ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ ԿԱՄ ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ

0 0
Read Time:2 Minute, 39 Second

p15 Զատկին յաջորդող երկու Կիրակիներն ալ նոյնպէս զատկական տօնական հանդիսութիւններու շարունակութիւնն էին: Առաջին Կիրակին ըստ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ, կը կոչուի Աշխարհամատրան Կիրակի, ի յիշատակ Երուսաղէմի առաջին եկեղեցւոյ հիմնադրման: Աշխարհամատրան Կիրակին կը կոչուի նաեւ Կանաչ Կիրակի, կապուած բնութեան գարնանային զարթօնքին:
Երեւանի շրջանի Առնջ գիւղի Գետարգել կոչուող վանքին մէջ, Կանաչ Կիրակիին ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն մը կը հաւաքուէր եւ մատաղներ կ՛ընէին, լարախաղացներ, նուագածուներ կուգային եւ տօնավաճառներ կը կազմակերպուէին եւ մինչեւ ուշ գիշեր կը պարէին ու կը զուարճանային: Անցեալին Կանաչ Կիրակին ամենաուրախ եւ սիրուած տօներէն էր:
Այս տօնը մասնաւորապէս կը նշուի ուխտավայրերու մէջ, բացօդեայ: Ուխտաւորները եթէ հեռու կ՛ապրէին, շաբաթ օրը ճամբայ կ՛ելլէին, որպէսզի Կիրակի օրը լիարժէք տօնական տրամադրութեամբ անցնէին: Այդ օրը ուխտավայրեր կուգային շրջիկ թափառախումբեր եւ մանրավաճառներ: Չորս կողմէ մորթուող գառնուկներու մայունի կողքին, տապկուած ձուկերու հոտը, ինչպէս նաեւ զուռնայի ձայնն ու պարողներու խումբերը տօնական մթնոլորտ կը ստեղծէին: Հաւկիթները նշանակէտ ունենալով հրաձգութեան մրցումներ կ՛ըլլար, իսկ դաշտերուն մէջ ալ` ձիարշաւներ:
Կիները ճաշի սեղան կը դնէին եւ անկէ բաժին կը ղրկէին երիտասարդներու, որոնք ձուկ բռնելու գացած էին: Տղաք ալ թարմ ձուկէն բաժին կը հանէին կիներուն:
Ճաշէն ետք կը սկսէր երգն ու պարը:
Այս տօնը Նախիջեւանի մէջ կը կոչուի նաեւ “Խտռելիզի տօն“, որը նման է Արեւելեան Եւրոպայի ժողովուրդներու կողմէ նշուած Ս. Գէորգի տօնին:
1999ին, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, այդ օրը հռչակած է Նորավանքի ուխտի օրը: Այդ տարին Կանաչ Կիրակին մեծ շուքով նշուեցաւ Նորավանքի մէջ: Նորավանքի վանահայրութեան եւ Հ.Հ. Մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան համատեղ ջանքերով այդ օրը նշուեցաւ նաեւ վանահամալիրի հիմնադրման 900ամեակը: Նորավանքի մէջ Ապրիլ 10ին հաւաքուած էին շուրջ 5000 ուխտաւորներ, Հայաստանի տարբեր մարզերէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ Սփիւռքէն:

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

Կարմիր Կիրակին կը յաջորդէր Կանաչ Կիրակիին եւ իր բնոյթով անոր կրկնութիւնն էր: Որեւէ պատճառաւ եթէ Կանաչ Կիրակիին ուխտավայր չգացած անձերը, Կարմիր Կիրակիին կ՛երթային: Այս օրը աւելի քիչ բազմութիւն կ՛ըլլար, սակայն երիտասարդներու խաղերն ու պարերը կը շարունակուէին: Ուխտ ըրած անձեր կը շարունակէին զոհաբերութիւնները, բայց գառին արդէն կը փոխարինէր աքլորը կամ քանի մը հաւկիթներ:
Այսօր Կոտայքի շրջանի ՊօղոսՊետրոս ուխտավայրը տակաւին ԿանաչԿարմիր կիրակիները նոյն ձեւով կը շարունակէ նշել:
Առհասարակ ուխտագնացութիւնները մեր ժողովուրդի ամենասիրած երեւոյթներէն են: Ուխտագնացութեան կը սպասեն ամիսներով եւ մեծ բծախնդրութեամբ կը պատրաստուին` իրենց հագուստներն ու զարդերը: Ուխտագնացութենէն մէկ օր առաջ, խմորեղէններ կը թխեն, կ՛եփեն ու կը տապկեն: Հեռու ապրողները օրեր առաջ ճամբայ կ՛ելլէին սայլերով, կառքերով, գրաստներով կամ ոտքով: Ուխտի երթալու ճամբան ալ տօնական բնոյթ ունէր, նուագով, խնջոյքներով եւ սիրահետումներով (courtship):
Ուխտավայրեր կ՛երթային յատուկ նպատակով` որեւէ փափաք հասնելու, որեւէ տառապանքէ կամ հիւանդութենէ ազատելու, կամ պարզապէս տօնին մասնակցելու: Հագուստէն կտոր մը, կամ մազեր կը կապէին ծառերու ճիւղերուն, որպէսզի իրենց ցաւերն ու դժուարութիւնները հոն ձգէին: Հիւանդները իրենց վիզէն կը հանէին երկաթէ մանեակները, որը տուեալ խաչին, սուրբին համար բոլոր տարի մը վիզերնին դրած էին:
Ոմանք ալ մարդակերպ, ոտքի, ձեռքի նմանութեամբ երկաթէ շինուածքներ կամ տիկնիկներ կը դնէին խաչարձանին առջեւ, յուսալով հոն ձգել իրենց հիւանդութիւնը: Ամուլ կիներ, ծառերու ճիւղերէն օրօրոց կը կախէին եւ մէջը տիկնիկ մը կը դնէին, յուսալով այդ կերպով երախայ ունենալ:
Ուխտավայրերու մէջ տեղի կ՛ունենար աղջիկտես, երբեմն նոյնիսկ նշանախօսութիւններ, հին վէճերու լուծում, կամ լաւ ծանօթութեան ու բարեկամութեան սկիզբ:
Կ՛ըլլային պարերգներ ու խաղեր, որոնցմէ յատկանշական էր հաւկթախաղը, “Չիլիկ Դաստա“ն եւ “Վեգախաղի երգեր“:
Պահենք մեր կարողութեան չափով մեր աւանդութիւնները եւ փոխանցենք զանոնք մեր զաւակներուն: Երջանկութիւն եւ առողջութիւն բոլոր մեր ժողովուրդին:

ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆՊԱԼԱՆԵԱՆ
(Հիմնուած Հրանուշ ԽառատեաԱռաքելեանի “Հայ Ժողովրդական Տօնեը“ գիրքին վրայ)

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles