
Յ. Պալեան
Տպագիր, հերցեան ալիք, պատկեր, ելեկտրոնային, խօսքի հեղեղին մէջ ենք. լրատուութիւն, հրապարակագրութիւն, համացանցային կապ եւ գրականութիւն: Այդ մշակոյթը, երբ դուրսէն եւ հեռուէն կը դիտենք, մեզի կը թուի բնական ըլլալ, իր տեսակներով, երանգներով, մարդոցմով, արծարծած գաղափարներով, մանաւանդ երբ ժամանակը զտում կատարած կ’ըլլայ, ճշդած կ’ըլլայ հարազատը, ինքնատիպը, շարունակութիւնը, գնայունը եւ մնայունը:
Նոյնիսկ մեր փոքր ածուին մէջ, ո՞վ կրնայ ճշդել ամէն օր արտադրուած բառի եւ խօսքի առատութեան քանակը: Այդ արտադրութեան հեղինակները եթէ պահ մը մտածեն, թէ յիսուն կամ հարիւր տարի ետք ինչ պիտի մնայ ազգային հարստութեան գանձանակին մէջ, ինչ պիտի ձգենք որ ապրի, կը համեստանանք եւ նուազ առատաբան կ’ըլլանք: Ճարտարագիտական միջոցներու ընդհանրացումը եւ ժողովրդականացումը ջնջած են որակային ցանցը եւ ստեղծուած է խառնիճաղանճային վիճակ՝ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան երբեմն-յաճախ կեղծ եւ անորակ հովահարումով:
Այսօր երբ կը մտածենք, կը սորվինք կամ կը սորվեցնենք օրինակ հայ գրականութեան Զարթօնքի սերունդը կամ ֆրանսական ԺԷ դարու դասականները, չենք խորհիր ինչ որ պահած ենք, ինչ որ կտակուած է, չնչին տոկոսն է այդ օրերու արտադրուածին, պարզ եւ յստակ: Շատախօսութիւնները, այլազանութիւնները, տարբերութիւնները ոչ թէ կ’անհետանան, անհետացած են, այլ բացատրութիւններու եւ վերլուծումներու ընթացքին մաղէ անցած են, դասաւորուած են, մարդկայինի, արուեստի եւ որակի լոյսով, դարձած են ժառանգութիւն, որուն մէջ կը սեւեռենք մենք մեզ, գտնելով հոգեկան-ոգեկան հայելի:
Այսինքն, ինչպէս որ պատմութիւնը անկասելի ընթացքի մէջ է, այդպէս ալ մարդկային միտք-խօսքը յարաշարժ է, երբեմն հեզասահ, երբեմն բուռն եւ բիրտ, բարիի եւ գեղեցիկի որոնման ընթացքին երբեմն չար եւ աւերող, կրկնելով պատմութիւնը: Այսպէս, ռոմանդիկները քննադատած են դասականները, իրապաշտները քննադատած են ռոմանդիկները, եկած են գերիրապաշտները, գոյապաշտները, եւայլն, բայց այդ անուանումներու արտադրած բազմազանութեան մէջ յայտնուած են մեծերը, տաղանդները, հանճարները, որոնք եղած են ստեղծողներ, ոչ կապկողներ, ոչ այլոց եւ ոչ ալ այլ երկինքներու տակ եղածներու նմանակումներ:
Մտաւորականներ եւ իրենց կոչման արժանի ղեկավարներ առաքինի յանդգնութեամբ եթէ խօսին, ցոյց տան ուղին, ցորենը զատեն որոմէն, կը ծառայեն մարդկութեան, ճամբայ կը հարթեն որակի եւ յառաջդիմութեան առջեւ, կը հանդիսանան վաղուան լաւին եւ երջանկութեան ազնիւ բանուորները, նոյնիսկ երբ այդ ընեն ի հեճուկս իրենց անձին եւ քաղքենիական շահերուն:
Եթէ օրին չխօսուի թիւրի եւ թերիի մասին, մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, անոնք ըլլան գրականութիւն, արուեստներ, քաղաքականութիւն, գիտութիւն, իմաստասիրութիւն, ժամանակը կ’ընէ զտումը, կ’առանձնացնէ դէմքեր եւ գաղափարներ: Միշտ պէտք է խորհիլ այն մասին, որ քանակը որակի չափանիշ չէ, ամբոխավարութիւնը քաղաքական խօսք չէ, քարոզչութիւնը անպայման ճշմարտութեան ուղին չէ, կառավարութեան կամ կուսակցութեան մը հաղորդագրութիւնը ճշմարիտ լուսաբանութիւն չէ: Զիրար հակասող եւ ոչ անպայման ճշմարտութեան եւ բարիի հետամուտ հաղորդագրութիւններու եւ քարոզչութեան այլազանութիւնը երբ աչքի առաջ կ’ունենանք, չենք կրնար չմտածել անցեալ դարու մեծ մտաւորականին եւ գրողին պէս, Ալպէր Քամիւի պէս, որ «կիրքերու տրամաբանութիւնը կը շրջէ մտածման դասական կարգը եւ եզրակացութիւնը կը դնէ նախադրեալներէն առաջ»: Մտածել մեր ներազգային անվերջանալի վէճերուն եւ խծբծանքներուն մասին:
Մեր խառնակ ճակատագիրը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ընկերաքաղաղական հոլովոյթի եւ փոփոխութեան իւրաքանչիւր հանգրուանի, դրական լուծումներու ակնկալութիւններուն հետ երեւան կու գան հակասութիններու եւ անկազմակերպուածութեան ախտանիշներ, զորս հաւաքական կամքով եւ իմաստութեամբ յաղթահարելու փոխարէն, զանոնք կը պատուաստենք ներածուած գաղափարներու եւ տեսութիւններու վրայ, որոնք մաս կը կազմեն այլ հասունացում ունեցած երկիրներու եւ քաղաքակրթութիւններու յատուկ փորձի:
Այս կարգի ընտրանքներ, անոնք ըլլան քաղաքական, գրական, արուեստներու կամ կրօններու, յատուկ են ընտրանի կոչուած կամ իրենք զիրենք ընտրանի համարող շրջանակներու, որոնք իրենք զիրենք վեր կամ անդին կը դասեն ժողովուրդի եւ երկրի անցած ուղիէն, պատմութենէն: Այսինքն կը գերակշռեն եսերը, երբեմն կռթնելով «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան» ընձեռած հոգեբանական յաւելեալ իրաւունքի վրայ, կամ տարբեր աշխարհներու համալսարաններէն ստացուած անոնց ընտրանիին սրսկուող արժէքներու կապկուած բանգիտական ներածման:
Ոչ թէ դրամատիրութիւնը ինքնին վատ է, ոչ ալ այլ համալսարաններէ ստացուած գիտութիւնը, այլ միայն անոնց աղբիւսին վրայ սեփական մշակոյթ ծաղկեցնելու, սեփական ճակատագիր որոշելու, սեփական քաղաքականութիւն առաջնորդելու թեթեւսոլիկութիւնը: Քաղաքականութիւն եւ մշակոյթ յար եւ նման չեն մէկ երկրէ միւսը, ինչպէս ամերիկեան կովարածի տափատը, ինքնաշարժը, ակնոցը կամ հեռատեսիլի պատուհանը: Այդ զոյգը մարդոցմով կ’ըլլայ եւ մարդոց համար, նոյն եւ տարբեր նոյն երկրին մէջ, նոյն եւ տարբեր մոլորակի տարբեր վայրերուն մէջ:
Տեսական միօրինականցումը, մտածում եւ կառավարում, ստեղծագործութիւն եւ վարչարարութիւն, կ’ընթադրեն շրջապատը, խանուածքները, բարքերը, առասպելները, որոնք ժողովուրդի մը «բնականութիւն»ը կը ճշդեն: Եւ ինչպէս ըսած է ԺԷ դարու բանաստեղծը (Պուալօ), «վանեցէ՛ք բնականութիւնը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ», այդպէս ալ մշակութային եւ քաղաքական կեանքի մէջ «անբնական ներածումներ» կամ կը մերժուին կամ ծնունդ կու տան խառնակութիւններու, երբեմն ալ երկուքն ալ միաժամանակ:
Մարդ արարածը ճարտարարուեստական ապրանք չէ, անոր կարելի չէ այլ տեղի համար ստեղծուած կաղապար հագցնել: Միօրինականցման տեսութիւնները, փորձերը եւ փորձութիւնները եղած են փորձանք, կրօնական եւ քաղաքական, Հռոմէն Միջնադար եւ նոր ժամանակներ:
Հայաստան եւ հայութիւն, ներառեալ սփիւռք(ներ)ը, մտած է վերականգնումի պատմական աստեղային ժամանակաշրջան, որ ամէն տարի չի կրկնուիր ազգի մը պատմութեան մէջ: Մեր խօսքը, նախաձեռնութիւնները, ընտրանքները չեն վերաբերիր միայն այսօրուան, այլ գալիքին, որ անմիջական ներկային մէջ կը բեղմնաւորուի: Անհարազատ արժէքներով եւ անհարազատ գաղափարներով տարբեր ժողովուրդ մը կը ծնի, որ դատապարտուած կ’ըլլայ շարունակութիւն չըլլալու:
«Ղեկավարութիւններ»ը պատասխանտու չեն միայն այսօրուան հացին, այլ նաեւ վաղուան հնձուելիք հաց թխելիք ցորենին, որուն համար պէտք է հերկել արտը, ցանել ցորենը, զատել որոմը եւ թխել հացը:
Յաջողած պիտի ըլլայ այն ղեկավարութիւնը, որ պիտի խօսի եւ գործէ վաղուան սեփական հացի հեռանկարով, որ հողահաւաք է, հայհաւաք է եւ հոգեհաւաք է, այսինքն ինքնութիւն եւ հարազատի ծառայութիւն, որպէսզի շարունակութիւն ըլլանք եւ ոչ այլոց սարքերէն եւ սադրանքներէն հանուած տժգոյն պատճէն:
Այսինքն, գիտակցական մակարդակ նուաճելով, ընդդիմանալով ամբոխային ամէն կարգի տրամաբանութեան եւ դեդեւումի, տեւաբար պիտի նուաճենք մեր մարդկայնութիւնը, որ նաեւ մեր ինքնութիւնն է, մարդկային ընդհանրութեան մէջ պահելով մեր հարազատութեան տարբերութիւնը, գոյատեւման պարզ իմաստութիւնը:
Եւ ի հարկէ, վերականգնելու համար ինքնութեան եւ հարազատութեան հզօր գիտակցութիւնը, հարկ է խօսիլ իւրաքանչիւրին, անոր հասնիլ իր յարկին տակ եւ բերել մասնակցութեան եւ յանձնառութեան:
Պէտք է տեւաբար ի մտի ունենալ, որ փոքր ժողովուրդները, հետեւաբար նաեւ մեր «փոքրիկ ածուն», առաջիններն են որպէս անհետացման թիրախ:
Ինչ որ կ’ըսուի չի վերաբերիր այս կամ այն բնոյթով ընտրանիի, այլ ազգի ընդհանրութեան, կրկնենք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Այլապէս կը ծանծաղինք նպարավաճառի եւ վաչկատունի վիճակներու մէջ: