաղումները, ասէկոսէները, սովետէն մնացած «սեւացրէք»ի բանգիտութիւնը,- ըսաւ Կոմփիւկիոսի հոգեզաւակ Կեդրոնականցին, եւ եզրակացուց կրկնելով Կոմփիւկիոսը խօսքը. «Երբ գլուխդ կուժի մը կը զարնուի եւ ան դատարկ կը հնչէ, միշտ չէ որ կուժը այդպէս է»:
Գառնիկ-Կէրիները ամէն տեղ են, լսող կը փնտռեն, բայց կը լսեն միայն իրենք զիրենք:
Այսպէս պիտի ընթանայ մեր կեանքը, մինչեւ որ հրաշքը պատահի: Ո՞ր հրաշքը, որո՞ւ համար…
Մակար ի ծովափ Ատլանտեանի, 25 Յունիս 2022