Յօդուածներ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԳԱՑԵՐ Է ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐՈՒՀԻ ԼՍԵԼՈՒ , ԲԱՅՑ ՀԱՆԴԻՊԵՐ Է… «ԻՄ ՔԱՅԼԻՆ»


Ցուրտ էր, կը ձիւնէր: Տաք խաչաբուռիով թէյ խմելու եկաւ Արմենակ: Թարմ լուրեր ունենալու էր:
– Երէկ գացի «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ լսելու մեծ դաշնակահարուին: Հրապարակին վրայ ցոյց կար, բարձրախօսները կը գոռային, ինչ որ կ’ըսուէր չէր հասկցուէր, արդէն լսող ալ չկար: Ներկաները, խմբակներու բաժնուած տեսութիւններ կը յայտնէին: Պահ մը կեցայ, յետոյ շէնքին շուրջ դարձայ ու հասայ մուտքը: Սպասեցի, որ դահլիճին դռները բացուին:
– Բախտաւոր ես,- ըսի,- մէկ քարով երկու թռչուն,- դաշնակահարուհի լսելու կ’երթաս եւ ներկայ կ’ըլլաս ցոյցի:
Արմենակ չլսել ձեւացուց եւ շարունակեց:
– Հեռատեսիլի նկարահանողները եկան եւ սրահ մտան: Շուրջս կը դիտէի: Ուշադրութիւնս գրաւեց մուտքի դռներէն մէկուն վրայ խոշոր գիրերով եւ եռագոյնով գրուած «ԻՄ ՔԱՅԼԸ»: Ինչո՞ւ: Դռները բացին եւ տեղս գտայ: Հազիւ նստած, նոյն «ԻՄ ՔԱՅԼԸ» տեսայ բեմի աջ պատին վրայ:
– Շուարած չէ՞իր: «ԻՄ ՔԱՅԼ»ի գրասենեակներէն մէկը չէ՞իր գացած,- ըսի :
– Մակա՛ր, լուրջ բան կը խօսիմ: Շուման եւ Փրոքովիեւ չկարողացայ լսել: Ուշադրութիւնս դրան վրայ գրուածին կ’երթար անդադար: Ինչպէ՞ս նման գրութիւններ տեղ գտած էին արուեստի սրբատեղիին մէջ: Անցեալին «մուրճ-մանգաղ»ը այդպէս էր, ամէն տեղ էր: «Պրոտելարիատի դիկտատուրա»յի վերադա՞րձն էր:
Արմենակ յուզուած շարունակեց:
– Չեմ գիտեր, թէ խանդավառութեամբ ծափահարողները եւ ծաղկեփունջերով արուեստագիտուհին շնորհաւորողները տեսա՞ծ էին երաժշտական տարածքի բռնագրաւումը: Լաւ էր, որ դուրսի ցուցարարները արուեստով հանդարտելու համար խումբերով սրահ չէին խուժած, անախորժ դէպքեր կրնային պատահիլ, ոմանք կրնային ցուցանակները ջարդել, դատարաններուն եւ մամուլին աշխատանք հայթայթել, յիշեցնելով որ կարօտները վառ էին:
– Ի՞նչ ընենք, Արմենակ, յեղափոխութիւն է:
– Կը մտածեմ ֆրանսական «Քանար Անշէնէ» երգիծաթերթին լուր տալ, որ թղթակից ղրկէ, լուսանկարէ: Այդ թերթը մերկացումներ ընելէ չի վախնալ: Թերեւս կը խօսի նորատեսակ դիկտաուրայի մասին:
– Արմենակ, երկու օր վերջ միասին երթանք Օփերա «Սեվիլլայի Սափրիչը» տեսնելու, լուսանկարենք ցուցանակները: Թիւրիմացութիւն մը ըլլալու: Թերեւս պարապ չձգելու համար սրահը ցերեկին կը գործածուի որպէս կուսակցական գրասենեակ: Նկարները ղրկենք թերթերուն: Ազատ մամուլ ունինք եւ ան մեզ կը լուսաբանէ:
Ազնուական հոգիով հայ կեդրոականցին պահ մը լռեց: Ապա՝
– Մակա՛ր, գիտե՞ս, քնացող հին սատանաները արթննալով, վաղը կրնան իմ տեսած գրութիւնս փոխարինել մարդու պատկերով, ինչպէս այդ կ’ըլլար «ժողովուրդներու հօր» համար:
Եւ գլխարկը առաւ, ցը ըսաւ եւ գնաց:
Եթէ վարչապետ կամ նախագահ ըլլայի, Կեդրոնականցին բարքերու հսկիչ կը կարգէի:

Մակար, 27 փետրուար 2019, Երեւան

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button