
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը, շաբաթասկիզբին տեղի ունեցած արտակարգ նիստին ընթացքին, արձանագրեց Հայաստանի նախագահի ութ թեկնածուները:
Նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի Յունուար 21-ին եւ աւարտի Փետրուար 16-ին: Ութ թեկնածուներն են` գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան, “Ժառանգութիւն“ կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննիսեան, “Ազատութիւն“ կուսակցութեան ղեկավար Հրանդ Բագրատեան, “Ազգային Ինքնորոշում“ միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան, Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Արման Մելիքեան, “Ռատիօ հայ“ Ընկերութեան տնօրէն Անդրէաս Ղուկասեան, անկուսակցական Վարդան Սեդրակեան եւ “Ազգային Համաձայնութիւն“ կուսակցութեան նախագահ Արամ Յարութիւնեան: Նշենք, թէ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Փետրուար 18-ին: