
«Շատ դժուար է շատ խօսիլ առանց աւելորդ բան մը ըսելու»:
Լուդովիկոս ԺԴ, Ֆրանսայի թագաւոր
Երեւան, յետ միջօրէի ժամէ 2-ին, Կեդրոնականցի Արմենակ յայտնուեցաւ սրահի մը մէջ, ուր պիտի խօսէր բռնագրաւեալ Հայաստանէն եկած ինքնութիւն պահած հայ մը:
Աշխատանքին ժամերուն դասախօսութիւն կազմակերպել եւ ներկաներ ճարել զարմացնող երեւոյթ էր հայ զբօսաշրջիկին համար: Սփիւռքեան սովորութիւն է դասախօսութեան ներկայ ըլլալ՝ ընթրիքէն ետք, եթէ անմարսողութենէ չենք վախնար:
– Ճաշարանէն վազելով եկայ, այս ժամուն ինչպէ՞ս դասախօսութիւն կ’ըլլայ,- ըսաւ Արմենակ:
– Հռոմ գացողը հռոմէացիի պէս կ’ապրի, պէտք է վարժուիս,- ըսի:
– Եթէ երիտասարդներ այս ժամուն կու գան հանդիպումի, ե՞րբ կ’աշխատին,- պնդելով հարցուց Արմենակ:
Հիւրը խօսեցաւ թրքերէն, ջերմութեամբ, փոխանցեց իր ներքին կրակը: Հերթը եկաւ ներկաներուն, հայաստանցիներ եւ «սփիւռքահայեր»՝ ինչպէս սովորութիւն է ըսել, որոնք ինքնութիւն պահելու մասին կարծիքներ յայտնեցին: Ոմանք ալ մոռնալով որ օրուան հիւրը իրենք չէին, իրենց գիտցած-չգիտցածը թափեցին, պատմեցին իրենց Արեւմտահայաստան կատարած պտոյտը, հանդիպումները, կարծէք հիւրը եկած էր գիտցածը լրացնելու:
Եւ ժամը 2-ը ծամօնի պէս երկարեցաւ:
Ի վերջոյ, առանց փակման խօսքի, ամէն կողմէ լսուող խօսքերու հեղեղին տակ, հասկցանք որ հանդիպումը վերջ գտած էր:
Երբ մենք ալ ոտքի ելանք, Կեդրոնակացին իմաստուն ֆաքիրի իր շեշտով ըսաւ.
– «Շատ դժուար է շատ խօսիլ առանց աւելորդ բան մը ըսելու»: Այս իմ խօսքս չէ, Ֆրանսայի հռչակաւոր Լուդովիկոս ԺԴ թագաւորի խօսքն է:
– Ինչո՞ւ չըսիր երբ սկսած էինք ձանձրանալ:
– Ի՞նչ պիտի մտածէր հայաշխարհի մնացորդացի այդ մարդը, եթէ վիրաւորէի զինք լսելու եկած շատախօսները,- եզրակացնելու պէս գլուխը օրօրելով ըսաւ Արմենակ:
– Ի՞նչ ընենք, Արմենակ, թագաւոր չունինք որ արքայական իմաստութիւն ունենանք:
– Բայց ո՞վ կ’արգիլէ որ մտածենք եւ աւելորդ բան չըսենք, եւ հրաժարինք ուղեղ քերելու ազգային սովորութենէ,- ըսաւ Արմենակ:
Դեռ կրնար տրտնջալ, եթէ չյայտարարէին, որ զովացուցիչ պիտի հրամցնէին եւ իմաստասիրելու պահը չէր: Երեւան շոգ էր:
Մակար, 21 յունիս 2018, ք. Երեւան