
Մարտի կէսը անցած է, բայց ձմեռը կը յամառի: Արմենակ ֆէտայի է, պաղէն, տաքէն եւ մարդոցմէ վախցող չէ: Հազիւ հասած, ըսաւ որ երկար պիտի չմնայ, եկած է բողոքելու, եւ իր բողոքը հասցնելու բարեկամ լրագրողներուս, հայ թէ օտար:
– Կրկին ի՞նչ պատահած է, որ ընդվզած ես:
– Թերթի վաճառքի, կամ «օտիմաթ»ի համար, ամբոխի հետաքրքրութիւններ կը բաւարարեն եւ չեն զբաղիր լուսաբանութեամբ: Երէկ հեռատեսիլէն պատկերներ ցոյց տուին Անգլիոյ իշխան Հէրրիի կնոջ մասին: Ընտանեկան հարցեր: Ինչո՞ւ խօսիլ Հէրրիի կնոջ ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ համամարդկային ոչ մէկ նշանակութիւն ունեցող հագուստի կանաչի, կարմիրի, ապարանջանի մասին: Մեղք ժամանակին, ծախսին եւ ուժի վատնումին:
– Արմենա՛կ, մարդիկ զբօսանքի պէտք ունին, երեւակայութեամբ տեղ կ’երթան, զգայացունցը օրուան գորշութիւնը կը մոռցնէ:
– Եւ ժողովուրդը կը դարձնէ թեթեւսոլիկ: Այդ կանաչ կամ կարմիր հագուստները երիտասարդ կիներու երեւակայութեան թափ կու տան, կը մղեն կապկելու, եւ չբաւարարուելու պարագային զարտուղութիւններու դիմելու: Այս վայ լրագրութիւն է, կ’ըսեն՝ փիփըլ: Թեթեւսոլիկութիւնը կը հասնի հոն, որ որպէս կարեւոր լուր, իրադարձութիւն, մամուլ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ կը խօսին այս կամ այն մեծի թագաժահրի դէմ պատուաստուած ըլլալու մասին: Որո՞ւ հոգն է, որո՞ւ հարցերուն կը պատասխանէ, թէ Տալայ Լաման պատուաստուեր է: Ժահրին դէմ հաւասար ենք, ինչո՞ւ չիմացնել նաեւ՝ որ նպարավաճառ Փոլը կամ վարսավիր Ժանէթը պատուաստուեր են: Ինչո՞ւ այս անհաւասարութիւնը:
– Արմենա՛կ, այսպէս է, լուսարձակները կը բանան յայտնիներուն վրայ :
– Մակա՛ր, կան ետ չմնալու համար իրենց օտար պաշտօնակիցները կապկող հայ լրագրողներ: Տալայ Լամայի պատուաստի լուրը իրենք կրնան միայն կրկնել, հայ Տալայ Լամայ կը փնտռեն, լուր կը հաղորդեն, յայտնի ըլլալու եւ յայտնի դարձնելու համար: Լուր տուողը չ’ամչնար, ոչ ալ Տալայ Լամա դարձած հայ կարծեցեալ երեւելին:
– Ըստ քեզի, ի՞նչ պէտք է ընել:
– Հեռաձայնի ընկալուչը վերցնել եւ հեռաձայնել, դժգոհութիւն յայտնել, պահանջել, որ դադրին ընթերցող եւ ունկնդիր տխմարի տեղ դնելէ, տխմարացնելէ:
– Այդ պէտք է ընեն դժգոհներ, եթէ կան:
– Եթէ չկան, ուրեմն լրագրութիւնը անմակարդակ է: Քեզի պէս գրոց-բրոցները պէտք է խօսին, ահազանգեն եւ պաշտպանեն հայ հանրային որակը:
Կեդրոնականցին եթէ Հայաստան ըլլար, կը սորվեցնէր, թէ ինչպէս պէտք է բազմապատկել մամուլի դէմ ճնշումները, առարկելով կանացի հագուստի կանաչի եւ կարմիրը, Տալայ Լամայի հռչակին բան չաւելցնող լրատուութիւնը, Տալայ Լամա կարծուող հայու պատուաստումը: Այդ կ’ըլլար օգտակար ճնշում:
Այսպէս է Կեդրոնականցին, կրակ կը ժայթքէ թեթեւսոլիկներուն դէմ:
Եթէ Արմենակ պատուատուի, թերթերուն լուր պիտի տամ:
Մակար ի Գաղիա, 17 Մարտ 2021