
Ինչե՜ր գիտէ, ինչե՜ր կը տեսնէ Կեդրոնականցին:
Վերմակի նմանող վերարկուներու մէջ փաթթուած եկան Էլպիսն ու Արմենակը, Կեդրոնականցին միշտ խօսակիցի, աւելի ճիշդ՝ լսողի պէտք ունի: Մենք ալ պէտք ունինք արդէն երկու տարուան մեկուսացումէ դուրս գալու եւ հայաշխարհէն տեղեակ ըլլալու:
Մակարուհին անմիջապէս թէյ պատրաստեց, ես ալ Նոյ կոնեակի շիշը բերի:
Օրուան հրատապ հարցն է, ի հարկէ, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնը, որ ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ փառասիրութիւններու թատրոն է: Չանտեսենք Հայաստանը, որ նոր նախագահ պիտի ընտրէ: Ամէն տեղ հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ եւ թերթեր առատ նիւթ ունին:
– Մակա՛ր, լրագրողներու եւ քաղաքական մեկնաբաններու ճարտարութիւնը զիս կը զարմացնէ, ինչպէ՞ս նոյն հարցը քանի մը հարիւր տարբեր ձեւերով կը ներկայացնեն: Լսողն ալ կը կարծէ, որ նոր բան կ’ըսուի:
– Այդպէս պէտք է ընել, որ հեռատեսիլը լուռ չմնայ, թերթերն ալ սպիտակ էջերով լոյս չտեսնեն,- ըսի:
Արմենակ շարունակեց.
– Հայաստան ալ ետ չեն մնար: Իրարու նմանող քաղաքական լուրերը կը համեմուին նաեւ հայ գեղուհիներու հին եւ նոր պատկերներով, երբեմն ալ կ’ըսեն, որ հիմա… աւելի գեղեցիկ են, բայց չեն աւելցներ՝ շնորհիւ «պլատիկ»ի: Մակա՛ր, գիտես, Հայաստան ճարտարարուեստ է «պլատիկ միջամտութիւնը», եթէ օր դադրեցնեն, հազարաւորներ գործազուրկ կ’ըլլան, կը ստեղծուի ընկերային եւ տնտեսական տագնապ,- մեկնաբանեց Կեդրոնականցին:
– Հայ նախկին գեղուհիները եւ այդ փափաքը ունեցողները, նաեւ այլ երկիրներու մէջ, ետ չեն մնար: Մայրեր կը քաջալերեն «պլաստիկ»ով գեղեցկացումը: Մայր մը ըսաւ, որ եթէ կարելի է աւելի գեղեցիկ ըլլալ, ինչո՞ւ այդ չընել,- աւելցուցի իմ կարգիս:
– Հայաստանեան մամուլին մէջ լոյս տեսած էին երկու լուսանկարները նոյն «հոլիվուտեան աստղի», որ կը մերժէ «պլաստիկ միջամտութիւնը»: Մտածեցի, որ միթէ՞ հայ թերթը բարոյախօսութեան համար հրատարակած է այդ լուսանկարները, որպէսզի հայ նոր եւ հին գեղուհիներ «չպլաստիկանան» եւ «հոլիվուտեան աստղ»ի արդիականութեան հետեւին,- մեկնաբանեց Արմենակ:
Այս ըսելէ ետք, համացանցէն արտատպած լուսանկար մը դրաւ սեղանին վրայ: Հիմա Արմենակ քիչ մը աւելի արդիականացած է եւ գունաւոր տպիչ ունի:
Ահաւասիկ նկարը, թերթին գրածով: Կը համոզուի՞ն «պոթոքս»ի գեղուհիները:
«Հոլիվուտեան աստղեր, որոնք մերժում են պլաստիկ միջամտութիւնները…
Վերջին տարիներին աւելանում է համարձակ աստղերի թիւը, որոնք չեն թաքցնում, որ դիմում են պլաստիկ միջամտութիւնների: Ոմանք էլ համառօրէն հրաժարւում են արհեստականօրէն իրենց երիտասարդացնելու գաղափարից կամ գոնե պնդում են, որ մերժում են: Վերջիններս վստահեցնում են, որ չեն վախենում իրենց տարիքին համապատասխան արտաքին ունենալուց» (ընդգծ. Մ.):
– Արգիլուած չէ լաւատես ըլլալ, եւ խեղճ երիտասարդներուն կը խնայուի «պլաստիկ» համբուրել փոխան շրթներու,- որպէս եզրակացութիւն ըսաւ գեղագէտ եւ հեշտասէր Կեդրոնականցին:
Մակար ի Գաղիա, 26 Յունուար 2022