

եւ Զէնոպ Թոմաքեանի
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նախքան շնորհաւորական խօսքերը շռայլելը, տեղին կը գտնենք արձանագրել Հոկտեմբեր 18, 2013ին ներկայացուած Սամուէլ Կոսեանի “Կեանքը վանդակի կողքով“ բեմադրութեան մասին մեր գնահատական խօսքերը եւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնել հայ բեմի երախտաւորին` Հրանդ Մարգարեանին:
Եթէ այսօր ցրտացած Նիւ Եորքի Հատսըն գետի զոյգ ափերուն վրայ քիչիկ մը հայ թատերական ճաշակ տակաւ կը խայտայ, անկասկած, այդ հաստատումը կ’երթայ շնորհիւ 42 երկա՜ր տարիներէ ի վեր անդադրում ու առանց դոյզն յուսահատութեան Հրանդին գլխաւորած Համազգայինի թատերախումբին: Գերազանցապէս հայկական` ե՛ւ ոգիով, ե՛ւ ընտրուած ազգային թատերախաղերով ու հայերէն լեզուին մաքուր տիրապետումովը, Մարգարեան` թատրոնը որպէս դպրոց ծառայեցուց եւ իր նպատակին հասցուց:
Դիւրին չէ այս մեծ ոստանի պայմաններուն ներած չափով պահել հայկական թատերախումբ մը, որուն ներկայութիւնը ըլլար տիրական ու շունչը` անսպառ ու երկար: Արձանագրել մրցանիշ մը Ամերիկայի տարածքին իր անդրանիկ 23 բեմադրութիւններով: Ըլլալ առաջին հայկական թատերախումբը բարձրանալու Օֆֆ-Պրոտուէյ եւ ըլլալ Համազգայինի մեծ ընտանիքին միակ թատերախումբը, մասնակցելու 1991ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Սփիւռքահայ Թատրոնի Փառատօնին:
Անշուշտ այս բոլորը կը պահանջեն անսահման նուիրում ու համբերութիւն, տեսիլք ու հաւատք հանդէպ գործին, որ անկասկած ժառանգուած է այդ մեր երեքհազարամեայ հայկական թատրոնի աւանդոյթներէն: Այլապէս մշակոյթով հարուստ մեր այս համայնքէն ներս, Հրանդ արժանաւոր ժառանգորդն է, անկասկած, այդ “սրբութեան“, որ կը կոչուի Հայ Բեմ:
***
Ու հիմա կը վերադառնանք թատերախաղին: Խորհրդային կարգերու փլուզումով Հայաստանի մէջ յառաջ կու գար անսովոր երեւոյթ մը: Չէ՞ որ սպասուած անկախութիւնն էր որ կը շնորհուէր հայութեան: Հին վարչակարգին վարժ սովետահայութիւնը, մեծաւ մասամբ, դէմ հանդիման կը գտնուէր տարօրինակ երեւոյթի մը. ապա ի՞նչ էին անկախութիւն, ազատութիւն, ռամկավարութիւն, ազատ երթեւեկ, ազատ խօսք, հանրահաւաք, ցոյց ու պոռթկում: Ասոնք դժուար որ բառարաններու մէջ արձանագրուած ըլլային: Որովհետեւ` “Կեանքը վանդակ“ մըն էր եւ անոր բնակիչները, թռչուններու նման, տասնամեակներ ապրելով, այլեւս մոռցած էին թռչիլ, երթալ նոր հորիզոններ, բարձրանալ վեր ու աւելի վեր:
Այդ վանդակին մնայուն բնակիչներէն էին Չիկը (Թորոս Թէրվիզեան) ու Պոչէկը (Յարութիւն Պարսումեան): Ու երբ ազատութեան լուրը հնչեց, բացուեցան վանդակին դռները եւ Տէրը (Գառնիկ Ներսէսեան) զիրենք ազատ արձակեց: Տէրը հին ռեժիմ–ին` համայնավարութեան մարդը կուշտ էր եւ զանոնք կը կերակրէր այնքան մը որ չմահանային:
Այո դռները բաց էին այլեւս աշխարհի առաջ: Դրամատիրական այդ մե՜ծ աշխարհին առաջ: Բայց այս վանդակի բնակիչները ի՞նչ գիտէին այդ հեռաւո՜ր աշխարհի մասին, դրամի տնտեսութեան մասին: Ոչի՛նչ: Չիկ կ’ուզէր փորձ մը կատարել եւ կը գտնէր Փետրուհին` Ազատ Թռչունին (Մարիա Պարսումեան) թռչելու իր հետ ու տեսնելու ազատ աշխարհը, այդ քաղաքակրթուած անտառը, ու դառնալու անոր մէկ բնակիչը: Բայց Պոչէկ մնաց իր վանդակին` իր Հայաստանին մէջ, ինքզինք աւելի ապահով զգալով իր այդ աշխարհին մէջ, գուցէ փոքր, բայց այդ էր իր գիտցած աշխարհը:
Մինչ այդ, երկրին նոր տէրերը (լուռ` վստահաբար կ’ակնարկուի Տէր Պետրոսեաններուն) փոխուած էին այլեւս եւ Տէրը դարձած էր սովորական մահկանացու մը, ինք ալ դարձած էր բանուոր, փերեզակ ու վերջապէս մուրացկան, մինչեւ այն օրը որ դարձեալ տէրերը (վստահաբար, այս անգամ Քոչարեաններուն է ակնարկը) կը փոխուէին եւ այս անգամ ինք եւս կը մտնէր նոր օլիկարգ-ներու դասին եւ այլեւս ան կը պտտէր “հաստ վիզերով“ թիկնապահով (Յակոբ Ներսէսեան): Ու դարձեալ կ’այցելէր իր անցեալի տիրութեան տակ եղող վանդակը ու նորէն փշուրներով կը կերակրէր Պոչէկը:
Չիկ չդիմանալով Արեւմուտքի Ճանկըլի ազատութեա՜ն կը վերադառնայ իր հին վանդակը, իր տունը, իր ծննդավայրը, իր հայրենիքը … եւ հոն ալ կ’աւանդէ հոգին:
Գլխագիր պռաւօ մը Թորոս Թէրվիզեանին, որ առաջին անգամ ըլլալով նման պատասխանատու դեր մը կը վերցնէ: Նաեւ` Մարիա Պարսումեանին, որ թէեւ ունի բեմական վարժութիւնը որպէս երգչուհի բեմ բարձրանալու, սակայն, իր այս անդարնիկ խաղարկութեամբ կ’երաշխաւորէ թատերասէրներուս, թէ Մարիան, այսուհետեւ, յաճախ վայելելու առիթներ պիտի տայ: Շատ ենք գրած Գառնիկին (որ հիմնադիր անդամ է Թէքէեանի թատերախումբին) ու Յարութիւնին մասին. անոնք մաս կը կազմեն Թ.Մ.Մ. “Մհեր Մկրտչեան“ թատերախումբին:
***
Սամուէլ Կոսեան լաւագոյնս, այս թատերախաղով կրցած է տալ իրական պատկերը մեր ժողովուրդի կեանքին, յետ վարչակարգին Փլուզումով:
Ա՞յս էր սպասուած անկախութիւնը, արդեօ՞ք: Այս անգամ ես հարց պիտի տամ բեմադրիչին ու սիրելի բարեկամիս` Հրանդին, որուն գաղափարական դպրոցը եօթը տասնամեակներ անդադրում կերպով, շեփորած էր աշխարհի ամէն անկիւնէն, ազատուելու այս բիրտ կարգերէն ու վերադարձնելու ազատ անկախ Հայաստան մը հայութեան բարօրութեան համար: Արդեօք Հրանդ Մարգարեան բեմ պիտի հանէ՞ր Համազգային Թատերախումբը 60-70ական թուականներուն այս թատերախաղը … գուցէ, այդ օրերուն, ան նկատուէր Խորհրդային կարգերու “բրոբականտին“ ծառայող մը:
Անկախացումէն ետք, քա՜նի քա՜նի Չիկեր թողուցին Հայաստանը ու թռան հեռաւոր Գալիֆորնիաները, Սպանիաներ, Ֆրանսաներ … մինչեւ իսկ Սիպերիոյ ամենախուլ ցուրտ անկիւնները, երբ Խորհրդային օրերուն հոն ղրկուողները կ’ըլլային տիսիտընթներ: Անոնք այսօր կը մեկնին Սիպիր կամովին, պատառ մը հաց ապահովելու հայրենիք մնացած իրենց հարազատներուն:
Բայց, ո’չ, միայն պէ՛տք ենք շնորհակալութիւն յայտնել Հրանդին, որ կ’ունենայ մտաւորական պարկեշտութիւնը եւ համարձակութիւնը տեսնելու այսօրուան Հայաստանը եւ զայն բաղդատելու երէկի այդ հրաշափառ Հայաստանին հետ, ուր հայ մշակոյթը կը ծաղկէր, հայերէն լեզուն կը մնար գերիվեր, հայ գիտութիւնը կը տարածուէր աշխարհի ակադեմիաներուն մէջ եւ մէկ միլիոն հայեր ծնրաչոք Ծիծեռնակաբերդի կամարներուն տակ, որպէս իրաւատէրը անժամանցելի Հայ Դատին կ’երդնուր քալել մեր Մեծ Երազի ճանապարհով, որպէս ուղեւորներ հասնելու Շուշի:
Հրանդ Մարգարեան, հեռու է, սովորական ծիծաղ արթնցնող, ժամանակը խնդուքով լեցնող թատերախաղերու ներկայացումներ բեմադրելով: Թատերասէրներ պէտք են սրահէն դուրս գան եւ ունենան խոր մտածում ներկայացման մէջ եղած դէպքերուն նկատմամբ: Եւ ինչու չէ նաեւ‘ քաղաքական մտածողութեան զարգացումներ մեր բեմերէն պէ՛տք է արտայայտուին: Հրանդ այդ է որ կը փորձէ ընել ամէն անգամ:
***
Ու այս ամենէն ետք, Համազգայինի Վարչութիւնը, ատենապետութեամբ` Աւետիս Հաճեանի, ներկայացումէն ետք, նշեց թատերախումբին 45ամեակը եւ Աստղիկ Սեւակ բեմադրիչին ու դերասաններուն յանձնեց նուէրներ: Ռուբէն Պարսումեան ներկայացուց բեմադրիչ, թատերագիր, դերասան, մշակութային ու քաղաքական գործիչ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան:
Ու արդէն ժամանակը եկած է որ, այս առթիւ, Համազգայինի թատերախումբը մկրտուի Նիւ Եորքի Համազգայինի “Հրանդ Մարգարեան“ թատերախումբ անունով: Այ’ս է վայելը եւ արժանի յարգանքը վաստակաւոր մշակոյթի գործիչին ընծայելու: Եւ որուն համար առաջին ծափահարողները մենք` Թ.Մ.Մ.-ի Մկրտչեանականներս պիտի ըլլանք, անկասկած:
Նիւ Եորք