
Արմենակ հայ կեանքի ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հարազատութեան մերօրեայ Տոն Քիշոթը: Մարդ՝ որ դեռ գիտէ սխալներ տեսնել, չ’ուզեր ո՛չ երջանիկ կոյր ըլլալ եւ ո՛չ ալ խոտորումներու մեղսակից: Բայց լսող չունի:
Հայաստանը իր սէրն է: Անոր յաջողութիւնները իր երջանկութիւնն են, սխալները եւ ձախողութիւնները՝ ցաւը, ինչպէս՝ պարտութիւն կամ չարաշահում, պառակտում թէ ներազգային ատելութիւն: Այսօր ընդվզած է իշխանութիւններու իւրայիններու հանդէպ ցուցաբերած գլխապտոյտ պատճառող առատաձեռնութեամբ, որ կը կոչուի պարգեւավճար: Ել-նամակով ղրկած է Հայաստանի «Ժողովուրդ» թերթին մէջ կարդացած յօդուածէն հատուած մը: Ըսած է, որ այս քննադատութիւն չէ, այլ «նախկիններու» չարաշահումներուն խօսքի եւ բառի «կոսմետիկ» վիրաբուժութեան ենթարկուած կրկնութեան պատկեր, նոր անունով՝ «ՊԱՐԳԵՒԱՎՃԱՐ»:
Գրած է. «Կարդա՛ թերթին գրածը եւ տո՛ւր նաեւ հաւկուրութենէ տառապող թաւիշի հաւատացող ոչխարներու»: Աւելցուցած է. «Ես միլիառներու հանում-գումարումը անկարող եմ ընելու: Ըսէ՛ որ ազգի խելօքները այդ ընեն»:
Կ’արտագրեմ Արմենակի «Ժողովուրդ» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի ինծի ղրկած հատուածը: Ինք չէ մեկնաբանած: Հայաստան եւ սփիւռք, մարդիկ իմանալով այս «միլեառներ»ը, ինչպէ՞ս կրնան ձեռնածալ մնալ, առաւել՝ ծափահարել: Կը խնդրուի ընթերցել ձեռքի տակ ունենալով հաշուիչ մեքենայ մը.
«Ասում էք, որ էն պարգեւավճարները, որ իմ որոշմամբ յատկացուել է պաշտօնեաներին, կարելի էր յատկացնել թոշակառուներին։ Ուրեմն այդ նպատակի համար տարեկան օգտագործուում է 1 մլրդ դրամ գումար». սրանք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերն են՝ ասուած 2020 թուականի ապրիլի 6-ին, սակայն իրականութիւնը բոլորովին այլ է։ Այսպիսով, որքա՞ն պարգեւավճարներ են բաժանուել 2020 թուականին. Ազգային ժողով՝ 1 մլրդ 416 մլն դրամ, ՀՀ ՊԵԿ՝ 5 մլրդ 578 մլն դրամ, Քննչական կոմիտէ՝ 1 մլրդ 451 մլն դրամ, 12 նախարարություն՝ 5 մլրդ 90 մլն դրամ, ՀՀ ոստիկանութիւն՝ 8 մլրդ դրամ, եւ այսպէս շարունակ։ Ընդհանուր 25 մլրդ դրամ է կազմել պարգեւատրման ֆոնդը, այսինքն՝ իրականում պարգեւավճարների համար նախատեսուած գումարները շատ ավելի շատ են, քան իր խօսքում ասում էր Փաշինեանը։ Յեղափոխութիւնից չորս տարի անց նա մոռացաւ աղքատներին, թոշակառուներին օգնելու իր առաքելության մասին, թոյլատրեց պարգեւավճարներ բաժանել ու բարձրացրեց նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաների աշխատավարձերը, այնինչ երկար ժամանակ նա դէմ էր հենց բոլոր տեսակի պարգեւավճարներին»։
Ուշադրութեամբ կարդալ «յեղափոխութիւնից չորս տարի անց նա մոռացաւ աղքատներին, թոշակառուներին օգնելու իր առաքելութեան մասին»–ը: Նաեւ՝ «Հ․Հ․ ոստիկանութիւն՝ 8 միլրդ դրամ»–ը:
Հայաստան գացող-եկողները եւ զուարճացող հայրենասէր «տուրիստ»ները կը պատահի՞ որ խօսին Ազնաւուրի այգին նստած զովացող եւ մրափող թոշակառուներուն հետ, թէ քանի՞ հազար է իրենց թոշակը:
Պիտի ըսեմ Արմենակին, որ երբ կրկին Հայաստան երթայ, Ազնաւուրի Այգիին մէջ օր անցնող թոշակառուներու ստացած թոշակներու գումարները արձանագրէ մէկ առ մէկ, եւ գայ ըսէ, որպէսզի «տուրիստ»ները, «բարեսէր»ները, «տեսաբան»ները եւ «զգացումով հայ հայրենասէր»ներն ալ գիտնան: Թերեւս քննադատութիւնը չարութիւն համարող հաւկուրութենէ վարակուածները կը բուժուին: Թերեւս…
Հարցում. եթէ այդ միլիառները ծախսուած ըլլային… բանակին:
8 միլիառ ոստիկանութեան, որ սահման պաշտպանող չէ:
Ան ի՞նչ եւ զով կը պաշտապանէ:
Եւ որո՞ւ դէմ:
Մակար ի Գաղիա, 4 Oգոստոս 2022