Կարօտի Նամակ (Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին)

Կ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Տարիները արագ կը թաւալին, սիրելի՛ Սարհատ:
Կարօտի զգացումը կը սեղմէ հոգին իւրաքանչիւրի, որ քեզ մօտէն ճանչցած է: Անժամանակ մահդ, կարծես, երազ մը ըլլար: Անմեղ եւ սիրուն ժպիտդ, կենսուրախ հոգիդ, շէնացնող ու ընկերական մթնոլորտ ստեղծող ներկայութիւնդ թէեւ յիշատակ դարձած են, այդուհանդերձ, մեր մտքին մէջ կը տողանցեն եւ կ՛ուրուագծեն պայծառ դէմքդ, որ դրոշմուած է բոլորիս սրտին մէջ:
Մահէդ չորս տարի անցած է, եւ դուն միշտ ներկայ ես մեր յիշողութեան եւ աղօթքին մէջ: Ճիշդ է, դաժան կատակ մըն էր մահուանդ լուրը բոլորիս համար, իսկ աւելի ցաւցնող իրականութիւնը եղաւ այն, որ մենք չկրցանք վերջին հրաժեշտը տալ ու համբուրել վճիտ ճակատդ, չկրցանք ներկայ գտնուիլ թաղումիդ, աղօթք մրմնջել ու «Վէրքերով լի»-ն երգելով` քեզ հողին յանձնել:
Սիրելի՛ Սարհատ,
Եզակի խանդավառութեամբ լեցուած երիտասարդ մըն էիր: Հայաստանն ու Արցախը քու ամէնօրեայ մտածումիդ եւ զգացումիդ կիզակէտն էին:
Ի զուր չէ, որ «Վահագն» ռազմահայրենասիրական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը յատուկ գնահատագիր տուաւ քեզի` հայոց բանակին կայունացման համար ջանք չխնայելուդ, հասարակական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելուդ եւ ռազմահայրենասիրական ծրագիրներու աջակցելուդ համար:
Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ պատրաստակամութիւնդ եւ տրամադրութիւնդ` հեռաւոր Ամերիկայի մէջ կազմակերպելու հանգանակութիւն եւ օժանդակելու Արցախին:
Արցախ այցելութիւններդ այնքան ուրախութեամբ կը լեցնէին քեզ, որ հպարտ հայու հոգիդ կը սաւառէր` հայոց բանակի յաղթանակներուն ի լուր:
Կը յիշեմ, թէ որքա՜ն ցաւեցար ու տառապեցար Արցախի (2020թ.) մարտերուն ընթացքին զոհուածներուն ի տես, որքա՜ն նեղուեցար կորուստով Շուշիի, որ քեզի համար անպարտելի բերդաքաղաք մըն էր:
Կարելի չէ բառերով նկարագրել ազնուասիրտ հոգիդ, ընկերասիրութիւնդ, նուիրումդ, գուրգուրանքդ եւ սիրոյ զգացումդ` հանդէպ ծնողքիդ, հարազատներուդ, շրջապատիդ եւ ընկերներուդ:
Երիտասարդ տարիքիդ հրաժեշտ տուիր այս աշխարհին, մեզի թողնելով բարի ժպիտդ եւ զուլալ յիշատակներդ: Դուն միշտ ներկայ ես մեր մտքին ու սրտերուն մէջ:
Թող Աստուած մխիթարէ ծնողքդ, հարազատներդ եւ բոլոր քեզ սիրողները:
Ցտեսութիւն: Կարմիր վարդեր շիրիմիդ: Յիշատակդ անթառամ:
Քեզ մի՛շտ սիրող եւ յիշող «ամմօն»` հօրեղբայրդ:

