ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԿՐԿԻՆ ԶԱՅՐԱՑԱԾ ԷՐ
Կեդրոնականցին դեռ զայրանալու ուժ ունի, երբ ազգովին «կոլլապս» եղած ենք, ինչպէս կ’ըսեն Հայաստանի ամէն բնոյթի եւ մարզի (բնագաւառի) ղեկավարները:
Ծաղկազարդին եկեղեցի գացած էր Էլպիսին հետ յոյսի ձիթենիի ճիւղը բերաւ: Արեւ կար: Ծառերը տերեւ չունէին, բայց հետաքրքրուողը ծիլերը կը տեսնէր:
Էլպիս եւ Մակարուհի սուրճը բերին ֆրանսական չամչահացով: Յետոյ խոհանոց գացին: Արմենակ ըսաւ, որ եկեղեցիին բակը եւ փողոցը տօնական մթնոլորտ կար: Զոհի եւ հաշմանդամի մասին խօսող չկար:
– Արմենակ,- ըսի,- սորված ենք Լեւոն Շանթի հերոս Քեսունի բերդի իշխանի խօսքը, որ իր երկու զաւակները կորսնցնելէ ետք ըսած է. «Մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով»:
– Ճիշդ այդպէս, նոյնիսկ երբ այդ ճամբան չենք տեսներ: Իմացա՞ր Հայաստանի լրագրութեան վերջին նուաճումը:
Հասկցայ, որ գովերգական նուաճում բառին ետին խաղքութիւն մը կար: Յանցաւորի պէս ըսի.
– Ի՞նչ նուաճում: Լրատուութիւնը այդքան է, լաւ կամ վատ: Ըսէ՛, իմանամ:
Այն օրէն որ Արմենակ համացանց ունեցաւ Հայաստան կ’ապրի:
– Լսէ՛ Հայաստանեան թերթի կայքէջին վրայ գրուածը. «Աւելի վաղ տեղեկացանք, որ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը սկսել է ադրբեջաներէնով լուրեր թողարկել: Հ1-ի “1lurer.am” էլեկտրոնային կայքում ստեղծուել է ադրբեջաներէն բաժին` 1lurer.am/az, որտեղ ադրբեջաներէն են թարգմանուում եւ տեղադրուում Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ներքաղաքական ու արտաքին քաղաքական կեանքին վերաբերող կարեւոր նորութիւնները:
Խնդրեցի որ կրկին կարդայ: Կարդաց: Հոգոցէ մը ետք ըսաւ.
– Անհաւատալի է:
Զարմացած էի: Լռեցի: Արմենակ շարունակեց.
– Որո՞ւ ի՞նչ կ’ուզեն փաստել, ի՞նչ տուրք կ’ուզեն տալ: Մեր պառակտումներուն, յուզումներուն, պարտութեան եւ անկարողութեան պատկե՞րը պիտի տան, ամէն օր, որպէսզի Հայաստանի եւ հայութեան վերացման հետամուտ թուրք եւ ազերի հետեւին, ուրախանան, սպասելով որ ապաւինինք իրենց հոգատար պաշտպանութեան:
– Արմենա՛կ, չե՞ս կարծեր որ ասիկա ճարպիկ քաղաքականութիւն է, աշխարհին ցոյց տալու, որ հանդուրժող ենք, համագործակցելու պատրաստակամ:
– Սիրելի՛ս, մենք մեզի հարսանիք կ’ընենք: Ծափ զարնելու համար երկու ձեռք պէտք է, մենք մէկ ձեռքով ծափ կը զարնենք, այդ անձայն ծափը ո՞վ պիտի լսէ, բացի խարխափող հայ քաղաքական գրքունակ տեսաբաններէ:
Ի՞նչ կրնայի ըսել: Արմենակ հառաչեց, ոտքի ելաւ եւ մեկնելէ առաջ ըսաւ.
– Տնտեսական տագնապ կ’ապրի երկիրը, «արդրբեջաներէն» լրատուութիւնը քաղաքական պերճանք է, «կոսմեդիկա»: Այդ ծախսերը եւ աշխատուժը եթէ յատկացնեն սահմանապահին, հաշմանդամին եւ անօթիին, ազգօգուտ գործ կ’ըլլայ, ազգն ալ քաղաքական փորձարկութեան «լապորաթորիա» չի դառնար:
Երբ կ’երթար, ետեւէն նայեցայ Արմենակին եւ մրմրթացի. «Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ մեր քաղաքական թատրոնին յուշարար կարգէին Կեդրոնականցին, որ երբեմն ողջախոհութիւն յուշէր ամենա-անգէտներուն:
Մակար ի Գաղիա, 31 Մարտ 2021


