
Չենք կարծեր, որ խմբագիրները ժողովրդեան փափաքին դէմ գան, որովհետեւ թերթերուն ամէն թիւերուն մէջ ժողովուրդ, ժողովուրդ պո-ռալէն կոկորդնին կը պատռեն։
Յակոբ Պարոնեան
Մարտի արեւէն օգտուելով պարտէզի հողը կը մաքրէի: Պսա-կաձեւ ժահրով տնարգելութեան դատապարտած ենք, այցելու չի գար, ես ալ հող կը մշակեմ:
Արմենակ ֆէտայի է, սահման չի ճանչնար: Եւ եկաւ: Միշտ ըսե-լիք ունի: Ես ալ աշխարհէն լուր կ’առնեմ: Առանց սուրճը սպասելու, հարցուց.
– Բելլա Լալայեան անունով լրագրող մը կը ճանչնա՞ս: Արցախ-ցի է:
– Ինչպէ՞ս ճանչնամ:
– Ան միայն լրագրող չէ, նաեւ Արցախի նախագահութեան թեկնածու է:
– Յառաջդիմութիւն եւ արդիականութիւն,- ըսի:
– Աւելի՛ն, Մակա՛րս: Ողջմտութիւն:
Քիչ կը պատահի, որ Արմենակ հանդիպի ողջմիտի մը եւ խօսի անոր մասին: Սպասեցի:
– Այս Բելլան անգտանելի առաքինի մըն է: Մեծերու եւ փոքրե-րու քիչերէն է, որ սելֆիի եւ ֆէյսպուքի, ինքնանկարման եւ դիմատետ-րի գերի չէ, ինքնահիացող չէ, չի փնտռեր միամիտներու փուչիկային ծափը: Լրագրողին ժամանակակիցներուս ուղղուած իմաստուն խօսք ըսած է, որուն մասին պէտք է մտածենք, ներսը եւ դուրսը:
«Դուք ինձ առաջարկում էք, որ իմ աշխատանքը թողած՝ դերա-սանութեամբ զբաղուե՞մ եւ ժողովրդին կերակրեմ էժանագին տեսա-րաններո՞վ, օրինակ քյալլա ուտեմ, դնեմ ֆէյսպուք: Հասկանում եմ, որ հիմա արժէքների կորուստ է եղել մարդկութեան շարքերում, առաջ-նայինը երկրորդականից, կարեւորն աննշան երեւոյթներից չեն տար-բերում, պահի տակ ինչ-որ էժանագին տեսարաններով հաճոյանում են, րոպէներ անցկացնում, հրճուում: Ցաւօք, մենք շեղուել ենք մեր սկզբունքներից, չունենք ազգային գաղափարախօսութիւն»:
– Քու Բելլադ չէ հասկցած, որ սէլֆի եւ ֆէյսպուք քաղաքականութիւնը վերածած են ամբոխի զուարճութեան, ըսելով՝ ժողովրդավա-րութիւն:
– Թեկնածու ողջմիտ Բելլան կը քննադատէ մեզ ընդարմացնող մակերեսնայութիւնը, մեր անկարեւոր կարեւորութիւնը, թեթեւսոլի-կութիւնը եւ ամբոխայնացումը: Եթէ Գիւմրի աւանդական քյալլայով հիւրասիրուած էք, լաւ յիշատակ է, բայց քյալլայով սելֆի ընել եւ աշ-խարհով մէկ ֆէյսպուքով ցուցադրուիլ ի՞նչ բանի համար է: Դուք կըր-նաք զուարճացած ըլլալ, ուրիշի չտեսածը տեսնելով, չկերածը կերած ըլլալով, բայց ան որքանո՞վ կարեւոր է Աշտարակի ձեր զարմիկին, Կլէնտէյլի ձեր ընկերոջ, Փարիզի ձեր ծանօթին, անոնց որոնց օր մը հանդիպած էք:
Արմենակ մէկ շունչով խօսեցաւ, կարծէք Օփերայի հրապա-րակը խմբուած ժողովուրդին կը խօսէր, որպէս Բելլայի բանբեր:
– Արմենա՛կ, ո՞վ թերթ կը կարդայ, որ Բելլան յօդուած գրէ եւ լսուի, իսկ հեռատեսիլը դատերով, նորերու եւ նախկիններու վէճերով եւ զարկի-ջարդեցի-սիրեցի-խաբեցի-խաբուեցայի սերեալներով գրաւ-ուած է: Եթէ ընտրապայքար պիտի մղէ, պէտք է որ սէլֆի եւ ֆէյսպուք գործածէ:
– Ուրեմն Բելլադ ի զուր պիտի յոգնի, լսող եւ ընտրող պիտի չգտնէ, քանի որ սելֆիացած եւ ֆէյսպուքացած ենք: Ափսո՜ս… Քյալլա ուտելու պատկերներո՞վ պիտի խօսինք ժողովուրդին, ընտրենք եւ ըն-տրուինք:
Տխրած Կեդրոնականցին գլխարկը առաւ, ցտեսութիւն մրմըր-թաց եւ գնաց:
Ետեւէն նայեցայ եւ ես ինծի ըսի.«Ո՞վ փարա կու տայ ողջմը-տութեան»…
Մակար ի Գաղիա, 14 մարտ 2020