ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԿՐԿՆԱԿԻ ՍԳԱՒՈՐ
Արմենակ եւ Էլպիս, Միջինքին այցելութեան եկան որպէսզի առանձին չըլլան եւ մենք ալ առանձին չմնանք: Մակարուհին ձէթով ճաշեր պատրաստած էր, հայկական եւ արաբական: Հայկական շիշ մը գինի ալ սեղան դրաւ:
Արմենակ քչախօս դարձեր էր, Էլպիս եւ Մակարուհի քաղաքական մեկնաբանի պէս Հայաստանի կացութիւնը կը վերլուծէին, ինչե՜ր լսած եւ ամբարած էին: Ոչ ոքէ պակաս հմտութեամբ, ինչպէս բոլոր հայերը: Կրնային արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ըլլալ
Օգտուելով կիներու լռութենէն, հարց տուի Արմենակին.
– Ի՞նչ ունիս, հիւա՞նդ ես, որ սփինքսի պէս անխօս նստեր ես:
– Տխուր եմ: Նիւ Եորքի գրոց-բրոց տարիքոտ զարմուհիիս մահը իմացայ ել-նամակով ստացուած հայկական թերթէն:
– Ցաւակցութիւններս:
– Մակա՛ր, մօտի կամ հեռուի ծանօթի մահը միշտ կը տխրեցնէ: Աւելի տխրեցայ երբ մահազդը տեսայ: Հայերէն թերթ եւ գիրք սիրող ու կարդացող Հայկանուշ զարմուհիս երկու անգամ թաղեր են:
– Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ այդ:
Արմենակ գրպանէն էջ մը հանեց եւ դրաւ սեղանին վրայ:
– Ահա թերթի մահազդը. կարդա՛, եւ մի՛ տխրիր: Կարդա՛ բարձրաձայն, կիներն ալ թող լսեն:
Գրուած էր. «OBITUARY – ՄԱՀԱԶԴ», եւ էջ մը անգլերէն անուններ, մօտ եւ հեռու ազգականներու, նաեւ՝ Smith եւ Aridi: Եկեղեցիին անունը, գերեզմանատան անունը եւ ցաւակցութեան վայրը՝ անգլերէն:
Երբ ընթերցումը աւարտեցի, պահ մը լուռ մնալէ ետք, Արմենակ զսպուած զայրոյթով ըսաւ.
– Հայկանուշ զարմուհիս թաղեր են ամերիկացիի պէս: Վստահ եմ անգլերէն չխօսող Հայկանուշին դամբանականն ալ տէրտէրը անգլերէն խօսած է, Ամերիկայի անդենականի դրախտ անոր մուտքը դիւրացնելու համար:
– Արմենա՛կ, մի՛ յուզուիր, ժամանակին հետ քայլ պէտք է պահել:
– Ա՛խ այս գործնապաշտութիւնը: Մեր լրատուամիջոցները դարձան օտարալեզու, ժողովները՝ օտարալեզու, քարոզները՝ օտարալեզու, տուները՝ օտարալեզու, բայց շաբաթավերջին բեմերէն կը պոռանք հայապահպանում: Հայաստան ներածելիք բան չգտնելով օտար բառեր կը ներածեն հայերէնը վերամշակելու համար, վասն նորարարութեան, իսկ դուրսը մեռելներն ալ կ’օտարացնենք:
Էլպիս եզրակացուց.
– Հերիք է, մարդ, քեզ ճանչցած օրէս Տոն Քիշոթութիւն կը խաղաս եւ չես տեսներ որ կղզիի վրայ առանձին մնացած Ռոպէնսոն ես:
Թէեւ գարնան սկիզբն էր եւ դեռ լոյս կար, բայց թագաժահրը կը պարտադ-րէր, որ չտուգանուելու համար ժամը վեցէն առաջ տուն հասնէին:
Մակար ի Գաղիա, 13 Մարտ 2021


